Հռովմէական հին ծէսով պատարագ Հռովմէական հին ծէսով պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով կասեցուց «Ecclesia Dei» Քահանայապետական յանձնախումբը։

Ինքնագիր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ թէ 1988-ին ստեղծուած արտակարգ իրավիճակը այլեւս գոյութիւն չունի,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 19 Յունուարին հրապարակուած՝ 17 Յունուար 2019-ի թուակիր ինքնագիր նամակով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կասեցուց «Ecclesia Dei» Քահանայապետական յանձնախումբը, որ ստեղծուած էր 1988 թուականին երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով, Մարսել Լըֆեվր Արքեպիսկոպոսին հետ ստեղծուած եկեղեցական խզումէն ետք, պարտականութիւն ունենալով  գործել ի նպաստ եկեղեցական ամբողջական հաղորդութեան վերահաստատումին, այն քահանաներուն, նորընծաներուն ու կրօնաւորներուն հետ որոնք մաս կը կազմէին Լըֆեվրեան եղբայրութեան։

Ինքնագիր իր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  կը նշէ թէ 1988-ին ստեղծուած արտակարգ իրավիճակը այլեւս գոյութիւն չունի, շնորհիւ նաեւ իր նախորդին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին առած որոշումներուն։ Այս իրականութեան հիման վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ վերոնշեալ յանձնախումբի պարտականութիւնները փոխանցեց Հաւատոյ Ժողովի յատուկ մէկ բաժանմունքին տրուած ըլլալով նաեւ որ այդ խզումի այսօրուայ դրդապատճառները հիմնուած են վարդապետական հարցերու վրայ։ Լը Ֆեվրի Եղբայրութեան այսօրուայ կառավարիչները բաղձանք յայտնած են Սուրբ Աթոռին հետ քննարկելու որոշ հարցեր՝ հայող Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի փաստաթուղթերուն ու այդ հարցերը պիտի քննարկուին Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լատարիայի հսկողութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2019, 12:14