Լեհաստանէն նաւակով Փանամա ժամանած խումբ մը երիտասարդներ Լեհաստանէն նաւակով Փանամա ժամանած խումբ մը երիտասարդներ 

Առաքելական ճամբորդութեան օրակարգէն դուրս Ֆրանչիսկոս Պապին կարգ մը հանդիպումները:

Նորին Սրբութիւնը Փանամայի առաքելական պալատին մէջ հանդիպած է Լեհաստանէն նաւակով Փանամա հասած խումբ մը լեհ երիտասարդներուն հետ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի առթիւ կազմակերպուած, առաքելական ճամբորդութեան օրակարգէն դուրս շաբաթ, 26 յունուարին, Փանամային մէջ ունեցած է կարգ մը հանդիպումներ :

Արդարեւ 26 յունուար 2019-ին, առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը Փանամայի առաքելական պալատին մէջ հանդիպած է Լեհաստանէն նաւակով Փանամա հասած խումբ մը լեհ երիտասարդներուն հետ :

Յայտնենք, թէ անցեալ 11 նոյեմբերին, լեհաստանի անկախութեան տօնի օրը, մօտաւորապէս 150 լեհ երիտասարդներ, նաւակով ճամբայ ելած են եւ ուղղուած Փանամա ՝մասնակցելու համար երիտասարդացած համաշխարհային հաւաքին:

Մինչ՝ յետմիջօրէին, դարձեալ Փանամայի Պապական նուիրակի պալատին մէջ, ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպած է Փանամայի եւ Կեդրոնական ամերիկայի մէջ գործող աւելի քան 40 Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ կղերականներուն հետ. հանդիպումը տեւած է աւելի քան մէկ ժամ:

Հանդիպումի ընթացքին սրբազան Հայրը պատասխանած է Յիսուսեան միաբնութեան հայող հարցումներուն, խօսած է Փանամայի ճամբորդութեան մասին, եւ ընդհանրապէս անդրադարձած է իր Քահանայապետութեան մասին:

Յիսուսեան միաբանութեան անդամ 40 կղերականներուն շարքին էր նաեւ «Չիվիլթա Քաթթոլիք» հանդէսի տնօրէն: Հայր Անթոնիօ Սփատարոն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 10:28