Որոնել

Միջին Արեւելքին մէջ  անկայուն իրավիճակին թիրախները յատկապէս քրիստոնեաներն են Միջին Արեւելքին մէջ անկայուն իրավիճակին թիրախները յատկապէս քրիստոնեաներն են 

Ֆրանչիսկոս Պապն ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները։

Սրբազան Պապը նշեց թէ Միջին Արեւելքին մէջ տիրող անկայուն իրավիճակին թիրախները յատկապէս քրիստոնեաներն են

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմները ու այդ տարածաշրջանի մէջ Քրիստոնեաներու ապագան կեդրոնական նիւթեր հանդիսացան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, անցեալ 7 Յունուար 2019-ին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած  դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն ուղղած պատգամին։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց պատերազմի ու հակամարտութիւններու անմեղ զոհերն ու  գաղթականները, ընդգծելով հարկաւոր յանձնառումը՝ դադրեցնելու բռնութիւնները ու այնպէս ընելու որ քրիստոնեաները կարողանան վերադառնալ իրենց տուները։

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ  կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան ամէն ջանք դափելու՝ որպէսզի Սուրիոյ տագնապին համար գտնուի քաղաքական լուծում մը, մինչ գաղթականներու հիւրընկալութեան առընչութեամբ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Յորդանանին եւ Լիբանանին, անոնց  ցուցաբերած եղբայրական մօտեցումին, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն ու զոհողութիւններուն։

Սրբազան Պապը նշեց թէ Միջին Արեւելքին մէջ տիրող անկայուն իրավիճակին թիրախները յատկապէս քրիստոնեաներն են, որոնք այդ հողերուն վրայ կը գտնուին առաքեալներու օրերէն եւ որոնք դարերու հոլովոյթին սատարեցին տարածաշրջանի զարգացման ու կառուցման գործընթացին»։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը քաջալերեց գաղթականութեան ճանապարհը առնող քրիստոնեայ ընտանիքները վերադառնալու իրենց հօրենական հողերը, այլապէս միշտ սերտ կապ պահելու իրենց սկզբնական հասարակութիւններուն հետ։ Նորին Արբութիւնը հուսկ դատապարտեց այն  ուժերն ու շահերը որոնք կը ջանան  քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ թշնամութիւն յարուցել։

Յայտնենք թէ 2011-ին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմը պատճառ դարձաւ 23 միլիոն սուրիացիներու տեղահանման. Անոնցմէ 5.6 միլիոնը այժմ կ՛ապրի այլ երկիներու մէջ։ Անոնց մեծամասնութիւնը կը գտնուի Սուրիոյ սահմանային երկիրներուն մէջ։  Հակառակ այս ժխտական իրողութեան կան սակայն յոյսի նոր նշոյլներ։  Ռուսական բանակի տուեալներու համաձայն, 2018 թուականին 114 հազար փախստականներ արդեն վերադարձ կատարած են իրենց տուները մինչ ՄԱԿ-ի նախահաշիւներու համաձայն 2019-ին կարելի է որ մինչեւ 250 հազար սուրիացիներ վերադառնան իրենց երկիրն ու տուները։ Այս թիւը կրնայ նաեւ աճ արձանագրել որ կախեալ է անշուշտ հետագայի քաղաքական պայմաններէն։

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական իրաւասութեամբ հիմնարկի տեղեկագրի համաձայն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հասարակութիւնները մեծ կորուստ ունեցան վերջին 20 տարիներու ընթացքին յատկապէս պատերազմի ու անոնց դէմ մղուած հալածանքներու պատճառաւ։ Արդարեւ 2003 թուականին Իրաքի մէջ կ՛ապրէին մէկ միլիոն քրիստոնեայ, մինչ վերջին տուեալներու համաձայն անոնց թիւը իջած է 200 - 250 հազարի։ Կազայի մէջ մնացած են միայն 100 քրիստոնեայ մինչ 90ական թուականներուն անոնց թիւը 4500 էր։

«Catholic Near East Welfare Association» տեղեկագրի համաձայն Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ հաւատացեալներու թիւը 2010 մինչեւ 2017 անցած է 2.2 միլիոնէ՝ 1.1 միլոնի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2019, 08:34