Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքան Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքան 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան մեկնարկի Ժամասացութեան առթիւ:

Այսօր սկիզբ կ՛առնէ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբաթը, որուն առթիւ ամէնքս կանչուած ենք Աստուծմէ հայցելու այս մեծ պարգեւի շնորհքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 18 Յունուար 2019-ին 17.30-ին, «Պարիսպներէ դուրս Սուրբ Պօղոս» Քահանայապետական պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց ժամասացութեան արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններու պատկան հոգեւորականներ, որոնց շարքին Հռոմի մէջ ներկայութիւն ունեցող եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, Ֆինլանտայէն ժամանած համամիութենական պատուիրակութիւն մը, Պոզէյի համամիութենական կեդրոնի դասընթացքներուն հետեւող աշակերտները, ու Հռոմի մէջ ուսանող Արեւելեան օրթոտոքս Եկեղեցիներու պատկան աշակերտները։

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութեան ընթացքին արտասանած  քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով վերոնշեալ մասնակիցներուն նշեց թէ «այսօր սկիզբ կ՛առնէ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբաթը, որուն առթիւ ամէնքս կանչուած ենք Աստուծմէ հայցելու այս մեծ պարգեւի շնորհքը»։ «Քրիստոնեաներու միութիւնը պտուղն է Աստուծոյ շնորհքին ու մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք զայն ընկալելու վեհանձն ու տրամադիր սրտով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով այս տարուայ Միութեան Աղօթքի Շաբթուայ բնաբանին որ քաղուած է Օրէնքի գիրքէն ուր, ըսաւ Սրբազան Պապը, մատնանշուած է նաեւ թէ ինչպէս պէտք է տօնախմբուին տարուան ծիսական հիմնական տօները, որոնց առթիւ Իսրայէլի ժողովուրդը կանչուած է գոհութիւն մատուցելու Աստուծոյ՝ Անորմէ ընդունած պարգեւներուն համար։

«Իւրաքանչիւր տօնի առթիւ հարկաւոր էր ուխտագնացութիւն մը կատարել վայրի մը ուր Տէրը որոշած էր հաստատել իր Անունը, ու ամէն մէկ իսրայէլացի պարտական էր Տիրոջ առջեւ ներկայանալ պարգեւով մը, որուն հիման վրայ պիտի ընդունուէին Տիրոջ օրհնութիւնները»  նշեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Այս տօները՝ ժողովուրդը կը մղէին արդարութեան ու կը յիշեցնէին բոլորին միջեւ հաւասարութիւնը, որովհետեւ ամէնքն ալ կախեալ էին Աստուծոյ ողորմութենէն, ու պարտական էին իրար միջեւ բաժնեկցիլ ընդունուած պարգեւները»։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչսիկոս Պապ մատնանշեց  Ինդոնեզիոյ Քրիստոնեաներուն, որոնց յանձնուած էր այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան շաբթուայ աղօթքներու նիւթին ընտրութիւնն ու պատրաստութիւնը, նշելով որ անոնք արդարութեան նիւթը ընտրեցին մեկնելով իրենց ապրած փորձառութենէն ու երկրին մէջ տիրող անարդար աղքատութենէն, որ կը սպառնայ նաեւ ընկերային հաւասարակշռութեան։

«Այս մէկը սակայն չի հայիր միայն ինդոնեզիական իրականութեան, այլեւ համայն աշխարհին։ Երբ ընկերութիւնը կորսնցուցած է հասարակաց բարիքի ու զօրակցութեան սկզբունքը, ականատես կ՛ըլլանք գայթակղութեան մը. մարդիկ կ՛ապրին յետին թշուառութեան մէջ, զարմանահրաշ հարստութեան խորհրդանիշ հանդիսացող, երկնաքերներու, աստղային պանդոկներու,  եւ արուեստի շքեղ  կենտրոններու կողքին» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ «մենք մոռացանք օրէնքի իմաստութիւնը՝ որուն  հիման վրայ եթէ հարստութիւնը բաժնեկից չէ՝ ընկերութիւնը կը բաժնուի»։

«Հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, մենք պէտք է ջանք դափենք օգնութեան հասնելու տկարներուն։ Զօրակցութիւնը ու միասնական պատասխանատուութիւնը պէտք է ըլլան օրէնքները, որոնք հիմքը կը կազմեն քրիստոնեայ ընտանիքին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացնելով մրցակցութեան ու հարստութիւն դիզելու  սպառնալիքներէն որոնք մեզ մորացնել կու տան տկարներն ու չքաւորները - ըսաւ Ան։

Դիւրին է մոռնալ թէ մեր միջեւ տիրող հիմնական հաւասարութիւնը՝ կը կայանայ այն իրողութեան վրայ որ բոլորս ալ ստրուկ էինք մեղքին ու Տէրը մեզ ազատեց Մկրտութեան միջոցաւ, մեզ կոչելով իր զաւակները։ Դիւրին է մտածել որ հոգեւոր շնորհքը որ մեզի պարգեւուած է սեփականութիւն  է։ Եւ կարելի է նաեւ որ Աստուծոյ պարգեւները մեզ կոյր դարձնեն այլ քրիստոնեաներու շնորհած պարգեւներուն դիմաց։ Ծանր մեղք է մեր եղբայրներուն շնորհած Տիրոջ պարգեւները արհամարհելը, կարծելով թէ Աստուած անոնց աւելի նուազ առանձնաշնորհումներ տուած ըլլայ։  «Եթէ այսպիսի միտքեր ունինք թոյլ կու տանք որ նոյնինքն շնորհքը ըլլայ աղբիւր հպարտութեան, անարդարութեան ու բաժանումի» ըսաւ Քահանայապետը հարց տալով «ի՞նչպէս պիտի կարենանք առ այդ ժառանգել խոստուած Արքայութիւնը»։

Մեր միութիւնը հանդիսացող դէպի խոստացուած այդ երկիրը մղող առաջին քայլերը կատարելու համար պէտք է նախ եւ առաջ հեզութեամբ ընդունինք թէ ընկալուած օրհնութիւնները մերը չեն, այլ մեզի տրուեցան որպէսզի զանոնք կիսենք ուրիշներուն հետ։ Ապա պէտք է ճանչնանք այլ քրիստոնեաներուն տրուած շնորհներուն արժէքները, ու մասնակցիլ այդ պարգեւներուն։ Այսպէսով պարգեւներու փոխանակումէն նորոգուած քրիստոնեայ ժողովուրդ մը, պիտի դառնայ՝ դէպի միութիւն տանող՝ հաստատ ու վստահ քայլերով քալող ժողովուրդ» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2019, 18:59