Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Հոլոքոստը ու աղօթեց Պրազիլի մէջ Ջրամբարի փլուզումին եւ Ինտոնեզիոյ մէջ ահաբեկչութեան զոհերուն։

Տէրը՝ խաղաղութեան իշխանը դարձի բերէ բռնարարներուն սրտերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 Յունուար 2019-ին, Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետը, Փանամայի «Հոկար Պուէն Սամարիթանօ» կեդրոնին մէջ արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր. Այսօր կը նշուի  Հոլոքոստի զոհերու յիշատակին նուիրուած միջազգային օր:

Մենք պէտք է անցեալի կենդանիյիշողութիւնը պահենք եւ դաս առնենք պատմութեան սեւ էջերէն, որպէսզի երբեք նոյն սխալները կրկին չկատարենք: Եկէք անխուսափելիօրէն, շարունակենք ձգտիլ խթանելու համար արդարութիւնը, աճեցնելու հաշտութիւնը, ու թիկունք կանգնելու ընդելուզման, որպէսզի ըլլանք  խաղաղութեան գործիքներ եւ աւելի լաւ աշխարհի մը շինարարները» ըսաւ Քահանայապետը որ ապա իր խոր ցաւը արտայայտեց Պրազիլի մէջ անցեալ  ուրբաթ օր տեղի ունեցած ողբերգութեան, ջրամբարի փլուզման հետեւանքով մեծ թիւով անձերու մահուան համար։  Քահանայապետը Աստուծոյ ողորմութեան յանձնելով զոհերը  իր աղօթքներն ու մօտիկութիւնը ապահովեցուց անոնց հարազատներուն  ինչպէս նաեւ Մինաս Կէրայս նահանգի բոլոր բնակչութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ յիշեց Վենեզեուելլայի ժողովուրդը «որուն  յատուկէն մօտիկ են այս օրերուն» ըսաւ Քահանայապետը եւ ի տես Վենեզուելլայի ծանր վիճակին Տիրոջմէ հայցեց որ կողմերը հանգին խաղաղ եւ արդար լուծումի մը, շրջանցելու համար երկրին մէջ ստեղծուած տագնապը, մարդու իրաւունքի յարգանքի ու երկրին բոլոր բնակիչներուն հասարակաց բարիքի փնտռելով»։ Այս դիտաւորութեամբ ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու՝ Վենեզուելլայի պաշտպան սրբուհի, Քորոմոթոյի Տիրամօր ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Քրիստոսի ու Մարիամի հովանիին յանձնեց նաեւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Փոլոյի «Մոնթէ Քարմելօ» Տիրամօր նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքին բոլոր զոհերը։ Կը վերահաստատեմ իմ վճռական դատապարտումը բռնութեան այդ արարքին որ կը յառաջացնէ նոր սուգեր այդ քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ եւ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած մեռեալներուն եւ վիրաւորներուն համար։

«Տէրը խաղաղութեան իշխանը դարձի բերէ բռնարարներուն սրտերը ու այդ տարածաշրջանի բնակչութեան խաղաղ համակեցութեան շնորհքը պարգեւէ» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը յատուկէն յիշելով նաեւ անցել օրերուն Քոլոմպիայի ոստիկանութեան մէկ դպրոցի դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքը ու այդ ահաբեկչութեան ատելութեան  զոհ երիտասարդ ուսանողները մէկին մէկին յիշելով անոնց անունները եւ Աստուծմէ անոնց համար հայցելով ողորմութիւնը ու Քոլոմպիայի համար խաղաղութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 17:30