Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Փանամայի առաքելական ճամբորդութիւնը առանցքը կազմեց Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդկրութեան։

Այնքան որքան նոր սերունդները կարողութիւնը ունին «ահաւասիկ եմ» ըսելու Աստուծոյ, աշխարհը կարող է ապագայ մը ունենալ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 30 Յունուար 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ, նախագահեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը յատկացուց Փանամա կատարած առաքելական ճամբորդութեան։

Ունկնդրէ լուրը

«Ձեզ կը հրաւիրեմ իմ հետս գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ, այն շնորհքին համար որ պարգեւեց Եկեղեցւոյ ու Փանամայի սիրեցեալ ժողովուրդին» ըսաւ Սրբազան Պապը, շնորհակալութիւն յայտնելով Փանամայի նախագահին ու իշխանութիւններուն, ու բոլոր անոնց որոնք կարելի դարձուցին այդ հաւաքին իրականացումը՝ կամաւորները ու յատկապէս բնակչութեան որ զինք դիմաւորեցին  իրենց ձեռքերուն մէջ գրկելով իրենց մանուկները, կարծես թէ ըսէին «այս է իմ հպարտութիւնս, այս է իմ ապագաս» ըսաւ Քահանայապետը այս արարքը նկատելով արժանապատուութեամբ լի արարք մը, ու խօսուն մէկ պատգամ՝ Եւրոպայի մէջ ապրուած ժողովրդագրական ձմռան։

Առաքելական ճամբորդութեան նպատակը ԵՀՕ

«Առաքելական ճամբորդութեան նպատակն էր երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ հաւաքի ծիրէն ներս տեղի ունեցան նաեւ այլ հանդիպումներ, տեղական իշխանութիւններու, եպիսկոպոսներու, բանտարկեալներու, կղերական դասի ու բարեսիրական հաստատութիւններու հետ, որոնք բոլորն ալ «վարակուեցան» երիտասարդներու ուրախ ներկայութեամբ։

Դիմագիծերու ու լեզուներու մեծ համանուագ

«Տօնախմբութիւն մը անոնց ու Փանամայի համար եւ տօնախմբութիւն համայն Կեդրոնական Ամերիկային համար, որ յատկանշուած է բազմաթիւ ողբերգութիւններով ու կարիքը ունի յոյսի» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ԵՀՕ հաւաքէն առաջ տեղի ունեցած Բնիկ Ժողովուրդներու երիտասարդներու  ու Ափրիկա-ամերիկացի երիտասարդներուն հաւաքին, որ՝ ըսաւ Ֆրանչիսոս Պապ, «աւելի լաւ բացայայտեց Լատին Ամերիկայի եկեղեցւոյ բազմազանութիւնը», հուսկ համայն աշխարհէն երիտասարդներու ժամանումը նկատեց դիմագիծերու ու լեզուներու մեծ համանուագ մը։ 

«Երիտասարդական հանդիպումի ուրախութիւնը եղաւ մարգարէական նշան ու նշան թէ քրիստոնեայ երիտասարդները  խաղաղութեան թթխմոր են աշխարհի մէջ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով որ ԵՀՕ այդ հաւաքը ունեցաւ Մարեմեան դրոշմ մը, որովհետեւ անոր բնաբանն էր «Ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես» (Ղուկ 1,38) Մարիամին հրեշտակին արտասանած խօսքերը։

Ճանապարհ Խաչին նուիրումի դպրոց

«Գեղեցիկ եղաւ այդ բառերը ունկնդրել նաեւ հինգ ցամաքամասերէ ժամանած երիտասարդներու բերնէն, որովհետեւ այնքան որքան նոր սերունդները կարողութիւնը ունին «ահաւասիկ եմ» ըսելու Աստուծոյ, աշխարհը կարող է ապագայ մը ունենալ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու ակնարկեց ԵՀՕ կարեւոր հանգրուաններէն մին կազմող ճանապարհ խաչի արարողութեան, ուր երիտասարդները Մարիամի հետ միասին քալեցին Յիսուսին խաչին ետին, սորվելով համբերատար, լռելեան ու գործնական սէրը» ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ ճանապարհ խաչի ընթացքին երիտասարդները Յիսուսին հետ կրեցին բազմաթիւ եղբայրներու ու քոյրերու տառապանքը՝ որոնք թիրախ են աղքատութեան ու ստրկութեան զանազան ձեւերու։

Մարիամ Աստուծոյ ազդեցիկ կինը

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ նշեց թէ ԵՀՕ կորիզը եղաւ Հսկումի աղօթքը ու եզրափակիչ պատարագը։ Հսկումի ընթացքին երիտասարդներուն առաջարկեցի Մարիամը՝ որպէս այն անձը որ որեւէ անձէ աւելի՝ իր փոքրութեամբ, համայն պատմութեան վրայ «ազդեցութիւն» ունեցաւ։ Իսկ Պատարագի ընթացքին հրաւիրեցի երիտասարդները Աւետարանը ապրելու ներկային մէջ, «որովհետեւ երիտասարդները ապագայ չեն, «մինչդեռ» չեն, այլ Եկեղեցւոյ ու աշխարհին ներկան են՝ ապագայի համար» ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ այս ուղղութեամբ կոչ ուղղեց չափահասներու պատասխանատուութեան՝ որպէսզի նոր սերունդներուն չի պակսի դաստիարակութիւնը, աշխատանքը, հասարակութիւնն ու ընտանիքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց հուսկ կեդրոնական Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումին, որուն ընթացքին թոյլ տուինք «ընտելանալ» Գերապայծառ Օսքար Ռոմերօ Սուրբին ուսուցումներով, որպէսզի միշտ աւելիով ապրինք Եկեղեցւոյ հետ, երիտասարդներուն, աղքատներուն, քահանաներու ու Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին մեր մօտիկութեամբ։

Նոր Պենտեկոստէ

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա աթոռանիստ Եկեղեցւոյ խորանի օծման արարողութեան, զայն նկատելով նշան վերայայտնուած գեղեցկութեան ու հաւատքին ու մաղթելով որ Փանամայի ու Համայն աշխարհի Եկեղեցական ընտանիքը,  կարողանայ Սուրբ Հոգիէն միշտ գաղել նոր պտղաբերութիւն, որպէսզի կարողանայ շարունակել ու աւելիով ընդլայնել՝ Յիսուսի Քրիստոսի երիտասարդ աշակերտ միսիոնարներու աշխարհին մէջ ուխտագնացութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2019, 10:15