Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ԵՀՕ յառաջիկայ հաւաքը Փորթուկալի մէջ 2022 թուականին։

Կեանքի, Ընտանիքի ու աշխարհականներու կաճարի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ֆարրել յայտարարեց թէ յառաջիկայ ԵՀՕ տեղի պիտի ունենայ Փորթուկալի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 27 Յունուար 2019-ին, Փանամայի  Սան Խուան Փապլօ Բ անուան  մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուածամօր հովանիին յանձնելէ ետք ԵՀՕ մասնակցող բոլոր երիտասարդներուն, գոհութիւն մատուցեց Տիրոջ, այս օրերուն բաժնեկցութեան կարելիութիւնը շնորհելուն համար եւ ԵՀՕ հաւաքը վերստին ապրելու համար :

Քահանայապետը հուսկ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Փանամայի հանրապետութեան նախագահին, այլ պետութիւններու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն, որոնք ներկայ գտնուեցան Սուրբ Պատարագի արարողութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Փանամայի Արքեպիսկոպոսին՝ Փանամայի թեմին մէջ երիտասարդաց համաշխարհին օրը հիւրընկալելուն համար, ու նաեւ Փանամային մերձակայ երկիրներու եպիսկոպոսներուն ու բոլոր անոնց որոնք գործակցեցան հաւաքի կազմակերպութեան համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ երիտասարդներուն ըսելով «Ձեզի սիրելի երիտասարդներ մեծ շնորհակալութիւն։ Ձեր հաւատքը եւ ձեր ուրախութիւնը՝ ցնցեց Փանաման, Ամերիկան եւ համայն աշխարհը»:  Ան ապա մաղթեց որ երիտասարդները շարունակեն ընթանալ յառաջ ու ապրիլ հաւատքը՝ զայն  բաժնեկցելով։ «Մի մոռնաք որ դուք ապագան չէք, ոչ ալ  «մինչդեռ»ը. դուք Աստուծոյ այժմ եւ այսօրն էք»  ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը։

Նորին Սրբութիւնը  հրաւիրեց երիտասարդները երթալու իրենց ժողովրդապետութիւններուն, հասարակութիւններուն, ընտանիքներուն, բարեկամներուն մօտ, փոխանցելու համար այստեղ ապրած փորձառութիւնը, որպէսզի այս վերջինները կարենան ցնցուիլ իրենց կրած ուժով եւ ուրախութեամբ:

«Աստուածամօր հետ շարունակեցէք այո ըսել ՝ ձեր մէջ մշակած Աստուծոյ երազին» յարեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը:

ԵՀՕ յառաջիկայ հաւաքը Փորթուկալի մէջ

Քահանայապետի արտասանած խօսքէն ետք Կեանքի, Ընտանիքի ու աշխարհականներու կաճարի կառավարիչը՝ Կարդինալ Ֆարրել յայտարարեց թէ յառաջիկայ ԵՀՕ տեղի պիտի ունենայ Փորթուկալի մէջ։ 

 

 

 


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 15:47