Քահանայապետական  երաժշտական մատուռը Քահանայապետական երաժշտական մատուռը  

Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը հայող Քահանայապետական երաժշտակ

Ինքնագիր նամակով Քահանայապետական երաժշտական մատուռը ներառուեցաւ ծիսական արարողութիւններու գրասենեակին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինքնագիր նամակով Քահանայապետական  երաժշտական ​մատուռը ներառուեցաւ ծիսական արարողութիւններու գրասենեակին մէջ։

Շաբաթ 19 յունուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ինքնագիր նամակով մը հրահանգ տուաւ Քահանայապետական  երաժշտական մատուռը ներառել Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու գրասենեակին ներքոյ։

Իր հիմնադրութեան օրէն ու դարերու հոլովոյթն Քահանայապետական երաժշտական մատուռը փայլեցաւ պատմութեան մէջ, որպէս «վայր արուեստի ու ծէսի արտայայտութեան ի ծառայութիւն Քահանայապետական արարողութիւններուն, որոնք սկզբնական շրջանին կը կատարուէին, հրաշագործ Սիքստինեան մարտան մէջ, (որմէ առած է նաեւ անունը) հուսկ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կամ այն վայրերուն մէջ ուր Քահանայապետերը անհրաժեշտ կը նկատէին անոր ներկայութիւնը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակին մէջ մատնանշելով Քահանայապետի եւ Երաժշտական Մատուռի միջեւ դարերու ընթացքին կայացած կապին ու նշելով թէ այսօր առած իր այս որոշումը առնուած է ծիսակատարութեան մասին հայող Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի թելադրանքներու հիման վրայ։

Վերոնշեալ որոշումով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը Քահանայապետական երաժշտական մատրան որպէս պատասխանատու նշանակեց Քահանայապետական ծիսական Արարողութիւններու գլխաւոր արարողապետ՝ գերապայծառ Կուիտօ Մարինին, անոր յանձնելով նաեւ մատրան գործունէութեան առաջնորդութիւնը, որուն առաջնահերթ պարտականութիւնն է «Աստուծոյ փառքը ու հաւատացեալներու սրբութիւնը»։ Այս ուղղութեամբ Գերապայծառ Մարինիին յանձնուեցաւ նաեւ պարտականութիւնը նոր կանոնագիրքի մը շարադրութեան։

Միեւնոյն ինքնագիր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ Քահանայապետական Երաժշտական Մատրան որպէս տնտեսական հարցերու հոգաբարձու նշանակեց գերայայծառ Կուիտօ Փոցցոն որ մինչեւ օրս կը վարէր Քահանայապետական «Ecclesia Dei» յանձնախումբի քարտուղարի պաշտօնը։ Գերապայծառ Փոցցօ այս նոր պարտականութիւնը պիտի կատարէ  Քահանայապետական Երաժշտական մատրան նոր պատասխանատու գերապայծառ Մարինիի հսկողութեան ու անոր առաջնորդութեան տակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2019, 12:00