Բարի Սամարացի կեդրոնը Բարի Սամարացի կեդրոնը  

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Բարի Սամարացի կեդրոնին ու Մարեմեան Աղօթք։

«Բարի Սամարացի» կեդրոնին մէջ Քահանայապետը հանդիպեցաւ Փանամայի չորս բարեգործական կեդրոններու անդամներուն հետ։
Բարի Սամարացի կեդրոն

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, ԵՀՕ հաւաքին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը մատուցանելէն ետք Սրբազան Հայրը այցելեց Փանամայի «Բարի Սամարացի» անուամբ կեդրոնը ուր հանդիպում ունեցաւ եկեղեցական բարեսիրական չորս կեդրոններու մէջ խնամուող 60 կարիքաւորներուն հետ։

Կեդրոն Ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ ՝ Բարի Սամարացի, Յովհաննէս Պօղոս Բ, Սուրբ Խօսէ եւ Սուրբ Քքթոնակնէ, բարեգործական հաստատութիւններու չորս տնօրէններու կողմէ, ու Բարի Սամարացի կեդրոնի տնօրէնին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական բաժնի ներկայացում որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, որուն սկիզբը իր ուրախութիւն յայտնեց այնտեղ գտնուելուն համար,  որովհետեւ «անոնց միջեւ գտնուիլը յոյսի նորոգումի պատճառ է» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ այդ տունը ու անոր նման բոլոր կեդրոնները՝ նշան են այն նոր կեանքին զոր Տէրը կ՛ուզէ մեզի պարգեւել։ «Այստեղ, ըսաւ Սրբազան Պապը, Եկեղեցին ու հաւատքը, գործնական գետնի վրայ, կը ծնին ու յարատեւ կը նորոգուին սիրոյ միջոցաւ»։

Մերձաւորը տեսնող աչքեր ունենալ

«Արդարեւ դարձեալ կը ծնինք այն ատեն երբ Սուրբ Հոգին մեզի կը պարգեւէ աչքեր՝ ուրիշները տեսնելու որպէս մեր մերձաւորները» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով Բարի Սամարացիի առակին ու հաստատելով որ «մերձաւորը վերացական իրողութիւն մը չէ, ան նախ եւ առաջ դիմագիծ մըն է, որուն կը հանդիպինք մեր ուղեւորութեան ընթացքին եւ որմով կը յուզուինք»։

ՄԵրձաւորը անձ մըն է

Բարի Սամարացին ցոյց կու տայ որ մերձաւորը նախ եւ առաջ անձ մըն է որ պէտք չէ արհամարհել ու անտեսել որեւէ իրավիճակի մէջ որ գտնուի։ «Դիմագիծ մըն է որուն միջոցաւ կը բացայայտուի մեր մարդկութիւնը» յարեց Քահանայապետը նկատել տալով որ այդ դիմագիծը մեր կեանքի հանգստաւէտութիւնը կը խանգարէ ու մեզ կը մղէ հետապնդելու կարեւորագոյնը»։

Բարեգործական կեդրոնները Աստուծոյ քնքշութեան արտայայտութիւն։ 

Քահանայապետը գնահատեց հուսկ Բարի Սամարացի ու միւս կեդրոններու գործունէութիւնը, որ կը «բացայայտէ Աստուծոյ գործնական քնքշութիւնը» ըսաւ Ան, խրախուսուելով նաեւ կեդրոններու անձնակազմը անտարբեր չի մնալու ու ամէն մին իր սատարը տալու այդ կեդրոններու կառուցման աշխատանքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց հուսկ ներումի ու զիրար հանդուրժելու կարեւորութիւնը, յորդորելով նաեւ զօրեղ յարաբերութիւններ մշակել, հիմնուելով վստահութեան, համբերութեան ու ներումի վրայ։

Տիրամայրը մասնագէտ քնքշութեան ու մօտիկութեան

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նորոգելով իր շնորհակալական խօսքերը բոլոր ներկաները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ու հայցեց Անոր բարեխօսութիւնը, որպէսզի, ըսաւ Սրբազան Պապը, Ան որ մասնագէտ է քնքշութեան ու մօտիկութեան մեզի սորվեցնէ ուշադիր ըլլալ մերձաւորին, ու ամէն օր ընթանալ դէպի մերձաւորը, անոր նուիրելու համար ողջագուրում մը ու եղբայրական սէր։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ներկաները հրաւիրեց ապաւինելու Աստուածամօր մայրական խնամքին ու անոնց հետ միասին  Կիրակնօրեայ  Մարեմեան Աղօթքը արտասանեց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 16:49