Որոնել

Հիւանդներու Համաշխարհային օր Հիւանդներու Համաշխարհային օր 

«Ձրի արիք ձրի տուէք» (Մատթ. 10,8)։ Հիւանդներու Համաշխարհային օրուան պատգամը։

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ կը քաջալերեմ բոլոր կամաւորական ընկերակցութիւնները որոնք հոգ կը տանին հիւանդներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, «Ձրի արիք ձրի տուէք» (Մատթ. 10,8)։ Յիսուսին արտասանած խօսքերն են ասոնք երբ ան իր առաքեալները ուղարկեց Աւետարանը քարոզելու, որպէսզի իր Թագաւորութիւնը տարածուէիր ձրի սիրոյ արարքներու միջոցաւ»։  Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ կու տայ , յառաջիկայ 11 փետրուար 2019-ին, Հնդկաստանի Կալկաթա  քաղաքին մէջ մեծ շուքով յիշատակուելիք Հիւանդին 28-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած իր պատգամին, որուն մէջ կը հաստատէ թէ «Եկեղեցին որ մայր է բոլոր իր զաւակներուն, ու յատկապէս հիւանդներուն, կը յիշեցնէ որ ձրի պարգեւի արարքները , նման բարի սամարացիի արարքին, աւետարանութեան ամենահաւատալի ուղին են»։

Հիւանդներուն խնամքը կարիք ունի արհեստավարժութեան եւ քնքշութեան

«Հիւանդներուն խնամքը կարիք ունի արհեստավարժութեան եւ քնքշութեան, ձրի արարքներուն, ուղիղ ու պարզ ժեստերու, նման պարզ շոյանքին, որուն միջոցաւ ուրիշին զգալ կու տանք թէ «սիրուած» է»։  Կը գրէ  Քահանայապետը պատգամին մէջ հաստատելով թէ «կեանքը մեզի շնորհուած Աստուծոյ պարգեւ է» ու մէջերով Սուրբ Պօղոսին խօսքերը «Ի՞նչ ունիս որ չես ստացած (Ա. Կորընթ. 4,7)։ Մատնանշելով ապա «մնացորդացի  ու անտարբերութեան մշակոյթի» երեւոյթին  Սրբազան Պապը կը յանձնարարէ  «պարգեւը» ընտրել որպէս նմոյշ,  յաղթահարելու համար անհատականութիւնն ու ընկերային ժամանակակից մասնատումը, որպէսզի խթանուին նոր կապեր ու մարդկային նոր համագործակցութիւն, ընդմէջ ազգերու եւ մշակոյթներու»։

Պարգեւը ուրեմն փոխադարձ ճանաչողութիւն է

Նորին Սրբութիւն զանազանութիւն կը դնէ նուէրի ու պարգեւի միջեւ, այս վերջինս  նկատելով անձնուիրում, զոհաբերում եւ ոչ թէ իրի կամ սեփականութեան մը փոխանցումը ուրիշին։ «Պարգեւը ուրեմն փոխադարձ ճանաչողութիւն է։ Անոր մէջ կայ Աստուծոյ սիրոյ ցոլացումը, որ իր գագաթնակէտը կը գտնէ Միածին Որդոյն՝ Յիսուսին մարդեղութեան ու Սուրբ Հոգիի զեղումին մէջ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նկատել տալով նաեւ որ ամէն մէկ մարդ անհատ աղքատ  ու կարիքաւոր է իր բնութեամբ։ «Ի ծնէ կարիքն ունինք մեր ծնողաց ու այդպէս է նաեւ կեանքի բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին» կը գրէ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով գիտակից ըլլալ այս իրականութեան ու անկէ մեկնելով գործել պատասխանատուութեամբ, բոլորս իրար ճանչնալով որպէս եղբայրներ, ուստի զօրակից մէկը միւսին նկատմամբ։

«Աստուած եւս Յիսուսի միջոցաւ, խոնարհեցաւ, մեր աղքատութիւններու վրայ, մեզ օգնելու ու մեզի պարգեւելու համար այն բարիքները որոնք միայնակ չեն կարող ընկալել» կը հաստատէ ապա Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ ակնարկելով Հնդկաստանի մէջ նշուելիք Հիւանդի համաշխարհային  օրուան ու այս առընչութեամբ յիշելով Կալկաթայի Մայր Թերեզան ու անոր սրբակեաց կենցաղը, որպէս տիպար  Աստուծոյ տեսանելի սիրոյն։

Կալկաթայի Մայր Թերեզայի օրինակը կը շարունակէ մեզ առաջնորդել

Սրբազան Հայրը  կը մեջբերէ ապա Կալկաթայի Մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութեան առթիւ արտասանած քարոզէն հատուածներ նշելով որ «Մայր Թերեզան եղաւ աստուածային ողորմութեան վեհանձն վկան ու խթանողը…. Ան մերձերում ցուցաբերեց մահամերձ ու ամենայետին վիճակի մէջ ապրող անձերուն…իր ձայնը լսելի դարձուց աշխարհի մեծամեծներուն, որպէսզի ճանչնան իրենց ոճիրը։ Անոր համար ողորմութիւնը եղաւ «աղ» որ համ կու տար իր ամէն մէկ արարքին եւ «լոյս» որ  կը լուսաւորէ խաւարն անոնց որոնք այլեւս նոյնիսկ արտասուելու արցունք ալ չունէին։ Անոր առաքելութիւնը քաղաքներու ու գոյութենական արուարձաններու մէջ  կը մնայ մինչեւ օրս խօսուն վկայութիւնը Աստուծոյ մօտիկութեան՝ աղքատներուն ու չքաւորներուն»։

«Մայր Թերեզայի օրինակը կը շարունակէ մեզ առաջնորդել, բանալու համար ուրախութեան ու յոյսի հորիզոնները մարդկութեան դիմաց որ կարիքն ունի հասկացողութեան ու քնքշութեան» կը նշէ հուսկ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ ձրիութիւնը թթխմորն է կամաւորներու ներգործութեան ու յատկապէս ընկերա-բուժական ասպարէզէն ներս։

Շնորհակալութիւն կամաւորական ընկերակցութիւններուն

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ կը քաջալերեմ բոլոր կամաւորական ընկերակցութիւնները որոնք հոգ կը տանին հիւանդներուն» կը գրէ  ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով նաեւ հիւանդներու իրաւունքին ինչպէս նաեւ հիւանդութիւնները կանխարգիլելու գործընթացին ու գնահատանք արտայայտելով  կամաւորներուն հիւանդներուն մատուցած տնային սպասարկութեան համար, որ կը ներառէ նաեւ հոգեւոր աջակցութիւն, եւ ասկէ մեկնելով  քաջալերեց կամաւորները շարունակել ըլլալ աշխարհիկ աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ վկաները, հաղորդելով արժէքներ ու կեանքի ապրելակերպ որուն կեդրոնը ըլլայ «պարգեւելու» խմորը։

Նորին Արբութիւնը ձրիութեան չափանիշը նկատելով յատկապէս կաթողիկէ խնամակալութեան կեդրոններու չափանիշ, «որովհետեւ Աւետարանի տրամաբանութիւնն է ան» կը նշէ որ «Կաթողիկէ հաստատութիւնները կանչուած են արտայայտելու պարգեւի իմաստը, ձրիութեան ու զօրակցութեան իմաստը, որպէս պատասխան շահի, տալ՝ ընդունելու համար ու շահագործումի տրամաբանութեան»։

Խթանել ձրիութեան ու պարգեւի մշակոյթը

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսելով բոլորը խթանելու ձրիութեան ու պարգեւի մշակոյթը, որ հիմնական է յաղթահարելու համար շահի եւ մնացորդացի մշակոյթը, պատգամը կ՛եզրափակէ բոլորը յանձնելով  Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին, որպէսզի մեզ օգնէ կիսելու ընդունուած պարգեւները, երկխօսութեան ու փոխադարձ հիւրընկալութեան հոգիով, ու ապրելու որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր որոնք ուշադիր են մէկը միւսին։

«Բոլորին կը վստահեցնեմ իմ մօտիկութիւնս ու աղօթքս եւ ի սրտէ կ՛ուղարկեմ իմ Առաքելական Օրհնութիւնս» կը գր Սրբազան Պապը աւարտելով պատգամը որ կը կրէ 25 Նոյեմբեր 2018-ի թուականը, Յիսուս Քրիստոս  Տիեզերքի Թագաւոր տօնին օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2019, 12:00