Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի մատակարարում Սիքստինեան մատրան մէջ Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի մատակարարում Սիքստինեան մատրան մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Սիրելի ծնողներ ձեր պարտականութիւնն է հաւատքը փոխանցել օրինակով»

Բազմաթիւ մանուկներ այսօր չեն գիտէր նոյնիսկ խաչ հանել ու հարկաւոր է այդ եւս սորվեցնել տուներու եւ ընտանիքի ներքոյ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 Յունուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Թանգարանի աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը- որուն ընթացքին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան տօնին առթիւ, Մկրտութեան Սուրբ Խորհուրդը մատակարարեց 27 նորածին մանուկներու, որոնցմէ՝ 12-ը մանչ եւ 15ը աղջիկ։

«Այս է ահա ձեր պարտականութիւնը՝ հաւատքը փոխանցել ապրելակերպով, օրինակով»

Սուրբ Զոհի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր սրտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ.«Արարողութեան սկիզբը ձեզի հարց տրուեցաւ ի՞նչ կը խնդրէք ու դուք պատասխանեցիք. «հաւատքը»։ Այսօր արդարեւ այս մանուկները պիտի ընդունին հաւատքի պարգեւը ու այս հաւատքը պէտք է զարգանայ ու աճի։ Երբ յետագային անոնք հետեւին Քրիստոնէականի անշուշտ  պիտի սորվին հաւաքը, սակայն ուսմունքէն առաջ հաւատքը պէտք է փոխանցուի ու այս փոխանցման պարտականութիւնը ձեզի կ՞իյնայ, եւ այս մէկը կը կատարուի տան մէջ, որովհետեւ հաւատքը կը փոխանցուի տունի, ընտանիքի բարբառով։ «Այս է ահա ձեր պարտականութիւնը՝ հաւատքը փոխանցել ապրելակերպով, օրինակով» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով նաեւ թէ բազմաթիւ մանուկներ այսօր չեն գիտէր նոյնիսկ խաչ հանել ու հարկաւոր է այդ եւս սորվեցնել տուներու եւ ընտանիքի ներքոյ։

«Խուսաբեցէք զաւակներուն առջեւ վիճաբանութենէն»

Անոնք տան մէջ պէտք է տեսնեն անդորրութիւնը, շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապ, ծնողներուն թելադրելով իրենց զաւակներուն առջեւ չի վիճաբանիլ։ «Այնպէս ըրէք որ անոնք այս մէկին ականատես չ՛ըլլան որպէսզի խռովութեան չի մատնուին։ Անշուշտ բնական է որ զոյգերու միջեւ վէճ ու անհասկացողութիւններ ծագին, սակայն այս մէկը հեռու կատարեցէք մանուկներու աչքերէն» յարեց Նորին Սրբուիւնը ու նախ քան քարոզը աւարտելը դարձեալ շեշտեց ծնողաց հաւատքի փոխանցման պարտականութեան կարեւորութիւնը ապա մատնանշելով թէ մի գուցէ արարողութեան ընթացքին  մանուկները լան ու պոռթկան յորդորեց  հանգիստ թողուլ զանոնք որպէսզի իրենք զիրենք ազատ զգան ու եթէ անօթի են կերկարեցէք զանոնք - ըսաւ Սրբազան Պապը մանուկներուն լացը նմանեցնելով գեղեցիկ  բազմաձայնի համերգի մը։

«Այժմ շարունակենք մեր պատարագը ու խնդրեմ մի մոռնաք ձեր կարեւոր պարտականութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը ու շարունակելով Սուրբ Պատարագի եւ Մկրտութեան խորհուրդի մատակարարման արարողութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2019, 10:13