2002-ի ԵՀՕ պիտի տօնախմբուի Լիզպոնի մէջ 2002-ի ԵՀՕ պիտի տօնախմբուի Լիզպոնի մէջ 

«Լիզպոնի մէջ ԵՀՕ տօնախմբելու երազը իրականութիւն դարձաւ» Կարդինալ Քլեմենթէ։

2002-ի ԵՀՕ պիտի տօնախմբուի Լիզպոնի մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիզպոնի Պատրիարք՝ Կարդինալ Մանուել Խօսէ Մաքարիօ Տօ Նաշիմենթօ Քլեմենթէ իր ուրախութիւնն յայտնելով որ 2022-ի ԵՀՕ պիտի տօնախմբուին Լիզպոնի մէջ ըսած է թէ «այդ մէկը շատոնց ի վեր կը սպասուէր ու ահա երազը իրականութիւն կը դարձաւ։ Ես ուրախ եմ ոչ միայն Լիզպոնի, այլ Փորթուկալի բոլոր թեմերուն համար» նշած է Ծիրանաւորը  յայտնելով նաեւ որ Փորթուկալի մէջ ջերմեռանդութիւնը, հոգեւորականութիւնն ու զգայնութիւնը զօդուած են է Ֆաթիմայի Տիրամօր, առ այդ «Ֆաթիմայի Տիրամայրը եւս ներկայ պիտի գտնուի Լիզպոնի այդ հաւաքին» նշած է Կարդինալ Քլեմենթէ մինչ «Աշխարհականներ. ընտանիք ու կեանք վատիկանեան կաճարի անդամ՝ Հայր Աուի Մելլոն այս ուղղութեամբ նշած է որ Լիզպոնի ընտրանքը կատարած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, մի գուցէ որովհետեւ Փորթուկալը եւս կը նկատուի Եւրոպայի  մէկ արուարձանը» ըսած է Հայր Մելլօ։

Յայտնենք թէ Փանամայի մէջ անցեալ օրերուն կայացած ԵՀՕ հաւաքի եզրափակիչ Սուրբ պատարագի  աւարտին Աշխարհականներ. ընտանիք ու կեանք վատիկանեան կաճարի կառավարիչ Կարդիանլ Ֆարրել յայտարարեց թէ Երիտասարդութեան համաշխարհային յառաջիկայ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Փորթուկալի Լիզպոն քաղաքի մէջ 2022 թուականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2019, 07:58