Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Փանամայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Փանամայի մէջ 

«Փանաման համախմբութեան ու երազի երկիր է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետին հանդիպումն ու ճառը Փանամայի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի 24 Յունուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Փանամայի առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական գործունէութիւնը սկսաւ տեղական ժամով առաւօտեան  9.30-ին (Հռոմի ժամով 15.30), այցելութիւն տալով Փանամայի «Լաս Կածաս» նախագահական պալատին, ուր իր ժամանումին դիմաւորուեցաւ Երկրին նախագահ՝ Տիար Խուան Քարլոս Վարելա Ռոտրիկէսի ու անոր կողակիցին կողմէ, որուն հետ ապա Սրբազան Հայրը ունեցաւ առանձնազրոյց մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Նախագահական ընտանիքին ներկայացումը եւ նուէրներու փոխանակումը։

Հանդիպում  քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներոն հետ։

Նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ նախագահական պալատի մօտ գտնուող «Պոլիվար» պալատը, որ կառուցած է 1973-ին ու եղած է Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան պատկան վանք մը,  որ  2003 էն ի վեր դարձած է Փանամայի արտգործ նախարարութեան կեդրոնը։

Պոլիվար Պալատին մէջ Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ դիմաւորուեցաւ Նախագահին ու անոր կողակիցին կողմէ, հուսկ պալատի ներքնափակին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ 700 հոգիներէ բաղկացած երկիրն մէջ գործող դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ինչպէս նաեւ գործարարական ու մշակոյթի աշխարհը ներկայացնող անձնաւորութիւններուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը

Նախագահին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը ուղղելով ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահին իրեն վերապահած հիւրընկալութեան համար ու անոր միջոցաւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայն Փանամացի ժողովուրդին, անոնց տարած անգնահատելի ջանքին՝ հիւրընկալելու համար աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած երիտասարդները։

Փանաման աշխարհի մայրաքաղաք

«Իմ ուխտագնացութիւնս սկիզբ կ՛առնէ այս վայրին մէջ ուր Սիմոն Պոլիվարը հաստատելով թէ «եթէ աշխարհը պիտի ընտրէր իր մայրաքաղաքը Փանամայի պարանոցը պիտի ունենար այդ ճակատագիրը» համախմբեց իր ժամանակուայ ղեկավարները իրականացնելու համար «Մեծ Հայրենիքի միութեան» երազը» ըսաւ Քահանայապետը ու ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ Փանամայի վրայ՝ որպէս համախմբութեան եւ երազի հողամաս։

Փանաման համախմբութեան երկիր

«Փանաման համախմբութեան երկիր է, ի տես նաեւ հազարաւոր երիտասարդներու ժամանումին, որոնք իրենց հետ բերած են իրարու հանդիպելու ու միասին տօնախմբութիւն կատարելու իղձը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ Փանաման իր առանձնաշնորհեալ դիրքով համայն աշխարհին համար կը հանդիսանայ ռազմավարական վայր մը. Կամուրջ՝ ընդմէջ ովկիանոսներու եւ հանդիպումներու բնական հողամաս» յարեց Ան մատնանշելով իւրաքանչիւր անհատի պարտականութեան՝ Ազգին ու Հայրենիքին կառուցումի գործընթացէն ներս, որուն համար հարկաւոր է յանձնառում ու առօրեայ աշխատանք։

Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է սատարէ ընկերութեան կառուցումին

«Անկարելի է մտածել ընկերութեան մը ապագային՝ առանց անոր իւրաքանչիւր անդամին գործնական մասնակցութեան» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւորելով բոլորին  դաստիարակութիւն ու աշխատանքը երաշխաւորելու հրամայականը։

Բնիկ Ժողովուրդներու հարստութիւնը

Ան ապա ակնարկեց  Փանամայի «հանճարին» որ կը կայանայ անոր բնիկ ժողովուրդներու հարստութեան մէջ, «որոնք բազմաթիւ բաներ ունին ըսելիք ու յիշեցնելիք, սկսելով աշխարհի նկատմամբ անոնց ունեցած նոր տեսութենէն»։

«Ըլլալ համախմբութեան երկիր կը նշանակէ ճանչնալ եւ անսալ այդ ժողովուրդներուն եւ Փանամայի դիմագիծ հանդիսացող բոլոր մարդոց իւրաքանչիւրի իւրայատկութեան ու գիտնալ հիւսել յոյսին բացուած ապագայ մը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը  այս ծիրէն ներս անդրադառնալով նաեւ հասարակաց բարիքի պաշտպանութեան, ու բարիքներու արդար բաշխումի կարեւորութեան։»

Նոր սերունդի պահանջները. ծառայութիւնը հոմանիշ վեհանձնութեան եւ արդարութեան

Քահանայապետը նշեց ապա թէ նոր սերունդները տարեցներէն ու յատկապէս հանրային կեանքէն ներս պատասխանատու տեղեր գրաւած անձերէն կը պահանջեն իրենց տրուած իշխանութեան ու արժանապատուութեան համապատասխան վարքագիծի որդեգրում։ «Վարքագիծ մը որ բացայայտէ թէ հանրային ծառայութիւնը հոմանիշ է վեհանձնութեան եւ արդարութեան ու հակառակ է կաշառակերութեան որեւէ ձեւի» նշեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով. «Երիտասարդները կը պահանջեն յանձնառում մը՝ որուն մէջ բոլորս ունենանք քաջութիւնը կառուցելու «մարդկային իսկական քաղաքականութիւն մը» որ մարդ անհատը զետեղէ որպէս կեդրոն ու սիրտ բոլոր բաներուն» յարեց ապա Սրբազան Հայրը ընդգծելով թափանցիկութեան կարեւորութիւնը, կառավարութիւններու ինչքերու մատակարարման ծիրէն ներս։

 Փանաման երազներու երկիր

Որպէս երկրորդ կեդրոնական նիւթ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ Փանամայի վրայ որպէս երազներու երկիր։ «Փանաման այս օրերուն պիտի դառնայ յոյսի «հանգոյց», հանդիպման վայր հինգ ցամաքամասերէ ժամանած երիտասարդներուն, որոնք լի են երազներով եւ յոյսերով, եւ որ պիտի հանդիպին, պիտի աղօթեն ու վերակենդանացնեն աւելի մարդկային աշխարհ մը ստեղծելու իղձն ու յանձնառութիւնը, դիմագրաւելու համար իրենց դիմաց կայացած մարտահրաւէրները» յարեց Սրբազան Պապը նկատել տալով որ «Փանաման այդ երիտասարդներուն երազները հիւրընկալելով կը դառնայ երազներու երկիր, դառնալով ակնատէս ու վկայ՝ նոր հաղորդակցութեան ու հասկացողութեան ինչպէս նաեւ զօրակցութեան ու ստեղծագործութեան ու փոխադարձ օգնութեան, ջրանցքներու։

Այլ աշխարհ մը կարելի է

«Այլ աշխարհ մը կարելի է» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու երիտասարդները մեզ կը հրաւիրեն մասնակցելու անոր կառուցումին, որպէսզի երազները չի մնան լոկ ժամանակաւոր կամ եթերային իրողութիւններ, ու զարկ տրուի ընկերային դաշինքի մը, ուր բոլորն ալ կարելիութիւնը ունենան երազելու ապագայ մը, որովհետեւ ապագայի իրաւունքն ալ մաս կը կազմէ մարդկային իրաւունքին» ըսաւ Քահնայապետը ու խօսքը աւարտեց մէջբերելով Ռիքարտօ Միրօ բանաստեղծի խօսքերը հուսկ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն համայն Փանամայի համար հայցեց Լա Անթիկուա Տիրամօր հովանին ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2019, 17:00