Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Քուպայի կրկէսի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Քուպայի կրկէսի անդամներուն հետ  

Քուպայի կրկէսի անդամներ ելոյթ ունեցան Ֆրանչիսկոս Պապին առջեւ։

Մոգերու նման մենք եւս բարձրացնենք մեր աչքերը դէպի երկինք, միայն այդպէսով է որ կարող պիտի ըլլանք տեսնելու աստղը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 Յունուար 2019-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ կայացած Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Քուպայէն ժամանած կրկէսի արուեստագէտները ելոյթ ունեցան Ֆրանչիսկոս Պապին ու սրահին մէջ գտնուող հազարաւոր ուխտաւորներուն առջեւ։

Անոնց ուղղելով իր խօսքը, Սրբազան Պապը նշեց թէ «անոնք իրենց ցուցադրումով գեղեցկութիւն կ՛արտայայտեն» հաստատելով թէ «գեղեցկութիւնը սիրտը կը վսեմացնէ, մեզ աւելի բարի կը դարձնէ, մեզ կը մղէ բարիին, կը տանի նոյնիսկ դէպի Աստուած։ Սրտանց շնորհակալութիւն, շարունակեցէք ձեր այս ընթացքը, գեղեցկութիւն շնորհելով համայն աշխարհին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ ապա  իր եզրափակիչ խօսքին մէջ յիշեց թէ յառաջիկայ Կիրակի օր պիտի տօնենք Աստուածայայտնութեան տօնը։ «Մոգերու նման մենք եւս բարձրացնենք մեր աչքերը դէպի երկինք, միայն այդպէսով է որ կարող պիտի ըլլանք տեսնելու աստղը որ մեզ կը հրաւիրէ քալելու բարիի ուղիներուն վրայ։ Շնորհաւոր Նոր տարի բոլորիդ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2019, 11:05