Որոնել

Փանամայի ԵՀՕ Փանամայի ԵՀՕ 

Փանամայի ԵՀՕ - Ֆրանչիսկոս Պապին 26 Յունուարի օրակարգը։

Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծում. Երիտասարդներուն հետ ճաշ. ԵՀՕ հսկումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ԵՀՕ 34-րդ հաւաքին առթիւ Փանամա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 26 Յունուարի օրակարգը կը սկսի տեղական ժամով առաւօտեան 8.30-ին (Հռոմի ժամով 14.30) ուղղուելով Փանամայի Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա աթոռանիստ եկեղեցի ուր կը ժամանէ 9-ին եւ կը դիմաւորուի Թեմական Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։

Սրբազան Պապը՝ քահանաներու, կրօնաւորներու, նորընծաներու ու եկեղեցական շարժումներու աշխարհական անդամներու ներկայութեամբ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը որուն առթիւ նաեւ օծումը կը կատարէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ  կեդրոնական խորանին։

Սրբազան Արարողութենէն ետք  Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Սան Խօսէ անուամբ աւագ նորընծայարան ուր նախատեսուած է նորընծայարանի այցելութիւնը ու զանազան ազգութիւններ ներկայացնող 10 երիտասարդներուն հետ եղբայրական ճաշը։

Ճաշէն ետք Սրբազան Պապը կը վերադառնայ Փանամայի առաքելական նուիրակութիւն ուղտերէն երեկոյեան 17.45-ին կը մեկնի ուղղուելով «Մեթրօ Փարք»ի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս մարզադաշտ, ուր քահանայապետական ինքնաշարժով երիտասարդներու միջեւ շրջելէ ու զանոնք ողջունելէ ետք, կը գլխաւորէ ԵՀՕ հաւաքին երիտասարդական հսկումի արարողութիւնը, որուն առթիւ նախատեսուած են երեք վկայութիւններ առաջինը՝ ընտանիքի մը վկայութիւնը, երկրորդը թմրամոլութեան նախկին թիրախ երիտասարդի մը վկայութիւնը, ապա երիտասարդ Պաղեստինցիի մը վկայութիւնը։

Վերոնշեալ վկայութիւններէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունքը. ապա Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը. հուսկ հսկումը վերջ կը գնտէ Սուրբ Կոյս Աստուածամօր նուիրուած աղօթքով, որով վերջ կը գնտէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Փանամայի առաքելական ճամբորդութեան վերջընթեր օրուան յայտագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2019, 08:00