Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ Յունուար 2019-ի Մարեմեան աղօթքը։

«Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը ըլլալու խաղաղութեան արուեստագէտներ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի մէկ յունուար 2019-ին կը յիշատակուի Մարիամ Մայր Աստուծոյ տօնը որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նոր տարին սկսաւ  Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած սուրբ պատարագով, ապա կէսօրին՝ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան ծիսական տօնին վրայ հաստատելով թէ «այսօր՝ Սուրբ Ծնունդէն ութ օր ետք կը տօնախմբենք Աստուծոյ Սուրբ Մայրը։ Այնպէս ինչպէս հովիւները Բեթղեհէմի մէջ,   մենք եւս մեր հայեացքը կ՛ուղղենք անոր ու անոր ձեռքերուն մէջ գրկած Մանուկին վրայ»։

Ունկնդրէ լուրը

Աստուծոյ օրհնութիւնը մարմին կու տայ բոլոր բարի մաղթանքներուն

 «Այսպէս է որ Ան մեզի ցոյց կու տայ Յիսուսը՝ աշխարհի Փրկիչը ու  մեզ կ՛օրհնէ։ Կ՛օրհնէ ամէն մէկ մարդու ու կնոջ ճանապարհը, այս տարուայ սկիզբը, որ բարի պիտի ըլլայ այն չափով որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛ընկալէ Աստուծոյ բարութիւնը, որ Յիսուս բերաւ աշխարհ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ Աստուծոյ օրհնութիւնն է որ արդարեւ մարմին կու տայ բոլոր բարի մաղթանքներուն զորս կը փոխանակենք այս օրերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա օրուան ծիսակատարութեան առթիւ նախատեսուած օրհներգին, ուր կը յայտնուի, ըսաւ Ան, Տիրոջ դիմագիծը։ Աստուած որ անհասանելի է մարդուն, սակայն կը յայտնուի անոր իր Սիրոյ փառքով, նման արեւին որուն կարելի չէ նայիլ, սակայն իր շողերը կը ցոլացնէ ամէն մէկ այր մարդու ու կնոջ վրայ։

Յիսուս Մանուկը աղբիւր  շնորհքի, ողորմութեան ու խաղաղութեան

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը դարձեալ մատնանշեց Սուրբ Կոյս Մարիամին ու անոր գիրկի Մանուկին, հաստատելով թէ «Ան աղբիւր է շնորհքի, ողորմութեան ու խաղաղութեան»։

Ասոր համար է որ Սուրբ Պօղոս Զ Պապը օրուան առաջինը օրը ուզեց նուիրել Խաղաղութեան եւ այսօր կը յիշատակենք խաղաղութեան 52-րդ օրը, որուն բնաբանն է «Բարի  քաղաքականութիւնը խաղաղութեան կը ծառայէ» - ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ պէտք չէ մտածել որ քաղաքականութիւնը վերապահուած է միայն քաղաքական գործիչներուն, բոլորս ալ պատասխանատուութիւն ունինք Քաղաքի կեանքին ու հասարակաց բարիքին նկատմամբ, ու քաղաքականութիւնը բարի է այն չափով որ իւրաքանչիւրը իր դերը կը կատարէ ի սպաս խաղաղութեան։

Ողջոյնի խօսքեր ու բարեմաղթութիւններ

«Այս մեր առօրեայ յանձնառումին մէջ մեզ օգնէ Աստուծոյ Սուրբ Մայրը»  ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը հուսկ աղօթելէ ետք Մարեմեան աղօթքը ողջունեց հրապարակը համախմբուած  հաւատացեալները վերյիշելով Սուրբ Ծննդեան եղբայրութեան  իր պատգամը ու զայն վերանորոգելով որպէս խաղաղութեան ու բարօրութեան մաղթանք։

Սրբազան Պապը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ապա  Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահին իրեն ուղղած բարի մաղթանքներուն համար Տիրոջ օրհնութիւնները հայցելով անոր եւ Իտալացի ժողովրդին վրայ։ ։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ապա Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան «խաղաղութիւն երկրի վրայ» ձեռնարկը ու քաջալերանքն ու գնահատանք արտայայտեց այս Խաղաղութեան օրուան առթիւ կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին  բարեխօսութիւնը որպէսզի Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը ըլլալու խաղաղութեան արուեստագէտներ այս նոր տարուայ ամէն մէկ օրուայ ընթացքին։

Հաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար ըսաւ Սրբազան Պապը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն ու վերջ տալով 2019 տարուայ առաջին Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2019, 13:13