Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը 

Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ առաջին հանդիպումը. ԵՀՕ բացում։

«ԵՀՕ համայն եկեղեցւոյ ու աշխարհին ուրախութեան եւ յոյսի հաւաք է եւ հաւատքի մեծ վկայութին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 24 Յունուար 2019-ին, Փանամայի ժամով յետ միջօրէի 5.30-ին, (Հռոմի ժամով 23.30) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Փանամայի այցելութեան երկրորդ օրուան յայտագիրը աւարտեց «Cinta Costera» ծովափի տարածքին վրայ, երիտասարդներուն հետ ունենալով ճամբորդութեան առաջին պաշտօնական հանդիպումը, ԵՀՕ հաւաքի բացման արարողութեան առթիւ։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ ԵՀՕ քայլերգի կատարողութեամբ, ապա Փանամայի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա Մենտիեթայի Քահանայապետին ուղղած բարի գալուստի խօսքով որուն յաջորդեցին այլ 5 երիտասարդներու Քահանայապետին ուղղուած բարի գալուստի խօսքերը ու երիտասարդներուն Քահանայապետին համար պատրաստած նուէրին յանձնումը։

ԵՀՕ բացման արարողութիւնը շարունակուեցաւ գեղարուեստական մշակութային յայտագրով ու ԵՀՕ պաշտպան սուրբերու ներկայացումով, որմէ ետք կատարուեցաւ Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած Կանայի Հարսանիքի հրաշքը պատմող աւետարանական հատուածի ընթերցումը, որուն յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը։

Ունկնդրէ լուրը

ԵՀՕ համայն Եկեղեցւոյ համար ուրախութեան եւ յոյսի տօնախմբութիւն 

«Սիրելի երիտասարդներ, բարի երեկոյ, գեղեցիկ է  վերստին հանդիպիլը ու այդ մէկը կատարել այս հողին վրայ որ մեզ կը հիւրընկալէ մեծ ջերմութեամբ ու բազմաթիւ գոյներով։ Փանամա համախմբուած, ԵՀՕ անգամ մը եւս համայն Եկեղեցւոյ համար ուրախութեան եւ յոյսի տօնախմբութիւն է ու հաւատքի մեծ վկայութիւն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով իր պատգամին ու անոնց վստահեցնելով որ Եկեղեցին ու Սուրբ Պետրոսը իրենց կողքին են ու կը խրախուսեն զանոնք քալելու դէպի յառաջ, առանց վախի այն նորոգիչ ուժով եւ յարատեւ իղձով որ կը մղէ միշտ աւելով ուրախ ու տրամադիր ըլլալու եւ ըլլալու նաեւ Աւետարանի վկաները։

Վերակենդանացնել եկեղեցւոյ շարունակական երիտասարդութիւնը

«Յառաջ ընթանալ ոչ թէ ստեղծելու նոր Եկեղեցի մը՝ աւելի զուարճացնող ու նորաձեւ, ընդհակառակը, մենք ձեր հետ միասին կ՛ուզենք վերակենդանացնել եկեղեցւոյ շարունակական երիտասարդութիւնը, բացուելով նոր Պենտեկոստէի մը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը այս մէկը կարելի նկատելով «միայն եթէ կարողանանք քալել իրար զիրար ունկնդրելով ու իրարու անսալով, ու գիտնանք վկայել Տէրը, զայն հռչակելով մեր եղբայրներու ծառայութեամբ» յարեց Ան «ընթացքի մէջ գտնուիլը» նկատելով առաքեալի մը ամենամեծ հարստութիւնն ու ուրախութիւնը։

Միացած Տարբերութիւններու մէջ

«Մենք կու գանք տարբեր մշակոյթներէ ու ազգերէ, կը խօսինք տարբեր լեզուներ, տարբեր հագուստներ կը գործածենք։ Մեր ժողովուրդներէն իւրաքանչիւրը ապրեցաւ տարբեր պատմութիւն եւ իրադարձութիւններ։ Շատ են մեր միջեւ տարբերութիւնները սակայն ոչ մի բան արգելք հանդիսացաւ մեր հանդիպումին ու միասին ըլլալու ուրախութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ այս մէկը վերագրելով այն գիտակցութեան թէ «մեզ միացնող բան մը կայ, կայ Մէկ մը որ մեզ եղբայրներ կը դարձնէ»։

Հանդիպման մշակոյթի իսկական արհեստագէտներ

«Ձեր այս յանձնառումով դուք դարձաք հանդիպման մշակոյթի իսկական արհեստագէտներ ու ձեր վարուելակերպով կը վարկաբեկէք բոլոր այն խօսքերը որոնք կը կեդրոնանան բաժանում ստեղծելու վրայ, բացառելու ու դուրս վտարելու անոնք որ մեզի նման չեն» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը  դիտել տալով թէ այս մէկը կարելի եղաւ նաեւ որովհետեւ երիտասարդները  հասկցան թէ «իսկական սէրը չի բացառէր լիիրաւ տարբերութիւնները, այլ զանոնք ներդաշնակ կը դարձնէ աւելի գերազանց միութեան մը մէջ» ինչպէս ըսած էր Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Սրբազան Քահանայապետը որուն համար Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներէն խնդրեց զինք ողջունեն ծափահարութեամբ, յարելով թէ Ան կը հետեւի այդ հաւաքին հեռուստատեսի միջոցաւ։

Կենսունակ պահել միասնական երազը

«Մինչ սուտին հայրը կը նախընտրէ բաժնուած ու վէճի մէջ ազգ մը։ Դուք մեզի կը սորվեցնէք որ հանդիպում չի նշանակէր թէ ամէնքը նոյնանման մտածողութիւն ունին, կ՛ունկնդրեն նոյն երաժշտութիւնը ու կամ նոյն նախընտրանքները ունին։ Հանդիպումի մշակոյթը կոչ մըն է՝ քաջութիւն ունենալու, կենսունակ պահելու համար միասնական երազ մը» ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց. «Երազ մը որ կարող է ներգրաւել բոլորը։ Երազը որուն համար Յիսուս իր կեանքը տուաւ խաչին վրայ եւ Սուրբ Հոգին Պենտեկոստէին օրը ամէն մէկ մարդու սիրտը դրոշմեց իր հուրով…Երազ մը որ կը կոչուի Յիսուս։ Երազ մը որ կը հոսի մեր երակներուն մէջ ու մեզ կը ցնցէ ամէն անգամ որ մտիկ ընենք անոր խօսքերուն. Սիրեցէք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէք։ Եթէ դուք զիրար սիրէք, ամէնքը ձեզ պիտի ճանչնան  որպէս իմ աշակերտներս» (Յովհ 13, 34-35)։

Քրիստոնէութիւնը Քրիստոսն է

Քահանայապետը հուսկ մէջբերեց Սուրբ Օսքար Ռոմերոյի խօսքը «Քրիստոնէութիւնը ճշմարտութիւններու եւ օրէնքներու հաւաքածոյ մը չէ, որուն պէտք է հաւատալ։ Ան անձ մըն է որ զիս սիրեց անհուն կերպով, ու կը փափաքի նաեւ իմ սէրս։ Քրիստոնէութիւնը Քրիստոսն է»։

«Սիրել Յիսուսին սիրով»

«Սիրեցէք անոր սիրով» ըսաւ Ֆրանչիկսոս Պապ հաստատելով թէ Քրիստոսի սէրն է որ մեզ կը մղէ յառաջ ընթանալու։ Սէր մը որ ինքզինք չի պարտադրեր, սէր որ չի մեկուսացնէր ու լրութեան չի մատներ, սէր որ չի նուաստացներ ու չի խաբեր։ Յարգող ու հեզ սէր մը, սէր մը ազատ եւ ազատութեան համար. Սէր որ կը բուժէ եւ կը վերականգնեցնէ։ Տիրոջ սէրը անկումներէ աւելի բարձրացում է, արգելքներէ աւելի հաշտութիւն է, դատապարտումի տեղ նոր հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ՝ ըլլայ ապագայի ըլլայ անցեալի համար։ Լրելեան սէր մըն է որ ձեռք կ՛երկարէ ծառայութեան մէջ եւ առանց սնապարծութեան անձնուիրութեամբ»։

Մարիամի «այո»ն 

«Դուն կը հաւատա՞ս այդ սիրոյն։ Կ՛արժէ՞ այդ սէրը ունենալ» հարց տուաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ այս նոյն հարցումը  ուղղուեցաւ նաեւ Մարիամին երբ հրեշտակը անոր աւետեց թէ պիտի ծնանէր Յիսուսը ու Մարիամ պատասխանեց. «Ահաւասիկ աղախինն եմ Տիրոջ, թող ըլլայ ինծի քու խօսքին համաձայն» (Ղուկ 1,38)։

Մարիամը գիտացաւ «այո» ըսել։ Գիտցաւ կեանք տալ Աստուծոյ երազին եւ այսօր Հրեշտակը այդ հարցումը կ՛ուղղէ քեզի եւ ինծի. «Կ՛ուզէ՞ք որ այդ երազը իրականանայ։ Կ՛ուզէ՞ք որ Հօր սէրը բանայ նոր հորիզոններ ու ձեզ առաջնորդէ աներեւակայելի եւ անմտածելի ճանապարհներու վրայ, որոնք պիտի ուրախացնեն, հրճուեցնեն ու երգեցնեն սրտիդ»։

Ահաւասիկ Տիրոջ ծառաներն ենք

Մենք եւս կարո՞ղ ենք ըսել. «Ահաւասիկ Տիրոջ ծառաներն ենք»։ Դարձեալ հարցուց Քահանայապետը ու հաստատեց «Սիրելի երիտասարդացներ, այս հաւաքը յոյսի աղբիւր չի կրնար դառնալ աւարտական պատգամի մը կամ փաստաթուղթի մը հրապարակումով։ Ան յոյս կը դառնայ շնորհիւ ձեր դիմագիծերուն ու աղօթքին։

Կենդանի պահել երազը որ մեզ եղբայրներ կը դարձնէ

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր տունը պիտի վերադառնայ նորոգուած ուժով որ կը վերակենդանանայ ամէն անգամ որ ուրիշներուն ու Տիրոջ հետ հանդիպինք, լի Սուրբ Հոգիով՝ յիշելու ու կենդանի պահելու այդ երազը որ մեզ եղբայրներ կը դարձնէ։ Որեւէ տեղ որ գտնուինք, ինչ գործ ալ կը կատարենք, կարող ենք միշտ ըսել «Տէր ինծի սիրել սորվեցուր, այնպէս ինչպէս դուն սիրեցիր», յորդորեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք խանդավառութեամբ աշխատեցան ԵՀՕ պատրաստելու համար «այո» ըսելով Աստուծոյ երազին։

Շնորհակալական խօսք

Քահանայապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ապա Փանամայի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Ուլլոային ու անոր համագործակիցներուն որոնք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Փանաման չի դարձուցին միայն ջրանցք մը որ ծովերը կը միացնէ, այլեւ ջրանցք ուր Աստուծոյ երազը կը շարունակէ գտնել այլ փոքրիկ ջրանցքներ, աճելու ու բազմապատկուելու համար ու տարածուելու աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ։

Բարեկամներ թող Յիսուսը ձեզ օրհնէ ու Անթիկուայի Սուրբ Կոյսը ձեզի ընկերանայ միշտ, որպէսզի առանց վախի մենք եւս ըսենք «Ահաւասիկ եմ» ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խօսքը հուսկ երիտասարդներուն հետ միասին աղօթեց Հայր մեր աղօթքը անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

ԵՀՕ բացման արարողութիւնը վերջ գտաւ Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքով եւ ԵՀՕ քայլերգի կատարողութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2019, 00:20