Որոնել

Ադոմական զէնք Ադոմական զէնք 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Զէնքերու շուկան սպառնալիք է մարդկային ընտանիքին»։

Զանգուածային ոչնչացման զէնքերը, յատկապէս ադոմական զէնքերը, ուրիշ բան չեն յառաջացներ եթէ ոչ ապահովութեան զգացումի խաբկանք

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Զէնքերու վաճառքը ու միջուկային զէնքի տարածումը կեդրոնական նիւթերէն մին հանդիսացան, անցեալ 7 Յունուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին ուղղած տարեկան պատգամին։

Համաշխարհային գետնի վրայ զէնքի վաճառքի յատկացուած զինուորական ծախսը՝ վերջին տարիներուն 1400 միլիառի կը հասնէր, այսօր ան գերազանցած է 1730 միլիառը։ Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ թէ «Ցաւօք սրտի, պէտք է պարզել թէ զէնքերու շուկան ոչ միայն ընդհատում չէ արձանագրած, այլ միշտ աւելիով տարածուած է զինուելու հակումը, ըլլայ  անհատներու ըլլայ պետութիւններու կողմէ»։

Քահանայապետը մտահոգիչ համարեց ապա  «միջուկային» նոր եւ աւելի կործանիչ զէնքերու զարգացումը ու այս ուղղութեամբ նշեց թէ «կարելի չէ մտահոգութեան ու  անհանգստութեան զգացում չ՛արտայայտել եթէ նկատի առնենք այն մարդկայնական ու բնապահպանական աղետալի հետեւանքները որոնք յառաջ եկան միջուկային ռումբերու օգտագործումէն։ «Ասոր համար, նկատի առնելով նաեւ այդպիսի զէնքերու պատահական պայթումի վտանգը, հարկաւոր է վճռակամութեամբ դատապարտել անոնց գործածութեան սպառնալիքը» յարեց ապա Սրբազան Պապը նոյնիսկ  «անբարոյական» նկատելով  անոնց օգտագործումը ու նաեւ անոնց սեփականութիւնը, «որովհետեւ նոյնինքն անոնց գոյութիւնը կը ծառայէ վախի տրամաբանութեան մը խթանումին, որ չի ներգրաւէր միայն հակամարտող կողմերը, այլ համայն մարդկային ընտանիքը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ «Զանգուածային ոչնչացման զէնքերը, յատկապէս ադոմական զէնքերը, ուրիշ բան չեն յառաջացներ եթէ ոչ ապահովութեան զգացումի խաբկանք ու կարող չեն երբեք հանդիսանալ հիմք մարդկային ընտանիքի անդամներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան, որ պէտք է այլապէս ներշնչում գտնէ զօրակցութեան բարոյականութեան մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2019, 11:45