Ֆրանչիսկոս Պապ Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրամօր յանձնեց Փանամայի ճամբորդութեան առաքելութիւնը։

22 Յունուարին Սրբազան Հայրը այցելեց Մարիա Մաճճորէ Տիրամօր աւագ տաճառը։

Սուրբ Աթոռի գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսնտրօ Ճիզոթթի հրապարակած թուիթով մը տեղեկացուց որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Երեքշաբթի 22 Յունուար 2019-ին, Երիտասարդութեան համաշխարհայնանային հաւաքին առթիւ  Փանամա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակային, այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճճորէ՝ Տիրամօր նուիրուած աւագ Պազիլիքան, այնտեղ աղօթելու Տիրամօր «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» սրբապատկերին առջեւ ու Տիրամօր հովանիին յանձնելու առաքելական ճամբորդութիւնը եւ ԵՀՕ հաւաքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2019, 13:48