Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Նախագահ Մաթթարելլա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Նախագահ Մաթթարելլա 

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրը Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին:

Միջազգային ճամբորդութիւններու ընթացքին սովորութիւն է, որ Քահանայապետը հեռագիրներ յղէ այն երկիրներուն նախագահներուն, որոնց օդային տարածքին վրայէն կը սաւառնի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 23 յունուար 2019-ին, Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն թռիչք առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին դէպի Փանամա փոխադրող օդանաւը: Սոյն միջազգային ճամբորդութիւններու ընթացքին սովորութիւն է, որ Քահանայապետը հեռագիրներ յղէ այն երկիրներուն նախագահներուն, որոնց օդային տարածքէն կը սաւառնի եւ ընդհանրապէս առաջին հեռագիրը կ՛ուղղէ Ւտալիոյ նախագահին։

Դէպի Փանամա կատարած առաքելական ճամբորդութեան սկիզբը Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Սերճօ Մաթթարելային յղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց-:

«Մինչ կը պատրաստուիմ Փանամա մեկնելու, երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի առթիւ՝ խրախուսուած համայն աշխարհէն ժամանած երիտասարդներու հետ հանդիպելու յոյժ բաղձանքէն՝հաւատքի եւ յոյսի նշանով, Ինծի հաճելի է սիրալիր ողջոյններս փոխանցել ձեզի պարոն նախագահ եւ Իտալիոյ համայն ժողովուրդին, մաղթելով անդորրութիւն եւ համերաշխութիւն՝ հասարակաց բարիքի յանձնառութեան ի սպաս:

Նշենք, թէ ֆրանչիսկոս Պապ, Հռոմի միջազգային օդակայան մեկնելէ առաջ, Վատիկանի Տումուս Սանթա Մարթա տան մէջ հանդիպեցաւ զանազան ազգութենէ  ութը երիտասարդ գաղթականներու հետ, որոնք հիւրընկալուած են Հռոմի «Փետրօ Առուփէ» գաղթականներուն կեդրոնին մէջ:

Յայտնենք նաեւ, որ  Սրբազան Պապին փոխադրող օդանաւը ՝մինչեւ Փանամա ժամանում, պիտի անցնի հետեւեալ երկրներու օդային տարածքներէն, անոնց նախագահներուն ուղղելով պատգամներ. Ֆրանսա, Սպանիա,Փորթուկալ, Սանթա Մարիա (Փորթուկալ) Միացեալ Նահանգներու Ովկիանոս, Փորթօ Ռիքօ, Տոմինիքեան հանրապետութիւն, Անթիլիան կղզիներ, Քոլոմպիա, ապա Փանամա:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2019, 10:21