Որոնել

Կեանքի ի նպաստ քահանայապետական կաճառ: Կեանքի ի նպաստ քահանայապետական կաճառ: 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը կեանքի ի նպաստ քահանայապետական կաճառի նախագահին:

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնելով մարդկային հասարակութեան մասին խորհրդածութենէ մը կը յորդորէ «աճիլ ստեղծագործութենէն եւ Աստուծոյ սէրէն ծագած մեր միասնական ծագումի գիտակցութեամբ»

Երեքշաբթի, 15 յունուար 2019-ին, «կեանքի ի նպաստ քահանայապետական կաճառ»ին 25-րդ ամեակին առթիւ, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ կաճարի նախագահ՝ գերապայծառ Վինչենցօ Փալիային, յղած նամակը։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնելով մարդկային հասարակութեան մասին խորհրդածութենէ մը կը յորդորէ «աճիլ ստեղծագործութենէն եւ Աստուծոյ սէրէն ծագած մեր միասնական ծագումի գիտակցութեամբ», դիտել տալով, որ մարդկային էակներուն միջեւ երկայրութեան՝ ընտանեկան նախաձեռնութիւնը, իւրայատուկ թաքնուած գանձն մըն է, որուն շատ կարիքը կը զգայ ժամանակակից աշխարհը, ընդգծելով որ Աստուծոյ Որդւոյն մէջ է որ կը յայտնուի Աստուծոյ քնքշութիւնը՝ մարդկութեան նկատմամբ- որ ինքզինք մեկուսացուած ու կորսուած կը զգայ:

Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ կը յորդորէ ի յայտ դնել Աստուծոյ սէրը՝ մարդ արարածին հանդէպ, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն, դիտել տալով որ այր մարդու եւ կնոջ միջեւ յարաբերութիւնը կը կազմէ այն վայրը, ուր համայն ստեղծագործութիւնը կը դառնայ Աստուծոյ զրուցակից ու անոր Սիրոյ վկայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը գրէ թէ եկեղեցին կանչուած է վճռակամութեամբ վերարծարծելու կեանքի մարդկայնապաշտութիւնը , որ կը ծագի Աստուծոյ՝ մարդ արարածին հանդէպ սէրէն, նկատել տալով որ Իւրաքանչիւր մարդ արարածի կեանքը՝ հասկնալու, զարգացնելու եւ պաշտպանելու յանձնառութիւնը կը բխի մարդու նկատմամբ Աստուծոյ ցուցաբերած անվերապահ սէրէն:

Նորին Սրբութիւն ակնարկելով ապա Կաճառի պատմութեան դիտել ու տայ, որ ան հիմնադրութիւնէն ի վեր 11 փետրուար 1994-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին օրով, նպաստած է զարգացնելու ուսումնասիրական ու տեղեկատուական ծրագիրներուն՝ ի յայտ դնելու համար որ «գիտութիւնը ու արուեստագիտութիւնը, դրուած մարդ անհատի ու անոր հիմնական իրաւունքներու ծառայութեան կը նպաստեն մարդու համապարփակ բարիքին եւ Աստուածային փրկագործութեան ծրագրի գործադրման»:

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ի տես ժամանակակից երեւոյթին ուր աւելիով կը ծաւալի տարածքը ընդմէջ «անհատական բարօրութեան փնտռտուքին ու մարդկային բաժնեկից ուրախութեան» կը զգուշացնէ մարդկային ընտանիքի միութեան ու անոր ապագային սպառնացող բաժանում եւ պատերազմներ յարուցող զօրութիւններէն, դիտել տալով թէ այդ մէկը աւելի քան մշակոյթ դարձած է դրամի զօրութեան հետ դաշինք կնքող՝ հասարակութեան դէմ անտարբերութեան հակամշակոյթ։ Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ որ բազմաթիւ մարդիկ ու կիներ յաճախ յուսահատ վիկճակը մէջ են այն պատճառով որ դրամապաշտութեան համակարգը եւ սպառողականութեան գաղափարապաշտութիւնը կը գերիշխէ անոնց կարիքներուն վրայ եւ կը խեղաթիւրեն անոնց երազները առանց հաշուի առնելու բաժնեկցուած կեանքի գեղեցկութիւնը եւ հասարակաց տունի բնակելիութիւնը:

ֆրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ կը նկատէ առ այդ «վերազարգացնել եղբայրական ու զօրակից մարդկայնապաշտութեան մը տեսութիւնը ընդմէջ անհատներու ու ժողովուրդներու» ապա հաստատելով որ «Մարդկային կեանքը բացարձակ բարիք մըն է- Քրիստոնեայ ժողովուրդը կը հրաւիրէ անսալու տառապող ժողովուրդներուն ճիչին, հիւրընկալութեան ու մարդկային կեանքի պաշտպանութեան ուղիով, տարածելով հակապատերազմական մտայնութեան մը գաղափարականը»։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը կ՛անդրադառայ նաեւ կենսաբարոյագիտական հարցերուն ու նաեւ նոր արուեստագիտութիւններու յառաջացումին հրաւիրելով կաճառը յանձնառու ըլլալ այս ուղղութեամբ եւս գործելու մինչ նամակի աւարտին շեշտը կը դնէ եղբայրութեան վրայ հաստատելով թէ «եղբայրութիւնը կը մնայ արդիականութեան չի յարգուած խոստումը» հրաւիրելով հետեւիլ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի օրինակին որ կարող էր բոլոր արարածներուն մէջ տեսնել իր եղբայրը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2019, 13:59