Ընկերային Հաղորդամիջոցներ Ընկերային Հաղորդամիջոցներ 

«Թող որ ընկերային ցանցերը երիտասարդներուն ճգնութեան վայրը չդառնան» Ֆրանչիսկոս Պապ:

Ընկերային հաղորդամիջոցներուն համաշխարհին 54-րդ օր - 24 Յունուարին կը յիշատակուի Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի ծիսական տօնը որ է նաեւ Կաթողիկէ լրագրութեան պաշտպան Սուրբը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 24 Յունուար 2019-ին Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տէ Սալի ծիսական տօնին առթիւ հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու 54-րդ Համաշխարհային օրուան հայող պատգամը։

Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու Համաշխարհային օրուան այս տարուայ պատգամին բնաբանն է «Անդամ ենք մէկը միւսին. Ընկերային ցանցերու հասարակութենէն՝ մարդկային հասարակութիւն»։

Մարդը բնութեամբ չուզեր առանձնութեան մէջ  ապրիլ

«Այն օրէն որ ցանցը մատչելի դարձաւ, Եկեղեցին միշտ փորձեց անոր գործածութիւնը խթանել ի ծառայողութիւն մարդոց միջեւ հանդիպումին ու բոլորին միջեւ զօրակցութեան» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ պատգամին սկիզբը ապա հրաւէր կ՛ուղղէ խորհրդածելու «յարաբերութեան մէջ ըլլալու» կարեւորութեան ու անոր հիմքին վրայ, ու ժամանակակից հաղորդակցութեան  ընդարձակ մարտահրաւէրներուն դիմաց, վերագտնել առանձնութեան մէջ ապրելու մերժումի՝ մարդուն իղձը։

Ցանցը ճանաչողութեան ու յարաբերութիւններու աղբիւր

Ֆրանչիսկոս Պապ ցանցը կը նկատէ ճանաչողութեան ու յարաբերութիւններու աղբիւր որ արտակարգ հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ գիտութեան մատչելիութեան։ «Թէեւ, դիտել կու տայ Սրբազան Հայրը, ցանցը դարձաւ նաեւ ապատեղեկատուութեան ենթարկուած  եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող ամենատարածուած վայերէն մին» եւ ասկէ մեկնելով Ան կը նշէ թէ «եթէ ընկերային ցանցերը, մէկ կողմէն կը ծառայեն մեզ աւելիով կապի մէջ պահելու, իրարու հանդիպելու եւ օգնելու մէկը միւսին, միւս կողմէ միջոց են անձնական տուեալներու շահարկուած գործածութեան, քաղաքական կամ տնտեսական գետնի վրայ օգուտներ քաղելու նպատակով, առանց հաշուի առնելու մարդոց ու անոնց իրաւունքներու յարգանքը», յատկապէս տկարներունը՝ որոնց շարքին  կը դասուին երիտասարդները, դիտել կու տայ Սրբազան Հայրը։

Ցանցը հասարակութեան հոմանիշ չէ

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցնել կու տայ թէ ներկայի իրողութեան մէջ, ընկերային ցանցերու հասարակութիւնը «network community»ին, ինքնաբերաբար հասարակութեան հոմանիշ մը չէ», աւելցնելով թէ  յաճախ այդ ցանցային վայրին մէջ յարաբերութիւնները կը հիմնուին զօրեղին՝ տկարին վրայ իշխելու տրամաբանութեան վրայ, ու յաճախ՝ փոխանակ միութեան վայր ըլլալու ան կը դառնայ վայր նախապաշարումներու ու վախի։

Երիտասարդներու ճգնութեան վայր

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Հայրը կը զգուշացնէ այն փորձութենէն որ ցանցը առիթ հանդիսանայ «երիտասարդներու ճգնութեան – մեկուսացումին»։ «Ցանցը առիթ է խթանելու ուրիշներու հետ հանդիպումը, սակայն կարող է նաեւ ընդլայնել մեր կղզիացումը, նման սարդոստայնի թակարդին» կը գրէ Սրբազան Պապը այս առընչութեամբ ակնարկելով յատկապէս պատանիներուն ու երիտասարդներուն որոնք յաճախ զոհ են ընկերային ցանցերուն, որոնք զիրենք կը մղեն «կղզիացումի եւ ընկերութենէն հեռու ապրելու վտանգին»։

Մերժել սուտը ու հետապնդել ճշմարտութիւնը

«Այսուհետեւ մերժէցէք ուրեմն ստութիւնը։ իւրաքանչիւրը թող ճշմարտութիւնն ըսէ իր մերձաւորին, քանի որ իրարու անդամներ ենք» Պատգամին կորիզը կազմող Պօղոս առաքեալի սոյն խօսքերէն մեկնելով,  Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ «մենք պարտականութիւնն ունինք պաշտպանելու ճշմարտութիւնը», ընդգծելով թէ ճշմարտութիւնը կը յայտնուի հաղորդութեան մէջ, մինչ սուտը եսասէր ժխտումն է մէկը միւսին, ժխտումն է նուիրուելու ու ճանչնալու միեւնոյն մարմնին սեփական պատկանելիութիւնը, կորսնցնելով նաեւ միակ ուղին՝ որ կը մղէ վերագտնելու մենք զմեզ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ որ պատգամի աւարտին  կոչ կ՛ուղղէ ի նպաստ ցանցի ուղիղ գործածութեան պատասխանատուութեան։

 Ընկերային ցանցերը լրացուցիչ վայր են իրական  հանդիպումին

 «Ընկերային ցանցերու գործածութիւնը լրացուցիչ է իրական (մարդ մարդու հետ) հանդիպումին, որ կարելի է շնորհիւ ուրիշին մարմին, սրտին, աչքերուն, հայեացքին ու շունչին։ Այս է մեր ուզած ցանցը. Ցանց մը որ չէ եղած թակարդներ լարելու համար, այլ ձերբազատելու ու պահպանելու ազատ անձերու հաղորդութիւնը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեցնելով որ «Եկեղեցին եւս ցանց մըն է հիւսուած սուրբ հաղորդութեան վրայ ուր միութիւնը չի հիմնուիր « like»ի  մը վրայ այլ ճշմարտութեան վրայ, այդ «ԱՄԷՆ» ին վրայ, որով ամէն մէկը Քրիստոսի Մարմնին կը միանայ ընկալելով նաեւ ուրիշները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2019, 12:00