Ֆրանչիսկոս Պապ Փանամայի  անչափահաս բանտարկեալներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Փանամայի անչափահաս բանտարկեալներուն հետ  

Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքը Փանամայի մէջ անչափահաս բանտարկեալներուն:

Յիսուս ճաշելով մեղաւորներուն եւ մաքսաւորներուն հետ ընդհատեց բաժանումի, մեկուսացումի, կղզիացումի ինչպէս նաեւ բարիները չարերէն բաժնելու սխալ տրամաբանութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փանամային մէջ կայացած երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ին, Փանամայի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 10,00ին, ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Փանամայի անչափահաս բանտարկեալներուն: Հանդիպումին սկիզբը բանտարկեալ մը բարի գալուստի խօսքով հանդէս գալով խօսեցաւ ու վկայութիւններ տուաւ իր կեանքի մասին որմէ ետք տեղի ունեցաւ ապաշխարութեան Աղօթքի արարողութիւնն ու աւետարանական ընթերցումը : Այս առթիւ ներկաներուն յղած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը  խօսքը կեդրոնացուց Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած «Այս մարդը մեղաւորները կ՝ընդունի եւ անոնց հետ կ՝ուտէ» հատուածին վրայ: (Ղուկաս 15, 2):

Ան դիտել տուաւ, որ կարգ մը Փարիսեցիներն ու մաքսաւորները սոյն խօսքերով կը փորձէին Յիսուսը վարկաբեկել՝ բոլորին դիմաց անտեսելով Յիսուսը բնորոշող ամէնէն հասարակաց կեցուածքներէն մին- Յիսուս մեղաւորները կ՝ընդունի ու անոնց հետ կը ճաշէ:

Յիսուս այս կը կատարէ որովհետեւ Ան քաջ գիտէ, որ երկինքի մէջ՝ դարձի եկող մէկ մեղաւորի համար, աւելի տօնախմբութիւն կայ քան՝ դարձի կարիքը չունեցող, 99 արդարներուն համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւն ապա դիտել տուաւ, որ մինչ՝ մաքսաւորներն ու փարիսեցիները իրենց նախատինքի խօսքերով ու բամբասանքով կը սահմանափակէին դարձի գալու եւ փոխակերպուելու որեւէ հնարաւորութիւն, Յիսուս անտեսելով հանդերձ իր հեղինակութիւնը, կը մօտենայ եւ կը հրաւիրէ միշտ սեւեռելու՝ դէպի պատմութիւնն ու կեանքը փոխելու կարողութիւն ունեցող հորիզոնին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց երկու իրար հակազդող նայուածքներ. մին բամբասանքի եւ փսփսուքի նայուածքը, երկրորդ Տիրոջ, դարձի գալու եւ կերպարանափոխուելու հայեացքը:

Բամբասանքի եւ փսփսուքի նայուածք

Խօսելով բամբասանքի եւ փսփսուքի նայուածքի մասին Նորին սրբութիւնը յարեց, որ շատեր չեն ընդունիր եւ կը մերժեն Յիսուսի՝ նեցուկ կանգնելու ու նոր հնարաւորութիւն ընծայելու կեցուածքը ՝ բամբասելով ու զրպարտելով Յիսուսն ու անոր շրջապատող անձերը:

Ֆրանչիկսոս Պապ դիտել տուաւ որ շատ աւելի հեշտ է մարդոց կեանքով, տիտղոսներ ու պիտակներ տալ, որոնք կը սառեցնեն, ոչ միայն անցեալը այլեւ մարդոց ներկան ու ապագան: Պիտակներ որոնք հետեւանք են բարիներու ու քէշերու, արդարներու եւ մեղաւորներու միջեւ բաժանումներուն:

Սրբազան Հայր ապա նկատել տուաւ որ պիտակ դնելու կեցուածքը, ապականիչ է , որովհետեւ անտեսանելի պատնէշ կը բարձրացնէ եւ մտածել կու տայ, որ մեկուսացնելով, կղզիացնելով՝ կախարդաբար բոլոր հարցերը կը լուծուին : Ան տխուր երեւոյթ նկատեց, ընկերութիւն մը, որ իր բոլոր ուժերը կը կեդրոնացնէ շատախօսելու եւ արհամարհելու վրայ, քան կերպարանափոխումի եւ հնարաւորութիւն ընծայելու վրայ:

Դարձի գալու հայեացք

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ «դարձի գալու հայեացքին, նկատել տալով որ ամբողջ աւետարանը յատկանշուած է, այդ դարձի գալու նայուածքով, որ կը ծնի Աստուծոյ սիրտէն: Տէրը կ՝ուզէ տօնախմբել, երբ ականատես կ՝ըլլայ իր զաւակներու տուն վերադարձին: Այսպէս Յիսուս վկայեց յայտնելով ողորմած Հօր Աստուծոյ Սէրը: Սէր մը որ չունի բամբասելու ժամանակ: Սէր մը որ հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ՝ փոխակերպումի, ամոքումի, ներողամտութեան եւ փրկութեան ուղիներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց, որ Յիսուս ճաշելով մեղաւորներու եւ մաքսաւորներուն հետ ընդհատեց բաժանումի, մեկուսացումի,  կղզիացումի ինչպէս նաեւ բարիները չարերէն բաժնելու սխալ տրամաբանութիւնը : Յիսուս այս կատարեց ոչ թէ օրէնքներ որդեգրելով, այլ բարի դիտաւորութիւններով:

Յիսուս ընդհատեց նաեւ ներքին փսփսուքը, որ ի յայտ կու գայ այն անձերուն մէջ , որոնք ողբալով հանդերձ իրենց գործած մեղքերուն համար եւ գիտակից ըլլալով իրենց սխալներուն, չեն հաւատար փոխակերպուելու կարողութեան:

Սիրելի բարեկամներ ըսաւ ապա Սրբազան հայրը իւրաքանչիւրս մեզմէ աւելի կարժէ քան իր պիտակները: Յիսուս այսպէս մեզի սորվեցուց եւ մեզ կը հրաւիրէ հաւատալու: Մի հաւատաք ոչ իսկ մտիկ ըրէք այդ փսփսուքներուն : Փորձեցէք լսել այն ձայները որոնք մեզ յառաջ կը մղեն դէպի վեր նայելու՝ եւ ոչ դէպի վար մղող ձայները:

Քրիստոնեային, բոլորիս եւ նաե Պապին ուրախութիւնն ու յոյս կը ծնի Աստուծոյ նայուածքը փորձարկելէ ետք, որ կ՝ըսէ. Դուն մաս կը կազմես իմ ընտանիքիս եւ չեմ կրնար քեզ ճամբաները լքել : Ահա հոս եմ քու մօտդ:

Ըսաւ Սրբազան հայրը քաջալերելով բանտարկեալները ու վստահեցնելով թէ մաս կը կազմեն ընտանիքի մը եւ կիսելիք շատ բաներ ունին:

Ան ապա խօսեցաւ հիւանդ ընկերութեան մասին յարելով որ հիւանդ ընկերութիւն մը չգիտեր տօնախմբել իր զաւկին փոխակերպումը : Հիւանդ ընկերութիւնը գիտէ միայն անտեսել ու դատապարտել:

Մինչ բեղմնաւոր Ընկերութիւն մը գիտէ ինչպէս յառաջացնել ներգրաւումի եւ համալրումի կարողութիւնները եւ գիտէ պայքարիլ այլ հնարաւորութիւններ ընծայելու իր զաւակներուն եւ երբ յանձնառու է ապագայ կերտելու հասարակութեան հետ:

Նորին Սրբութիւն հուսկ յորդորեց բանտի հսկիչները երիտասարդները, տնօրէնութիւնն ու նախարարութիւնը, փոխակերպումի եւ ներգրաւումի ուղիները որոնելու ,դիտել տալով որ Տէր կը զօրակցի, կ՝օրհնէ ու կ՝ընկերանայ այս մէկին:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը անդրադառնալով խոստովանանքի խորհուրդի արարողութեան, դիտել տալով- որ անոր մէջ բոլորս կը փորձարկենք Տիրոջ նայուածքը, որ չի նայիր պիտակին եւ ոչ ալ կը դատապարտէ, այլ մեզ որպէս իր զաւակները կը տեսնէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2019, 18:00