Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Փանամա Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Փանամա 

Ֆրանչիկոս Պապ ժամանեց Փանամա։

Նորին Սրբութեան Փանամա այցելութեան առաջին օրուայ յայտագիրը վերջ գտաւ առաքելական դեսպանատան մէջ առանձնական ընթրիքով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 23 Յունուար 2019-ի Փանամայի տեղական ժամով յետմիջօրէի 4.16ին (Հռոմի ժամով 22.16) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Փանամայի «Թոքումէն» միջազգային օդակայան, գրեթէ 13 ժամ տեւած ճանապարհորդութեան մը աւարտին։

Վատիկանէն Փանամա

Օդանաւի սանդուխներու ոտքին Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորեցին Փանամայի նախագահ Խուան Քարլոս Վարելա Ռոտրիկէսը, անոր կողակիցը եւ աւանդական տարազներով երկու Փանամացի աղջնակներ որոնք Սրբազան Քահանայապետին նուիրեցին ծաղկեփունջ մը։

Նորին Սրբութիւնը դիմաւորողներու շարքին էին նաեւ Փանամայի Եպիսկոպոսները ու այլ քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ 2000է աւելի երիտասարդներ ։

Փրոթոգոլային ընդունելութիւն

Օդակայանին մէջ կայացած Փրոթոգոլային բարի գալուստի արարողութենէն ու պատուիրակութիւններու ներկայացումէն ետք Սրբազան Քահանայապետն ու իր հետ ճամբորդող պատուիրակութիւնը ուղղուեցան քաղաքի կեդրոնը գտնուող Առաքելական Դեսպանութիւն։ Նախ քան քաղաք մտնելը Ֆրանչիսկոս Պապ բարձրացաւ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժի վրայ առիթ ունենալու ու առիթ ընծայելու հազարաւոր հաւատացեալներուն, ողջունելու զինք ու անորմէ ընդունելու օրհնութիւններ։

Նորին Սրբութեան Փանամա այցելութեան առաջին օրուայ յայտագիրը վերջ գտաւ առաքելական դեսպանատան մէջ առանձնական ընթրիքով։

Հինգշաբթի օրուայ յայտագիրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Փանամայի երկրորդ օրուան յայտագիրը կը սկսի Նախագահական Պալատին պաշտօնական այցով ուր եւ տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ որոնց Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղէ նաեւ իր պատգամը։

Եպիսկոպոսներու հետ հանդիպում

Սրբազան Հայրը ապա կը փոխադրուի Սան Ֆրանսիսքօ Տէ Ասիս Եկեղեցի ուր հանդիպում կ՛ունենայ կեդրոնական Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ որուն մաս կը կազմեն՝ Փանամայի, Էլ Սալվատորի, Քոսթա Ռիքայի. Կուաթեմալայի, Հոնտուրասի եւ Նիքարակուայի եպիսկոպոսները։

ԵՀՕ հաւաքի պաշտօնական բացումը

Կէսօրէն ետք Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական բացումը կը կատարէ ԵՀՕ որուն նախատեսուած է 400 հազար հաւատացեալներու մասնակցութիւնը՝ Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա տարածքին վրայ, ուր եւ տեղի պիտի ունենան ԵՀՕ այլ կարեւոր ձեռնարկներ ներառեալ եզրափակիչ ԵՀՕ Սուրբ պատարագը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2019, 23:50