Ֆրանչիսկոս Պապ  Ֆինլանտայի համամիութենական  պատուիրակութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆինլանտայի համամիութենական պատուիրակութեան անդամներուն հետ  

«Համամիութիւնը անշրջելի ուղեւորութիւն է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մենք կանչուած ենք մեր ամէն ջանքը թափելու ու ամէն ինչ ընելու ի նպաստ հանդիպումին, որպէսզի սիրով լուծենք անհասկացողութիւնները:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 19 Յունուար 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց՝ Սուրբ Էնրիկոսի տօնին առթիւ ուխտագնացութեամբ Ֆինլանտայէն Հռոմ ժամանած  համամիութենական մէկ պատուիրակութիւնը որ երէկ մասնակցեցաւ նաեւ Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքյաին մէջ կայացած Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան բացման Ժամասացութեան արարողութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Միութիւնը կ՛աճի ճանապարհորդութեան ընթացքին

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած խօսքին մէջ գնահատելով եղբայրական հանդիպումի առիթը, որ խթան է նաեւ Քրիստոնեաներու միջեւ միութեան,  Նորին Սրբութիւնը հաստատեց  թէ «համամիութիւնը անշրջելի ուղեւորութիւն մըն է», որուն ընթացքին Սուրբ Հոգւոյն շնորհքով կ՛աճի նաեւ միութիւնը, որ մեզ կը տանի Քրիստոսի, մեր Տիրոջ, որպէս Հօր սիրուած զաւակներ, ուստի իրարու եղբայրներ։

Այս իրողութենէն մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ համամիութենական ուղեւորութեան ընթացքին եկեղեցիներու պարտականութեան վրայ՝ որ է մատուցել սիրոյ ծառայութիւն ու վկայել հաւատքը։ «Երբ աղօթենք միասին, երբ միասին հռչակենք Աւետարանը եւ ծառայութիւն մատուցենք աղքատին ու չքաւորին, մենք մեզ կը վերագտնենք ուղեւորութեան մէջ ու այդ ուղեւորութիւնը մեզ կը տանի տեսանելի միութեան» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով նաեւ թէ այդ ուղեւորութեան ընթացքին կարելի է նաեւ լուծել աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական հարցերը,  որոնք տակաւին բաժանումի պատճառ են։

Ջանք դափել ի նպատս հանդիպումին

«Մենք կանչուած ենք մեր ամէն ջանքը թափելու ու ամէն ինչ ընելու ի նպաստ հանդիպումին, որպէսզի սիրով լուծենք անհասկացողութիւնները, նախապաշարումներն ու հակառակութիւնները, որոնք դարերու ընթացքին ապականեցին մեր յարաբերութիւնները» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով որ ուղեւորութեան ընթացքին մենք մինակ չենք, ու թէ կան միասնական վկաներ, նման Սուրբ Էնրիկոսին, ապա հրաւէր ուղղեց վերադառնալու աւանդութեան ու այդ աւանդութիւնը վերագտնելու Քրիստոսին խաչին վրայ հեղած արեան մէջ։ «Խաչին վրայ Ան ինքզինք նուիրեց ամբողջութեամբ, մեզի պարգեւելով իր Հոգին» յարեց Քահանայապետը դիտել տալով թէ այնտեղէն է որ կը բխի նաեւ հաւատացեալի մեր կեանքը ու այնտեղ է որ կը գտնուի յաւիտենական վերածնունդը։ «Այնտեղ ամէն մէկ քրիստոնեայ կը գտնէ ուժը շալկելու մէկը միւսին ծանր խաչերը» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ու այս տարուայ բնաբանին «ջանացէք ըլլալ իսկապէս արդարներ»։

Վկայել սէր եւ արդարութիւն

«Աշխարհի մը մէջ որ յօշոտուած է պատերազմներէ, ատելութենէ, ծայրայեղութենէ ու բաժանումներէ, աղօթքը ու միասնական յանձնառումը ի նպաստ աւելի մեծ առադրութեան այլեւս կարելի չէ յետաձգել» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, յոյս յայտներով որ միասնական աղօթքի վկայութիւնը իր պտուղները պիտի արտադրէ, ու Ֆինլանտայէն ժամանած պատուիրակութեան  այցելութիւնը նկատելով առիթ՝ ամրապնդելու արդեն իսկ ամուր համագործակցութիւնը ընդմէջ լուտերականներու, օրթոտոքսներու ու կաթողիկէներու։

Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց բոլորին վրայ հացելով Աստուածային առատ պարգեւներ ու ներկաներէն խնդրելով որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2019, 10:54