ԵՀՕ Եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ ԵՀՕ Եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ 

ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի եզրափակիչ սուրբ Պատարագի քարոզը:

Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին 700 հազար հաւատացեալներ։
ԵՀՕ եզրափակիչ սուրբ Պատարագ

 

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փանամայի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին վերջին օրը, կիրակի 27 յունուար 2019-ին, Փանամայի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 8,00-ին, Իտալիոյ ժամով յետմիջօրէին ժամը 2,00ին, Փանամայի Սուրբ Յովհաննէս Պողօս Բ անուան մարզադաշտին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց ԵՀՕ եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան Փանամայի, Քոսթար Ռիքաի, Քոլոմպիոյ, Կուաթեմալայի, Հոնտուրասի- Փորթուկալի եւ Սալվատիր հանրապետութիւններուն նախագահները , քաղաքացիական եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու աւելի 700 հազար հաւատացեալներ։ 

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը, ուր կը պատմուի Յիսուսի  Նազարէթ քաղաքին ժողովարան այցելութեան մասին ու Եսայի մարգարէի գիրքէն կարդացած հատուածէն ետք, Անոր արտասանած խօսքին «Այսօր, այս գրուածքը զոր դուք լսեցիք՝ իրականացաւ» Ղուկ 4, 20-21, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Յիսուս հանրային առաքելութիւնը սկսաւ ժողովարարին մէջ ՝ հռչակելով եւ գործադրելով Աստուծոյ երազը:

Յիսուս սոյն խօսքով «Աստուծոյ ներկան» յայտնեց, որ դէմ յանդիման կու գայ մեզի ՝ հրաւիրելով, որ մաս կազմենք այս «Աստուծոյ ներկային»՝ աւետարանը քարոզելու աղքատներուն, հարստահարուածներուն՝ ազատութիւն եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին :
Աստուած, Յիսուսի մէջ ներկայ եկաւ, Յիսուսով դիմագիծ ու մարմին առաւ ինչպէս նաեւ ողորմածութեան սէր, որ չսպասեր կատարեալ ժամանակի մը ՝ զանոնք յայտնաբերելու համար եւ ոչ ալ կ՝ընդունի արդարացումներ, անոնց իրականացման ի սպաս. Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա նկատել տուաւ որ ժողովարանին մէջ ներկայ գնուողներէն ոչ շատեր ինքզինքին հրաւիրուած եւ կանչուած զգացին:
Նազարէթի մարդիկը, որոնք Յիսուսը կը ճանչնային եւ զինք տեսած էին, ոչ չոլորը պարաստակամ էին մէկու մը հաւատալու, որ անոնց հրաւէր կ՝ուղղէր իրականացնելու շատ սպասուած երազ մը:

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ շատ անգամ մենք եւս Նազարէթի մարդոց վերաբերմունքը ունինք. կը նախընտրենք հեռաւոր Աստուած մը, գեղեցիկ,  բարի, վեհանձն սակայն՝ հեռու եւ ոչ անհանգստացնող Աստուած մը, որովհետեւ նեցուկ գտնուող, բարեկամ եղբայր Աստուած մը, մեզմէ կը խնդրէ մօտիկութիւն ու եղբայրութիւն:

Սիրելի երիտասարդներ նոյնը կը պատահի նաեւ ձեր հետ ամէն անգամ, որ մտածէք թէ ձեր առաքելութիւնը, ձեր կոչումը, նոյնիսկ ձեր կեանքը խոստում մըն է, որ արժէ միայն ապագային համար եւ ոչ մէկ կապակցութիւն ունի ներկային հետ: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին, նկատելով զայն ունկնդրութեան եւ հանդիպումի գանձեր. ունկնդրութեան հարստութիւն ՝ սերունդներուն միջեւ, հարստութիւն այն գիտակցութեան, որ մէկը միւսին կարիքը ունին՝ ապագան կերտելու համար:

«Սիրելի երիտասարդներ, դուք լոկ ապագան չէք, դուք Աստուծոյ ներկան էք, Աստուած ձեզ կը կանչէ՝ երթալու հասարակութիւններուն, քաղաքներուն մէջ գտնուող  տարեցներուն ունկնդրելու, անոնց հետ ոտքի կանգնելու՝ իրականացնելու համար Տիրոջ երազը , ոչ թէ վաղը՝ այլ հիմա,  որովհետեւ հոն ուր կայ ձեր գանձը, հոն է ձեր սիրտը նաեւ,  ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ , Յիսուսի համար չկայ «մինչդեռ» բառը, այլ կայ ողորմածութեան սէր, որ կ՝ուզէ ներթափանցել սրտերուն մէջ զանոնք գրաւելով: Յիսուս կ՝ուզէ մեր գանձը ըլլալ, որորհետեւ Ան «մինչդեռ» չի նկատուիր մեր կեանքի մէջ, կամ ալ անցողական նորոյթ մը, այլ նուիրումի սէր, որ կը հրաւիրէ անձնուիրումի:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը յարելով, որ Տիրամայրը ոչ միայն հաւատաց Աստուծոյ եւ Անոր խոստումներուն: Տիամայրը հաւատաց Աստուծոյ եւ քաջութիւնը ունեցաւ «Այո» ըսելու ՝ մասնակցելու համար այս Տիրոջ ներկային : Տիրամայրը զգաց, որ առաքելութիւն մը ունի, Ան սիրահարուեցաւ եւ ամէն ինչ կատարեց:

Կ՝ուզէ՞ք Յիսուսի սիրոյ շօշափելիութիւնը ապրիլ, հարց տուաւ ապա Սրբազան Պապը ու աւելցուց «ձեր այոն» թող շարունակէ մուտքի դուռ հանդիսանալ, մինչեւ, որ Սուրբ Հոգին նոր Պենտեկոստէ շնորհէ աշխարհին ու եկեղեցւոյ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 14:49