Որոնել

Ալեքսէյ Պուքալով լրագրողը Ալեքսէյ Պուքալով լրագրողը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագրողները յիշելով Պուքալով լրագրողը։

Մարդկայնութեամբ լի մարդ մը որ կարողութիւնը ունէր ամփոփումներ կատարել Տոսթոյեվսքիի ոճով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իր սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Փանամա փոխադրող թռիչքի ընթացքին, ուզեց ողջունել իր հետ ճամբորդող լրագրողները ու այդ առթիւ արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին յառաջիկայ օրերուն կատարելիք  ծանր աշխատանքին համար, յուզմունքէ խեղդուած  ձայնով ըսաւ. «Այսօր առաջին ճամբորդութիւնն է ուր կը պակսի ձեր գործընկերը որ շատ կը սիրէի, «ԹԱՍ» լրատու գործակալութեան լրագրող Ալեքսէյ Պուքալովը։ Մարդկայնութեամբ լի մարդ մը որ կարողութիւնը ունէր ամփոփումներ կատարել Տոսթոյեվսքիի ոճով»։

Քահանայապետը ներկաներէն խնդրեց անոր յիշատակին մէկ վայրկեան լրութիւն պահել ապա հրաւիրեց բոլորը միասին Հայր մեր աղօթքը արտասանել։ Լրագրողները այդ յատուկ պահը ողջունեցին ծափահարութեամբ։

Յայտնենք թէ լրագրող Պուքալով իր մահկանացուն կնքեց անցեալ 28 դեկտեմբեր 2018-ին, 78 տարեկանին։ Ան մինչեւ վերջ որպէս լրագրող մասնակցած էր Քահանայապետական ճամբորդութիւններուն։

Քահանայապետի ողջոյնի խօսքէն առաջ Քահանայապետական Ճամբորդութիւնները կազմակերպող՝ գերապայծառ Մաուրիսիօ Ռուետա լրագրողներուն ներկայացուց Սուրբ Աթոռի ժամանակաւոր տնօրէնը՝ Տիար Ալեսսանդրօ Ճիզոթթին որ իր պաշտօնի բերումով առաջին անգամուան համար կը մասնակցէր Քահանայապետական ճամբորդութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2019, 12:21