Որոնել

«Click to pray - սեղմէ աղօթելու համար» «Click to pray - սեղմէ աղօթելու համար» 

Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց «Click To Pray» ցանցին իր աղօթքի կայքը։

Ծրագիրը հրաւէր է աղօթքով աջակցելու եւ ընկերանալու Քահանայապետին աշխարհի մէջ կատարած կարեկցութեան առաքելութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 յունուար 2019-ին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց Քահանայապետի աղօթքի Համաշխարհային ցանցի պաշտօնական «Click To Pray» ծրագրին ներքոյ  իր աղօթքի կայքը։

Քահանայապետի աղօթքի Համաշխարհային ցանցը ունի նաեւ երիտասարդներուն յատկացուած յատուկ բաժանմունք։

«Click To Pray – սեղմէ աղօթելու համար» ծրագիրը (www.clicktopray.org) հրաւէր է աշխարհի բոլոր մարդոց ու կիներուն- Քահանայապետին աջակցելու եւ անոր ընկերանալու աշխարհի մէջ կատարած իր կարեկցութեան առաքելութեան։ Ծրագիրը հասանելի է վեց լեզուներով՝ սպաներէն, անգլերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն փորթուկալներէն, եւ գերմաներէն։

Ծրագիր ունի երեք գլխաւոր բաժիններ. «Աղօթէ Քահանայապետին հետ», ուր նշուած է Քահանայապետի ամսուայ դիտաւորութիւնը՝ հայող մարդկային մարտահրաւէրներուն ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ «Աղօթէ ամէն օր», ուր կը ներկայացուին օրուայ ընթացքին երեք պահերու աղօթքներ ու «Աղօթէ ցանցին մէջ» որ ազատ «վայր» մըն է. ուր հաւատացեալները, ներառեալ Ֆրանչիսկոս Պապը, կարող են կիսել իրենց աղօթքները ու աղօթել մէկը միւսին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին կայքը հասանելի է սոյն հասցէին վրայ (https://www.clicktopray.org/it/user/papafrancesco)

«Click To Pray» ծրագիրը՝ յառաջիկայ 22-27 Յունուար 2019-ին Փանամային մէջ կայանալիք  2019ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ պաշտօնական հարթակն է ու այս առընչութեամբ հարթակը կը ներառէ  բազմալրասփիւռային բաժին մը յատկացուած Խաղաղութեան Վարդարանի աղօթքին։

Քահանայապետը  բոլոր երիտասարդներուն հրաւէր ուղղեց իրենց բջիջային գործիքներու վրայ ունենալո ւ«Click To Pray» ծրագիրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց «Click To Pray» ցանցին իր աղօթքի կայքը։

Յայտնենք թէ Քահանայապետի աղօթքի Համաշխարհային ցանցը քահանայապետական մէկ հաստատութիւն  է որուն առաքելութիւնն է աղօթել ու ապրիլ մարդկային  եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան մարտահրաւէրները, զանոնք ներկայացնելով ամէն ամիս՝աղօթքի դիտաւորութեամբ։

Ցանցը հիմնուած է 1844-ին որպէս աղօթքի առաքելութեան ցանց ու ներկայ է 98 երկիրներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2019, 12:30