ԵՀՕ 34-րդ հաւաքի երիտասարդական հսկումը ԵՀՕ 34-րդ հաւաքի երիտասարդական հսկումը 

ԵՀՕ 34-րդ հաւաքի երիտասարդական հսկումը. «Մարիամի նման այո ըսենք Տիրոջ»

«Յիսուսին մեզի պարգեւած կեանքը սիրոյ պատմութիւն է»
ԵՀՕ հսկում

 

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ 26 Յունուար 2019-ին, Փանամայի տեղական ժամով 18.30-ին, (Հռոմի ժամով 00.30) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Խուան Փապլօ Բ մարզադաշտին մէջ գլխաւորեց ԵՀՕ հաւաքին աղօթքի հսկումի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 600 հազարէ աւելի երիտասարդներ։ Հսկումի ընթացքին  ներկայացուեցան  երեք վկայութիւններ՝ որոնք եղան ընտանիքի մը,  թմրամոլութեան նախկին թիրախ երիտասարդի մը եւ երիտասարդ Պաղեստինցիի մը վկայութիւնը, ապա խօսք առաւ Քահանայապետը  շեշտը դնելով Տիրամօր արտասանած «այո»ին վրայ, որ է նաեւ ԵՀՕ բնաբանը, հրաւիրելով երիտասարդները հետեւելու Մարիամին ու անոր նման չի վարանելու ու մասնակցելու Տիրոջ մեզի նուիրած սիրոյ պատմութեան։ 

Ունկնդրէ լուրը

Մարիամի նման Այո՛ ըսել սիրոյ պատմութեան

Սիրելի երիտասարդներ բարի երեկոյ, ըսաւ Քահանայապետը սկիզբ տալով իր ճառին։

«Յիսուսին մեզի շնորհած կեանքը, սիրոյ պատմութիւն է  որ կ՛ուզէ շաղուիլ մեր կեանքի պատմութեան հետ ու իւրաքանչիւրին մէջ արմատներ հաստատել։ Փրկութիւնը որ Տէրը մեզի կը պարգեւէ հրաւէր է մասնակցելու այդ սիրոյ պատմութեան։ Տէրն է արդարեւ որ մեր կեանքին առաջին այոն արտասանողը եւ կը փափաքի որ մենք եւս իր հետ միասին այո ըսենք» յարեց Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ մատնանշելով Մարիամի «Այոյին» ու դիտել տալով որ «Նազարէթի երիտասարդուհին, այդ ժամանակուայ ընկերային ցանցերու մէջ չէր յայտնուած, «ազդեցիկ-influencer» անձնաւորութիւն մը չէր, սակայն առանց ուզելու ան դարձաւ այն կինը որ ամենամեծ ազդեցութիւնը թողուց պատմութեան մէջ»։

Մարիամը Աստուծոյ «ազդեցիկ» կին։

«Այդ երիտասարդուհիին «այոյի» ուժը տպաւորիչ է» յարեց  Սրբազան Պապը նշելով թէ այդ եղաւ արկածախնդիր «այո» մը, այոն անոր որ կ՛ուզէ  ներգրաւուիլ ու վտանգի ենթարկուիլ, անոր որ կ՛ուզէ ամէն ինչ գրաւի տակ դնել, առանց որեւէ այլ երաշխիքի բացի այն վստահ գիտակցութենէն ըլլալու խոստումի մը կրողը»։  «Ծառայելու իղձը աւելի զօրեղ եղաւ դժուարութիւններէն ու տարակոյսներէն« նշեց Սրբազան Պապը եւ աւելցուց. «այս գիշեր կը նկատենք թէ Մարիամի «Այոն» կ՛արձագանգէ սերունդէ սերունդ ու բազմաթիւ երիտասարդներ անոր օրինակին հետեւելով, խոստումէ մը առաջնորդուած, յանձն կ՛առնեն արկածախնդրութիւնը»։

Այո ըսելու քաջութիւնը

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ներկայացուած վկայութիւններուն, շնորհակալութիւն յայտնելով Էրիք Եւ Ռոկելիօ ամոլին որոնք հակառակ ամէն բանի եւ իմանալով հանդերձ թէ իրենց ծնանելիք զաւակը հաշմանդամ էր,  քաջութիւնը ունեցան «այո» ըսելու, ընկալելու այդ զաւակը ու զայն սիրելու բոլոր սրտով։

Դուք, ըսաւ Քահանայապետը, Մարիամին նման պատասխանեցիք «թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» եւ որոշեցիք սիրել։ Դուք հաւատացիք որ աշխարհը չէ եղած միայն զօրեղներուն համար։ Այո՛ ըսել Տիրոջ կը նշանակէ ողջագուրել կեանքը, այնպէս ինչպէս որ կը ներկայանայ, իր դիւրաբեկութեամբ ու փոքրութեամբ» յարեց ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «Կեանքը ողջագուրելը կը բացայայտուի նաեւ այն ժամանակ երբ կ՛ընկալենք ամէն ինչ որ կատարեալ չէ,  բիւրեղ ու մաքուր չէ, բայց եւ այնպէս սիրոյ արժանի է» ըսաւ Ան մատնանշելով Յիսուսին որ՝ ողջագուրեց կոյրը, բորոտը, անդամալոյծը, փարիսեցին ու մեղաւորը։ Ողջագուրեց Խաչին վրայ աւազակը ու ողջագուրեց ու ներեց նաեւ անոնց որոնք զինք խաչեցին» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հարց տուաւ. «Ւնչու՞». «Որովհետեւ միայն այն ինչ որ սիրուած է կարող է փրկուիլ» պատասխանեց  Քահանայապետը, «միայն այն ինչ որ կ՛ողջագուրի կը փոխակերպուի, որովհետեւ Տիրոջ սէրը աւելի մեծ է մեր հակասութիւններէն, մեր դիւրաբեկութիւններէն ու թշուառութիւններէն, թէեւ ան մեր այս պակասութիւններու ընդմէջէն է որ կ՛ուզէ գրել այդ իր սիրոյ պատմութիւնը»հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց երկրորդ վկայութեան՝ Ալֆրետօ անունով երիտասարդին, որ անգործութեան մատնուելով, առանց ուսմունքի, առանց հասարակութեան ու առանց ընտանիքի, թիրախ դարձած էր թմրամոլութեան։

Զօրեղ արմատներ ունենալ ու ապագան երազել

«Անկարելի է որ մէկը աճի եթէ զօրեղ արմատներ չունենայ, որոնք զինք կ՛օգնեն ոտքի մնալու»  ըսաւ Ֆրանչիսկս Պապ այս ծիրէն ներս կարեւորելով երիտասարդներուն արմատներ փոխանցելու հրամայականը,  որպէսզի անոնք կարողանան երազել ապագան։

«Ապագան երազել կը նշանակէ ոչ միայն պատասխան տալ հարցումին թէ ինչո՞ւ կ՛ապրիմ այլեւ որու՞ն համար կ՛ապրին որու՞ համար կ՛արժէ վատնել կեանքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կարեւորելով  »հասարակութեան մը մաս կազմելու հարկաւորութիւնը» ապա այս ուղղութեամբ խօսեցաւ Սուրբ Տոն Պոսքոյի մասին որ կարողացաւ իր շուրջ հաւաքել աղքատ ու իրենց բախտին լքուած բազմաթիւ պատանիներ անոնց պարգեւելով երազելու հնարաւորութիւն՝ հասարակութիւն մը, ընտանիք մը, աշխատանք ու սէր։ «Անոնց տուաւ արմատներ» հաստատեց Քահանայապետը գնահատելով նաեւ Լատին Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունեցող նման հաստատութիւններ, որոնք կը ջանան ընկալել կեանքը իր ամբողջութեամբ։

«Ծառի մը համար յոյս կայ երբ խնամուի» յարեց ապա Սրբազան Պապը նկատել տալով թէ միշտ կարելի է նորոգուիլ ու պտղաբերել երբ գոյուիւն ունի հասարակութիւն մը եւ տունի մը ջերմութիւնը ուր կարելի է առմտաներ հաստատել։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կոչ ուղղեց  «այո» ըսելու Տիրոջ այդ սիրոյ պատմութեան ու դառնալ կառուցումի գործիքներ, ողջագուրումի ու նոր յարաբերութիւններու գործիք՝ թաղամասերու, եկեղեցական հասարակութիւններու ու քաղաքներու ճամբաներուն վրայ։

Ազդեցիկ» դառնալ կը նշանակէ ըլլալ արմատներու պահապան։

«21-րդ դարուն «Ազդեցիկ» դառնալ կը նշանակէ ըլլալ արմատներու պահապան, պահապան ամէն այն բաներու որ այնպէս կ՛ընեն որ մեր կեանքը «կազային» չդառնայ եւ  ունայնութեան մէջ չանհետանայ» յարեց Սրբազան Պապը  ակնարկելով վերջին վկայութեան Նիրմէն անունով երիտասարդին Քրաքովիայի մէջ ապրած փորձառութեան, որուն հիման ան ինքզինք զգացած է մաս հասարակութեան մը։ 

Միայն սէրն է որ մեզ աւելի մարդկային կը դարձնէ։

«Բարեկամներ ձեզի հարց կու տամ՝ պատրաստակամ էք այո ըսելու։ Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ որ աշխարհը աւելի լաւ պիտի չըլլայ որովհետեւ նուազ հիւանդ, տկար, դիւրաբեկ կամ տարեց մարդիկ գոյութիւն պիտի ունենան եւ ոչ ալ որովհետեւ աւելի նուազ մեղաւորներ պիտի ըլլան, ան աւելի լաւ պիտի ըլլայ որովհետեւ կան մեր այս վերոնշեալ բարեկամներու նման անձեր, որոնք պատրաստ են ու քաջութիւնն ունին աշխարհին պարգեւելու ապագայ մը ու հաւատալու Աստուծոյ փոխակերպիչ սիրոյն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «Միայն սէրն է որ մեզ աւելի մարդկային կը դարձնէ, միւս բոլոր բաները թէեւ լաւ են սակայն դատարկ են»։

Մաս կազմել Յիսուսի սիրոյ պատմութեան։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա իր ճառէն ետք տեղի ունեցող Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի արարողութեան, հրաւիրելով երիտասարդները Յիսուսին հետ այդ հանդիպման առթիւ անոր հետ խօսելու ու պատմելու իրենց կեանքի մասին։

«Մի վախնաք Անոր բանալու ձեր սիրտը որպէսզի Ան վերանորոգէ իր սիրոյ հուրը ու ձեզ մղէ ողջագուրելու կեանքը իր բոլոր դիւրաբեկութիւններով ու փոքրութիւններով, ինչպէս նաեւ իր բոլոր գեղեցկութեամբ ու մեծութեամբ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու շեշտեց. «Մի վախնաք Անոր ըսելու թէ դուք կ՛ուզէք մաս կազմել իր սիրոյ պատմութեան»։

Ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը  երիտասարդներէն խնդրեց նաեւ՝ որ Յիսուսին հետ ունեցած իրենց հանդիպումի ընթացքին աղօթեն  իրեն համար եւս,  «որպէսզի՝ ըսաւ Ան, ես ալ վախ չունենամ ողջագուրելու կեանքը ու պահպանելու արմատները ու Տիրամօր հետ միասին ըսելու «Թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 01:45