Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Փանամայի աթոռանիստ մայր տաճարին օծման սուրբ պատարագին ընթացքին:

Յաւիտենական աղբիւրի ջուրով կը յագեցուի մեր յոգնութեան ծարաւը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, Փանամայի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 9,00-ին, Իտալիոյ ժամով յետմիջօրէին, 3,00-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Փանամայի Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա պազիլիքային մէջ նախագահեց տաճարին օծման սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Յովհաննէս աւետարանիչէն քաղուած այն հատուածիմ վրայ ուր կը խօսուի Սամարացի կնոջ մասին, որմէ Յիսուս ջուր խնդրեց խմելու համար: (Յովհ 4,6-7)

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Յիսուս յոգնած էր, ան կարիքն ունէր իր ծարաւը յագեցնելու, իր ուժերը վերագտնելու՝ առաքելութիւնը շարունակել կարենալու համար:

Առաքեալները առաջին անձերը եղան, որոնք հասկցան Տիրոջ բարի տրամադրութիւնը եւ նուիրուածութիւնը բարի լուրը՝ աղքատներուն փոխանցելու համար,  վիրաւորուած սիրտերը բուժելու համար եւ մխիթարելու բոլոր անոնց , որոնք կը տառապին, ի վերջոյ շնորհքի տարին՝ բոլորին հռչակելու համար: 

Նորին Սրբութինը նկատել կու տայ, որ մեզի համար հեշտ չէ եւ ոչ ալ կարելի է խորհիլ Տիրոջ յոգնութեան մասին, կարծես թէ այդ յոգնութիւնը Աստուծոյ մաս չկազմեր:

Տէրը յոգնած է եւ այս յոգնութեան մէջ տեղ կը գտնեն մեր ժողովուրդներուն յոգնութիւնները եւ տառապող բոլոր անձերուն եւ հասարակութիւններուն յոգնութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ակնարկեց կղերականներուն, կրօնաւորներուն, քահանաներուն յոգնութեան, որոնք օրուան ընթացքին ժամեր կ՝աշխատին առաքելութեան ի խնդիր:

Ան անդրադարձաւ նաեւ այս վերջիններուն՝ յոգնութեան ծարաւը յագեցնելու կարիքին, ինչպէս նաեւ ջրհոր մը գտնելու պահանջին, ուրկէ  կարելի է վերսկսիլ:

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ժամանակակից աշխարհի, հասարակութիւններու կողմէ ապրուած տեսակ մը յոգնութեան մասին , որ է յոյսի յոգնութիւնը : Յոգնութիւն յառաջացած ընկերութեան արագընթաց եւ յարափոփոխ իրավիճակէն, որ կասկածի մէջ կը դնէ նոյնիսկ կրօնային կեանք մը ապրելու կարելիութիւնը։

Ան ապա դիտել տուաւ թէ այս տեսակ յոգնութեան ծարաւը չի յագեցուիր որեւէ աղբւիրի ջուրով , այլ  կը յագեցուի այն աղբիւրով  ուրկէ կը բխի յաւիտենական կեանքի ջուրը: Ֆրանչիսկոս Պապ օրինակ թուեց Սամարացի կինը, որ տարիներէ ի վեր կը կրէր ձախողած սէրով լեցուն կուժեր  եւ որուն ոչ մէկ խօսք կարելի էր օգտակար դառնալ՝ վերականգնելու համար ուժերը:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ, որ ըսենք, ջուր տուր ինծի խմելու համար :Եւ այս ըսելով կը բանանք դուռը մեր յոգնած յոյսին եւ առանց վախի կը վերադառնանք առաջին հիմնական սիրոյ ջրհորին :

«Ջուր տուր ինծի» այս ըսելով կը վերյիշենք Քրիստոսի մեր աչքերուն սեւեռած պահը,  այն պահը երբ Յիսուս մեզ զգալ տուաւ, որ մեզ կը սիրէ:
«Ջուր տուր ինծի որ խմեմ» կը նշանակէ մենք մեզի կարիքաւոր զգալ Սուրբ Հոգիին, որ մեզ  կը փոխակերպէ այր մարդոց եւ կիներուն, որոնք Աստուծոյ փրկարար արարքը կը յիշեն: «Վստահիլ Աստուծոյ եւ վերադառնալ արմատներուն, անկասկած մեզ պիտի օգնեն ներկան՝ պատշաճ կերպով ապրելու եւ առանց վախի,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Յոգնած յոյսը պիտի բուժուի եւ պիտի վայելէ այդ սրտի յատուկ յոգնութիւնը,  այն ժամանակ երբ պիտի չվախնանք վերադառնալէ այդ առաջին սիրոյ վայրը եւ պիտի կարենանանք արուարձաններուն մէջ ինչպէս նաեւ մեր օրերուն ներկայացուած մարտահրաւէրներուն դիմաց հանդիպիլ,  միեւնոյն մեր հայրերուն միեւնոյն երգին ու հմայքին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ եկեղեցւոյ օծումին, դիտել տալով որ տաճարի դռները կը վերաբացուին նորոգութեան աշխատանքներէ երկար տարիներ ետք: Եւ շնորհիւ շատերու աշխատանքներուն,  տաճարը դարձեալ կը վերագտնէ իր գեղեցկութիւնը:

Ան խօսքը եզրափակեց յորդորելով չկորսնցնել մեր նախահայրերէն ժառանգած հարստութիւնը, մաղթելով որ այդ հարստութիւնը ըլլայ կենդանի եւ բեղուն արմատը , որ մեզ կ՝օգնէ փրկութեան պատմութիւնը աւելի մարգարէական եւ աւելի գեղեցիկ վերածելու այս երկրին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2019, 15:59