Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը կեդրոնական Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց կեդրոնական Ամերիկայի երեւելի կղերականներէն մարգարէական դիմագիծ ունեցող Սուրբ Օսքար Ռոմերոն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 24 յունուար 2019-ին, Փանամայի ժամանակացոյցով, առաւօտեան ժամը 11,15ին, Իտալիոյ ժամով յետմիջօրէին՝ 5,15ին, Փանամա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Փանամային Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզի անուան տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ կեդրոնական Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն հետ:

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ ողջունելով ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնելով Փանամա կատարած այցելութեան համար, Սրբազան Հայրը բարձր արժեւորեց Փանամայի մէջ կազմակերպուած երիտասարդներուն հաւաքը, նշելով որ այս ձեռնարկը եկեղեցական մեծ եղելութիւն մըն, որ իրեն յիշել կու տայ Փանամայի տարածաշրջանին մէջ հոգեւոր հովիւներուն առաջին հաւաքը, որոնք ամերիկայի մէջ ստեղծեցին հաղորդութեան կազմակերպութիւն մը, որ կը շարունակէ պտուղներ տալ. «այս Կեդրոնական Ամերիկային եպիսկոպոսաց քարտուղարութիւնն է որ հաղորդութեան, զատորոշումի եւ յանձնառութեան վայր մըն է, որ սնուցանէ, կը վերակենդանացնէ եւ կը հարստացնէ եկեղեցիները» Ըսաւ Նորին Սրբութիւնu  ապա ակնարկեց եպիսկոպոսաց կազմակերպութեան 75 տարիներու հոլովոյթին իրագործուած ծրագիրներուն, որոնց ադամները, կեդրոնական Ամերիկայի ժողովուրդներուն հետ կիսեցին՝ ուրախութեան,-տխրութեան պահեր ինչպէս նաեւ- պայքարներն ու յոյսերը:

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց կեդրոնական Ամերիկայի երեւելի կղերականներէն մարգարէական դիմագիծ ունեցող Սուրբ Օսքար Ռոմերոն, դիտել տալով որ սուրբին կեանքն ու ուսուցումը յարատեւ ներշնչումի աղբիւր եղաւ եկեղեցիներուն համար ՝յատուկէն եպիսկոպոսներուն համար:
Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց Սուրբին կեանքին կողմնացոյց հանդիսացող կարգախօսին վրայ , որ է «զգալ եկեղեցւոյ հետ» այս կապակցութեամբ Սրբազան Հայր եպիսկոպոսներուն թելադրեց երեք կէտեր.

Առաջին , Ճանաչում եւ երախտագիտութիւն:

Երախտագիտութիւն, անարժանաբար ստացած բաներուն համար: Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց Սուրբ Օսքարին՝ եկեղեցւոյ կողմէ ստացած անշահախնդիր սէրը, որուն ծոցին մէջ ծնաւ իր հաւատքը եւ միեւնոյն այն սէրը, որ զայն մղեց մինչեւ անձնուիրում եւ մարտիրոսութիւն, դիտել տալով որ եկեղեցին մենք չենք ենք որ հնարած ենք զայն, ոչ իսկ մեր օրով է որ ծնած , եւ Ան յառաջ պիտի երթայ առանց մեզի:
Երկրորդ՝ ժողովուրդի բոյրը ունեցող սէր : եկեղեցւոյ հետ զգալ Սուրբ Ռոմերոյին համար կը նշանակէ մտածել եկեղեցւոյ մասին, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ: Տէրը չուզեց իւրաքանչիւր անձ փրկել՝ կղզիացած եւ բաժնուած ձեւով : Աստուած ուզեց կազմել ժողովուրդ մը, որպէսզի զինք դաւանեն՝ ճշմարտութեան մէջ եւ իրեն ծառայեն սրբութեան մէջ:
Սուրբ Ռոմերոյի համար եկեղեցւոյ հետ զգալ կը նշանակէ մաս կազմել եկեղեցւոյ Փառքին, որ կը կայանայ Քրիստոսի ամբողջ ունայնացումը իւրացնելու մէջ : Եկեղեցւոյ մէջ Քրիստոս ՝ մեր միջեւ կ՝ապրի, հետեւաբար եկեղեցին պէտք է ըլլայ աղքատ ու հեզ, որովհետեւ ամբարտաւան եւ հպարտութեամբ լի ինչպէս նաեւ ինքնաբաւ եկեղեցի մը ունայնացումի եկեղեցի չէ : Ըսաւ Սրբազան Հայր ապա խօսքը կեդրոնացուց Քրիստոսի ունայնացումը իւրացնելու վրայ:

Քրիստոսի ունայնացումը

Քրիստոսի ունայնացումը մեզ կը յիշեցնէ որ Աստուած պատմութեան մէջ կը փրկէ, իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ, եւ սա է Քրիստսոի պատմութիւնը որուն մէջ մեզի կը հանդիպի: Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց չվախնալ ժողովուրդին վէրքերուն դպչելէ եւ անոնց ձայնը ունկնդրելէ ե այս կատարել՝ Տիրոջ գործելակերպով: դիտել տալով որ Հովիւը չի կրնար հեռու մնալ ժողովուրդի տառապանքէն: Շարունակելով խօսիլ Քրիստոսի ունայնացումի մասին Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ Քրիստոսի ունայնացումը մեզմէ կը պահանջէ անսալ անձերու աղմուկին, անոնց հետ կապ հաստատելու համար: Սրբազան Հայր նկատեց, որ ցանցերը, կը ծառայեն կապեր հաստատելու եւ ոչ թէ արմատներ: Ցանցեր, որոնք  չեն կրնար  մեզ զգացնել տալ,  որ մենք մաս կը կազմենք միեւնոյն ժողովուրդին եւ առանց այս զգացումին մեր բոլոր խօսածները, ժողովները, հանդիպումները, գրութիւնները,  նշան պիտի ըլլան հաւատքի մը,  որ չգիտցաւ Տիրոջ ունայնացումին ընկերանա , հաւատք մը,  որ կէս ճամբայ մնաց,  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտեց,  թէ Քրիստոսին ունայնացումը երիտասարդ է:

Ակնարկելով երիտասարդներու հաւաքի եւ երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին, քահանայապետը դիտել տուաւ,  որ երիտասարդներուն հետ կարող պիտի դառնանք՝ Աւետարանը աւելի մատչելի եւ հաւատալի վերածելու , ան ապա  այս ուղղուփեամբ յորդորեց մշակել ծրագիրներ, դաստիարակչական կեդրոններ որոնք  կարող են   ընկերանալու եւ պատասխանատու դարձնելու երիտասարդները:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց ճամբաներու վրայ, երիտասարդները յափշտակելու ու գողնալու,  առաջ որ մահուան մշակոյթը յափշտակէ ու գողնայ զանոնք, վաճառելով անոնց ծուխ եւ կախարդական լուծումներ եւ շահագործելով՝ անոնց երեւակայութիւնը։ «Այս մէկը կատարեցէք վերաբերելով անոնց հետ որպէս հայրեր եւ եղբայրներ յարեց Սրբազան Պապը նշելով որ «Երիտասարդները մեզի համար Քրիստոսի դիմագիծն են»։

Քրիստոսի ունայնացումը քահանայական է 

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ Քրիստոսի քահանայական  ունայնացումին մասին: : Ան ակնարկեց Գերապայծառ Ռոմերոյին՝ Անոր եղբայրներուն նկատմամբ ունեցած սէրին ու յարգանքին, դիտել տալով որ Սուրբը, մարդկային հարստութիւններուն մատակարար մը չէր,  ոչ ալ մատակարար՝ անձերու կամ կազմակերպութիւններուն: Գերապայծառ Ռոմերօ իր եղբայրներուն հետ կը վերաբերէր հայրական, եղբայրական եւ բարեկամական գորովով:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց եպիսկոպոսները, հարց տալու, թէ ինչքանով մօտէն կը հետեւին կամ հետաքրքրուած են իրենց վարդապետներու կեանքով, անոնց ցաւերով ու ուրախութիւններով, յորդորելով անոնց ընկերանալ ու զօրակցիլ, եւ հոգ տանիլ իրեցն վարդապետներուն :
Ան  եպիսկոպոսներուն նկատել տուաւ նաեւ, որ վարդապետները իրենց ուսերուն վրայ կը կրեն օրուան ծանրութիւնը ու ջերմութիւնը, անոնք առօրեայ կացութիւններուն դիմաց դէմ յանդիման կը գտնուին: Քահանաները կարիքը ունին եպիսկոպոսներուն նեցուկին, քաջալերանքին եւ հայրութեան ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով, որ Քրիստոսի ունայնացումը գերագոյն արտայայտութիւնն է  Հօր կարեկցութեան: Քրիստոսի եկեղեցին՝ կարեկցութեան եկեղեցի է:
Քահանայապետը  ապա կարեւոր համարեց, որ քահանան  եպիսկոպոսներուն մէջ կարենան հայր մը գտնել , հովիւ մը, որուն մէջ կը տեսեն՝ ոչ թէ պարզապէս մատակարար մը: Քահանաները պէտք են որ իրենց եպիսկոպոսներու մէջ տեսնեն ձեռք տուող հայր մը , մարդ մը, որ գիտէ զատորոշումի ուղղութիւններ տալ եւ գիտէ գտնել շօշափելի եւ կիրակուելիք ուղիներ, իւրաքանչիւրին՝ անձնական պատմութեան տարբեր խաչմերուկներուն դիմաց:
Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ անդրադարձաւ Քրիստսոի ունայնացումի աղքատութեան նշելով, որ Քրիստոսի ունայնացումը աղքատ է :

Զգալ եկեղեցւոյ հետ կը նշանակէ զգալ հաւատարիմ ժողովուրդին հետ, Աստուծոյ ժողովուրդին, որ կը տառապի եւ կը յուսայ: Յարեց Նորին Սրբութիւնը ու յիշեց սուրբ Լոյոլային խօսքը.  աղքատութիւնը մայր եւ պատնէշ է, որ կը ծնի եւ կը զօրակցի: Մայր, որովհետեւ կը յիշեցնէ  բեղմնաւորութիւնն ու  ծննդաբերութիւնը: Պատնէշ է, որովհետեւ մեզ կը պաշտպանէ ամենէն նուրբ փորձութենէն, որուն կղերականները կանչուած են դիմագրաւելու, որ է աշխարհիկութեան հոգին եւ կը կայանայ իշխանութեան ձգտելու ծարաւը՝ կրօնական արժէքներով ծածկելու մէջ :
Մայր եւ պատնէշ մեզ կ՝օգնեն միշտ աւելի ազատ եկեղեցի ըլլալու, որովհետեւ ան կեդրոնացած է Տիրոջ ունայնացումին վրայ :

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը հրաւիրելով եպիսկոպոսները, երթալու Տիրամօր վերարկուին տակ եւ միասնաբար աղօթելու, որպէսզի Տիրամայրը պաշտպանէ հովիւներուն սիրտերը եւ օգնէ լաւագոյն կերպով ծառայելու Իր Որդւոյն մարմինին ՝ կեդրոնական ամերիկային մէջ ընթացող, աղօթող, Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2019, 18:49