Ֆրանչիսկոս Պապ Փանամայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Փանամայի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Փանամայի մէջ երրորդ օրուան յայտագիրը:

Ուրբաթ, 25 յունուարին, ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Փանամայի անչափահաս բանտարկեալներուն, ապա երեկոյեան կը նախագահէ Ճանապարհ խաչի արարողութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ, Փանամա կատարած առաքելական այցելութեան երրորդ օրը՝ կը սկսի առաւօտեան, Փանամայի Պապական նուիրակի պալատին մատրան մէջ առանձնական պատարագով: Ապա՝ Փանամայի ժամանակացոյցով, առաւօտեան՝ 9,35-ին, Իտալական ժամով՝ յետմիջօրէին 3,35-ին, կը փոխադրուի Փանամայաի անչափահասներուն Փաքորա բանտ, հանդիպելու համար բանտարկեալներուն հետ ուր նաեւ կարգ մը բանտարկեալներուն կը մատակարարէ խոստովանանքի խորհուրդը:

Փանամայաի անչափահասներուն Փաքորա բանտ ժամանումին, Քահանայապետը կը դիմաւորուի Փանամայի արքեպիսկոպոսին եւ բանտի տնօրէնուհին կողմէ:

Ապաշխարութեան խորհուրդի արարողութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է երիտասարդ բանտարկեալի մը վկայութիւնը, ապա ֆրանչիսկոս Պապի բանտարկեալներուն սրտի խօսքը:

Փաքորա բանտին տուած այցելութենէն ետք ժամը 11,4-ին, ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաթիռով կը վերադառնայ պապական նուիրակի պալատ:

Կէսօրէն ետք Փանամային ժամանակացոյցով ժամը 5,30-ին, իտալական ժամով երեկոյեան՝ 11,30ին, Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի «Cinta Costera» Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա տարածք, նախագահելու համար ճանապարհ խաչի ջերմեռանդական արարողութեան՝ երիտասարդներու ներկայութեամբ: Սոյն արարողութեամբ, Սրբազան Հայրը կ՛աւարտէ Փանամայի առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրուան յայտագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2019, 08:06