Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Յունուար 6՝ Աստուածայայտնութեան տօնը Վատիկանի մէջ։

6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` գացին Յիսուս Մանուկը տեսնելու

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ  5 Յունուարին` հայոց մօտ Յայտնութեան տօնին Ճրագալոյցն է։ Իսկ

Կիրակի 6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` գացին Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրորդը` խունկ եւ երրորդը` զմուռս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմռսէին։

Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Ֆրանչիկսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր սուրբ պատարագ կը  մատուցանէ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ, ապա կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսի, կը հանդիսանայ ծիսական գլխաւոր 5 մեծ տօներէն մին, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։

Յայտնութեան տօնին օրը` սովորութիւն կայ հայկական եկեղեցիներուն մէջ` կատարելու Յորդանան գետին մէջ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող արարողութիւնը՝ Ջրօրհնէք (կամ Խաչը ջուրը նետել)։ Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը այդ օրհնուած ջուրէն մաս մը տուն կը տանի, որպէսզի օգտագործէ հիւանդութեանց ու անյաջողութեանց դէմն առնելու համար։

Նշենք թէ  մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած է նաեւ «Կեցցէ Պէֆանան (խորհրդաւոր պառաւ)» աւանդական ձեռնարկը որուն առթիւ շեփորախումբեր, ֆոլքլորի եւ աւանդական զգեստներով խումբեր, կը համախմբուին ''Քասթել Սան Անճէլօ'' դղեակի տարածքին ու ապա Բեթղեհէմի Մոգերը ներկայացնող դերասաններու ընկերակցութեամբ, տողանցք կը կատարեն, ուղղուելով դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ուր կէսօրին` ներկայ կը գտնուին Ֆրանչիսկոս Պապին Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին ու Քահանայապետին տանելով Աստուածայայտնութեան տօնը խորհրդանշող նուէրներ։

''Վիվա լա Պէֆանա - Կեցցէ Պեֆանան'' տօնախմբութիւնը նախաձեռնուած է «Եւրոպայի ընտանիքներ»՝ կազմակերպութեան ջանքերով համագործակցութեամբ այլ հաստատութիւններու եւ ընկերակցութիւններու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2019, 08:38