Աստուածայայտնութեան ս. պատարգ ս. Պետրոսի մէջ Աստուածայայտնութեան ս. պատարգ ս. Պետրոսի մէջ 

«Աստուծոյ աչքերուն առջեւ ողորմութիւնը արժէքաւոր է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մենք հրաւիրուած ենք հետեւելու Մոգերուն, գործածելով անոնց լեզուն ,սիրոյ եւ հնազանդութեան լեզուն,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յայտնութեան տօնին առթիւ, Կիրակի 6 Յունուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ գլխաւորեց Աստուածայայտնութեան տօնին Սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարդինալական եւ Եպիսկոպոսական դասը, կղերականներ ու բազմահազար հաւատացեալներ։

Աստուածայայտնութեան տօնը կը յիշատակէ Մանուկ Յիսուսի ծնունդէն ետք Մոգերու ժամանումը Բեթղեհէմ, հետեւելով լուսաւոր Աստղին։

«Էփիֆանիա» բառը կը նշանակէ յայտնութիւն. Տիրոջ յայտնութիւնը որ ինքզինք կը յայտնէ բոլոր մարդկանց ու իր այս յայտնութեամբ զարմանք կը պատճառէ ամենուրէք, ըսաւ ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը մատնանշելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական ընթերցումին, հայող Մոգերուն Յիսուսին տուած այցելութեան։

«Անոնք կը փնտռէին Հրեաներու Թագաւորը, ու զայն կը գտնեն ոչ թէ Թագաւորական Պալատին մէջ, այլ Բեթղեհէմի խոնարհ օթեւանի մը մէջ։ Այդ Յայտնութեան խորհրդանիշը լոյսն է» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ Աստուծոյ լոյսը չի ծագիր աշխարհի մեծամեծներուն վրայ, որոնք իրենց լոյսերով կ՛ուզեն շողալ։ Աստուծոյ լոյսը ինքզինք չի պարտադրէր այլ կ՛առաջարկէ, ան կը լուսաւորէ չի զմայլեցնէր. Արդարեւ միշտ մեծ է փորձութիւնը Աստուծոյ լոյսը շփոթելու աշխարհի լոյսերուն հետ։

Քանիցս հետապնդեցինք իշխանութեան հրապուրող  շողշողուն լոյսեր, այն համոզումով որ Աւետարանին ծառայութիւն կը մատուցենք սակայն այնտեղ չկար Աստուած. Անոր քնքուշ լոյսը կը ցոլայ խոնարհ սիրոյ մէջ։ Ապա քանիցս, որպէս Եկեղեցի, ջանացինք մեր լոյսերով շողշողալ, առանց մտածելու թէ մենք մարդկութեան արեւը չենք՝ այլ լուսինը, որ կը ցոլացնէ իսկական Արեւին լոյսը, Տիրոջ լոյսը, որ աշխարհի լոսն է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով Հերովդէսին հետեւելէ ու յանձնարարելով հետեւիլ Մոգերուն, որոնք Յիսուսին հանդիպելու համար տարբեր ճանապարհի վրայ քալեցին, որովհետեւ «Յիսուսին հանդիպելու համար հարկաւոր է ընտրել սիրոյ խոնարհ ճանապարհը» ըսաւ Ֆրանչիսոս Պապ, ճանապարհ մը որ  այլընտրանք է աշխարհի ճանապարհին։ Արդարեւ բաւարար չէ իմանալ թէ ու՞ր ծնաւ Յիսուս, եթէ մենք այդ վայրը չի հասնինք։ Բաւարար չէ իմանալ թէ Յիսուս ծնաւ եթէ անոր չի հանդիպինք։ Մենք հրաւիրուած ենք հետեւելու Մոգերուն, գործածելով անոնց լեզուն ,սիրոյ եւ հնազանդութեան լեզուն, ապա անոր մօտ երթալով ոչ թէ բան մը ընդունելու համար, այլ նուիրելու։

«Մենք Ծննդեան օրը որեւէ նուէր տարինք Յիսուսին, կամ միայն մենք մեր միջեւ փոխանակեցինք նուէրները» հարց տուաւ հուսկ Սրբազան Պապը մատնանշելով Մոգերու նուէրներուն, ոսկի, խունկ եւ զմուռս։

Ոսկին որ թանկարժէք իր մըն է կը յիշեցնէ որ առաջին տեղը պէտք է վերապահուի Աստուծոյ։ Մինչ խունկը կը խորհրդանշէ կապը Տիրոջ հետ յարաբերութիւնը, աղօթքը՝ որ Աստուծոյ բուրմունքը ունի։ Աղօթքը արդարեւ խունկին նման պէտք է այրի, որպէսզի անուշ բոյր արձակէ, եւ աղօթքը պէտք չէ միայն խօսքով ըլլայ, եւ ասոր համար կ՛աւելցնենք զմուռսը, որով մեռեալներու մարմինը կը զմռսէին, այնպէս ինչպէս  Յիսուսին մարմինը զմռսեցին անոր Խաչին վրայ մահէն ետք։

«Աստուծոյ աչքերուն առջեւ  ողորմութիւնը արժէքաւոր է, մանաւանդ ան որ կը մատուցի անոնց որոնք կարելիութիւնը չունին զայն փոխանակելու։ Աւարտին հասնող Սուրբ Ծննդեան այս շրջանին առիթ չի կորսնցնենք գեղեցիկ նուէր մը ընելու մեր Թագաւորին, որ մեզի համար եկաւ աշխարհ ոչ թէ աշխարհի հռչակաւոր բեմերու վրայ, այլ Բեթղեհէմի լուսաւոր աղքատութեան մէջ։ Եթէ այս մէկը կատարենք լոյսը պիտի շողայ նաեւ մեր վրայ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2019, 10:44