Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը դեսպաններուն. «Ազգերը թող որոնեն միասնական լուծումներ»։

7 Յունուար 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւանդութիւն է որ ամէն տարուայ սկիզբը Քահանայապետը հանդիպում ունենայ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ, անոնց հետ փոխանակելու նոր տարուան բարի մաղթանքները։ Աւանդութիւն է նաեւ որ այս հանդիպման ընթացքին Քահանայապետը անոնց ուղղէ պատգամ մը որուն մէջ ընդհանրապէս կ՛ընդգծուի Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական անցեալի գործունէութեան հաշուեկշիռը ու կը ներկայացուի սկիզբ առնող տարուան ուղեգիծը։

Երկուշաբթի 7 Յունուար 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը  «Ռեճա» անուամբ սրահին մէջ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած  183 դեսպաններն ու դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ որոնց շարքին Հայաստանի Հանրապետութեան Վատիկանի մօտ դեսպանութեան «գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար» Անահիտ Սիրունեան։

Զրոյց Տիկ Անահիտ Սիրունեանի հետ

«Վսեմաշուք Տիկնայք եւ Պարոնայք, նոր տարուայ մը սկիզբը մեզի առիթ է պահ մը կանգ առնելու առօրեայի իրարայաջորդ խելայեղ գործունէութիւններէն, մի քանի նկատառումներ կատարելու անցեալի իրադարձութիւններու մասին ու խորհրդածելու մօտ ապագային մեզ սպասող մարտահրաւէրներուն վրայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով դեպաններուն ուղղած իր երկարաշունչ ճառին ու բոլոր ներկաներուն ու անոնց ներկայացուցած ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն ուղղելով խաղաղութեան ու բարօրութեան  բարի մաղթանքներ։

Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպաններուն իրենց առօրեայի աշխատանքին համար որուն միջոցաւ կ՛ամրապնդուին Սուրբ Աթոռի եւ անոնց ներկայացուցած Պետութիւններու ու կազմակերպութիւններու միջեւ կապը - ըսաւ Ան ու այս  ուղղութեամբ ակնարկեց անցեալ տարուայ ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն որոնց շարքին յիշեց Պենինի եւ Սան Մարինոյի հանրապետութիւններուն հետ կնքուած համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ «ԵՈՒՆԵՍՔՈՅԻ» հետ համաձայնութիւնը եւ Եւրոյի միասնական վճարային տարածքին մէջ Վատիկանի ներառումը։

«Առածէ իմ ոչխարներս»

Քահանայապետը մէջբերեց ապա Յիսուսին Սուրբ Պետրոսին ուղղած խօսքը «առածէ իմ ոչխարներս» այս մէկը նկատելով նաեւ Քահանայապետին եւ Սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնն ու ծառայութեան յանձնառութիւնը ի սպաս համայն մարդկային ընտանիքին։

Յանձնառութիւն որ զինք մղեց իրականացնելու առաքելական ճամբորդութիւնները Չիլէ, Փերու, Զուիցերիայ, Իռլանդա, Լիթուա, Լաթուիա եւ Էսթոնիա։

«Վերոնշեալ մտահոգութիւնն է որ Եկեղեցին կը մղէ ամէն մէկ վայրի մէջ գործելու ի նպաստ խաղաղ եւ հաշտուած ընկերութեան մը կերտումին» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը, այս ծիրէն ներս մատնանշելով Նիքարակուայի մէջ տիրող կացութեան ու մաղթելով որ քաղաքական ու ընկերային զանազան ներկայացուցիչները  երկխօսութեան մէջ գտնեն մայր ուղին, ի նպաստ համայն Երկրին բարիքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ ամրապնդուած յարաբերութիւններուն որուն բերումով մօտ ապագային Սուրբ Աթոռը Վիեթնամի մէջ պիտի ունենայ իր մնայուն ներկայացուցիչը ու մատնանշեց նաեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան հետ անցեալ 22 սեպտեմբեր 2018-ին կնքուած Եպիսկոպոսներու անուանումներուն հայող ժամանակաւոր համաձայնութեան ու այդ համաձայնութեան շնորհիւ ձեռք բերուած փոքրիկ քայլերուն՝ ինչպէս երկու Չինացի եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը՝ անցեալ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայացած երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։

Բազմակողմանի դիւանագիտութիւն։

«Մաղթանք կը յայտնենք որ այդ կապերու շարունակութիւնը սատարէ լուծում գտնելու բաց հարցերուն ու ապահովէ հարկաւոր այն տարածքները իսկական կրօնի ազատութեան ուղիով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը կեդրոնացուց այս տարուայ ընթացքին նախատեսուած տարեդարձներուն որոնց շարքին «Եւրոխորհուրդի» 70 ամեակը եւ «Ազգերու Ընկերակցութեան» հարիւրամեակը «որուն հաստատումը ստորագրուած էր 28 յունիս 1919-ին Վերսայլ քաղաքին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ թէեւ այդ կազմակերպութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի բայց եւ այնպէս կը ներկայացնէ բազմակողմանի դիւանագիտութեան արդիականութեան սկիզբը որուն միջոցաւ պետութիւնները կը ջանան փոխադրած յարաբերութիւնները անջատել՝ դէպի պատերազմ տանող ճնշումներու տրամաբանութենէն։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը ակնարկեց Ազգերու Ընկերակցութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու այդ դժուարութիւններէն ծագած համաշխարհային Բ պատերազմին ու այդ պատերազմէն ետք 1945-ին ծնունդ առած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան։

Բազմակողմանի դիւանագիտութեան յաջողութեան անհրաժեշտ հիմքը կը մնայ բարի կամքը ու զրուցակիցներու բարեխղճութիւնը ինչպէս նաեւ անոնց տրամադրութիւնը ի նպաստ անկեղծ եւ արդար բանավէճի մը, որով կ՛ընդունին կողմերու միջեւ առճակատումէն բխած անխուսափելի փոխզիջումները։ Երբ այս իրականութիւնները պակսին կը գերակայէ միակողմանի լուծումի փնտռտուքը, ու աւելի զօրաւորին տկարին վրայ ճնշումը - ըսաւ Սրբազան Պապը - դիտել տալով թէ «Ազգերու Ընկերակցութիւնը» ապրեցաւ ճիշդ այս տագնապը ու կարեւոր համարեց որ ներկայ ժամանակի ընթացքին եւս չի պակսի Պետութիւններու միջեւ խաղաղ ու կառուցողական դիմակայութեան ցանկութիւնը, «հակառակ որ վերջերս սկսած են դարձեալ յայտնուիլ ազգայնական միտումներ որոնք կը սպառնան Միջազգային Կազմակերպութիւններու կոչումին» յարեց Նորին Սրբութիւնը, այս մէկը կախեալ նկատելով  բազմակողմանի համակարգի լուծումներ որոնելու անկարողութենէն ու զայն վերագրելով  Կազմակերպութիւններուն մէջ շահագրգռութիւն հետապնդող  խումբերու եւ լիազօրութիւններու աճումին, որոնք կ՛ուզեն իրենց տեսութիւնն ու գաղափարները բանեցնել, յառաջացնելով գաղափարախօսական նոր գաղութատիրութիւններ- որոնք յաճախ կ՛անարգեն ժողովուրդներու ինքնութիւնը, արժանապատուութիւնն ու անոնց զգայնութիւնը։

Այս իրականութենէն մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին շարունակութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Պօղոս Զ Պապին՝ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն արտասանած յիշարժան ճառին վրայ։

«Պօղոս Զ որ ուրախութիւնը ունեցայ անցեալ տարի  դասելու Սուրբերու շարքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  եղաւ առաջին քահանայապետը որ պատգամ մը ուղղեց ՄԱԿ-ի ամպիոնէն  մատնանշելով բազմակողմանի դիւանագիտութեան նպատակներու, անոր առանձնայատկութիւններուն ու պատասխանատուութեանը այժմէական բնագաւառէն ներս եւ ընդգծելով  Քահանայապետի, ուստի Սուրբ Աթոռի, առաքելութեան հետ գոյութիւն ունեցող շփման տարրերը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ որ Պօղոս Զ Քահանայապետին այդ ճառէն մեկնելով  շեշտը դրաւ չորս կարեւոր կէտերու վրայ «Արդարութեան եւ օրէնքի առաջնութիւնը», «Տկարներուն պաշտպանութիւնը», «Խաղաղութեան կառուցողներ ու ժողովուրդներու միջեւ կամուրջ հանդիսանալը» ապա «վերամտածել մեր միասնական ճակատագիրը»։

Արդարութեան եւ օրէնքի առաջնութիւնը

«Դուք՝ ըսած է Մոնթինի Քահանայապետը, կ՛ընդունիք այն մեծ սկզբունքը որ ժողովուրդներու միջեւ կապերը պէտք է կարգաւորուին իմացականութեան, արդարութեան, օրէնքի, եւ բանակցութիւններու հիման վրայ, ոչ թէ ուժի, ոչ թէ բռնութեան, ոչ թէ պատերազմին եւ ոչ ալ վախի ու խաբէութեան վրայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ այս խօսքերուն հիման վրայ կարեւոր նկատեց որ քաղաքական գործիչները մտիկ ընեն իրենց ժողովուրդի ձայնին ու ջանան պատշաճ լուծումներ գտնել սատարելու համար անոնց բարիքին։

«Այս մէկը կը պահանջէ  արդարութեան եւ օրէնքի յարգանքը, ըլլայ ազգային հասարակութեան ըլլան միջազգային հասարակութեան ներքոյ», նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով նաեւ այս տարուայ Խաղաղութեան Միջազգային օրուան իր պատգամի բնաբանին «Բարի քաղաքականութիւնը խաղաղութեան կը ծառայէ» ու վերահաստատելով թէ բարի քաղաքականութեան ու ազգերու եւ ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան միջեւ կայ մտերիմ յարաբերութիւն մը։

«Խաղաղութիւնը մասնակի բարիք մը չէ այլ կ՛ողջագուրէ համան մարդկութիւնը»  ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ բարի քաղաքականութեան յատկանիշներէն մին բոլորին հասարակաց բարիքը հետապնդելն է։ Քաղաքականութիւնէն կը խնդրուի ըլլալ հեռատես եւ չի բաւարարուիլ անցողակի լուծումներով։ Բարի քաղաքագէտը կանչուած է միութիւնը գերադասելու հակամարտութեան, որուն հիմը կը կազմէ «զօրակցութիւնը» ու մարդու արժանապատուութեան յարգանքը»  հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Տկարներուն պաշտպանութիւնը»

Երկրորդ նիւթը որուն մասին կ՛ուզեմ ակնարկել տկարներուն պաշտպանութիւնն է ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը դարձեալ մէջբերելով Մոնթինի Քահանայապետին խօսքերը «Մենք մերը կ՛ընենք աղքատներուն, ծանրաբեռնուածներուն, տառապողներուն, արդարութեան, կեանքի արժանապատուութեան, ազատութեան, բարգաւաճումի եւ զարգացումի ձգտողներուն ձայնը»։

«Եկեղեցին մշտապէս յանձնառու եղած է օգնութեան հասնելու կարիքաւորին եւ Սուրբ Աթոռը տարիներու ընթացքին եղաւ նախաձեռնողը տկարներուն թիկունք կանգնող զանազան ծրագիրներու, որոնք վայելեցին միջազգային մակարդակի վրայ տարբեր ենթականերու համագործակցութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով այդ ծրագիրներէն ոմանք ու հաստատելով թէ «միջազգային հասարակութիւնը եւս իր կուսկազմակերպութիւններուն հետ միասին կանչուած է ձայն տալու անոնց որոնք ձայն չունին» եւ այս ծիրէն ներս  ներառելով պատերազմներու զոհերը, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, ու կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան- վերջ դնելու այդ հակամարտութեան՝ դիմելով քաղաքական լուծումի մը, որ դադրեցնել տայ  մարդկային իրաւունքի դէմ գործադրուած խախտումները, որոնք մեծ եւ անասելի ցաւեր կը պատճառեն անմեղ քաղաքացիներուն ու յատկապէս մանուկներուն եւ կիներուն։ Քահանայապետը յիշեց նաեւ անհամար փախստականներն ու գաղթականները շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանին ու Յորդանանին որոնք հիւրընկալեցին զանոնք ու այս ուղղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Եւրոպական ցամաքամասի Պետութիւններուն ու այլ երկիրներուն։

Սրբազան Պապը հուսկ շեշտը դրաւ Միջին Արեւելքի կացութեան վրայ ու յատկապէս քրիստոնեաներու ներկայութեան ու անոնց այդ վայրերուն մէջ գոյատեւման վրայ որպէսի լիիրաւ քաղաքացիներ։ Ան ապա ակնարկեց մօտալուտ ապագային Միջին Արեւելեան երկու իսլամ երկիներուն կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններուն, Մարոք եւ Արաբական միացեալ Էմիրութիւնները, որոնք առիթ պիտի ըլլան աւելիով ամրապնդելու միջ կրօնական երկխօսութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիոս Պապ մատնանշելով գաղթականութեան հարցին հայող Սուրբ Աթոռին որդեգրած քաղաքականութեան ու միջազգային բանակցութիւններու ծիրէն ներս անոր սատարին։

«Ընկերութեան տկարներուն մէջ կան նաեւ երիտասարդները», յարեց ապա Սրբազան Պապը անգամ  մը եւս մէջբերելով Պօղոս Զ Պապին խօսքերը ու ակնարկելով անցեալ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայացած երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն Փանամայի մէջ կայանալիք ԵՀՕ։

«Երիտասարդները ապագան են ու քաղաքականութեան պարտականութիւնն է բանալ ապագային ճանապարհները ու ասոր համար ներդրում պէտք է կատարուի, այնպիսի ձեռնարկներու վրայ որոնք եկող սերունդներուն թոյլ տան կառուցել իրենց ապագան, կարելիութիւն ունենալով աշխատանք հայթայթելու, ընտանիք կազմելու ու զաւակներ աճեցնելու»։

Երիտասարդներուն հետ միասին հարկաւոր է յիշել նաեւ պատանիները, յատկապէս այս տարի երբ կը յիշատակուի «Պատանիներու Իրաւունքի Համաձայնութեան» 30 ամեակը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս մէկը նկատելով նաեւ առիթ խորհրդածելու անոնց բարիքին ու անոնց զարգացման մասին, եւ այս ծիրէն ներս յիշելով մանկապղծութեան հարցը որ «ամենաչար յանցագործութիւններէն մին է» ըսաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով Սուրբ Աթոռին ու Եկեղեցւոյ այս ախտին դէմ պայքարելու համար առած յանձնառու որոշումին ու յատկապէս այս առընչութեամբ յառաջիկայ Փետրուարին Վատիկանի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսական Վեհաժողովին։

Սրբազան Հարը ակնարկեց ապա ընտանեկան յարկէն ներս կիներուն դէմ գործադրուած բնութիւններուն զանոնք եւս դասելով տկարներու շարքին, այնպէս ինչպէս աշխատանքի վայրերէն ներս աշխատանքային յետին պայմաններուն, մաղթելով որ Աշխատանքի Միջազգային կազմակերպութիւնը որ ծնունդ առաւ հարիւր տարիներ առաջ գործէ ի նպաստ աշխատանքի պատշաճ պայմաններու հաստատումին, ու ստրկական աշխատանքի վերացումին։

Խաղաղութեան կառուցողներ ու ժողովուրդներու միջեւ կամուրջ հանդիսանալը 

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ խօսքը կեդրոնացուց Ազգերու Կազմակերպութեան  խաղաղութեան կառուցող ու ժողովատներու միջեւ կամուրջ դառնալու կարեւորութեան,  Պօղոս Զի խօսքերով հաստատելով որ «Խաղաղութիւնը չի կառուցիր միայն քաղաքականութեամբ եւ ուժերու հաւասարակշռութեամբ այլ հոգիով, գաղափարներով ու խաղաղութեան արարքներով»։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը մատնանշեց Եթովպիայի եւ Էրիթրէայի միջեւ կնքուած հաշտութեան ինչպէս նաեւ Հարաւային եւ հիւսիսային Սուտանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին մաղթանք յայտնելով որ Քոնկոն եւս գտնէ հաշտութիւնը ու անոր կողքին նաեւ Մալին, Նիճերը, Նիճերեան, Քամերուն ու ափրիկեան այլ երկիներ որոնց համար մաղթեց Միջազգային հասարակութեան աջակցութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ Վենեզուելլայի կացութեան, եւ մաղթեց Իսրայէլացնելու ու Պաղեստինցիներու միջեւ երկխօսութեան վերահաստատումը, այնպէս ինչպէս Իրագի եւ Եմենի ու համայն տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան խթանումը։

Վերամտածել մեր միասնական ճակատագիրը

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը խօսեցաւ  միասնական ճակատագիրը վերամտածելու մասին, այս ծիրէն ներս վերյիշելով դարձեալ Պօղոս Զ խօսքերը  ու հաստատելով թէ «իսկական վտանգը յառաջ չի գար զարգացումէն ու գիտութենէն…իսկական վտանգը յառաջ կու գայ մարդէն, որ տէրն է հսկայական գործիքներու, որոնք յաճախ կը ծառայեն կործանումին ու արշաւներուն»։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ զէնքերու մասին, յատկապէս զանգուածային ոչնչացումի ծառայող զէնքերու մասին դատապարտելով ըլլայ անոնց արտադրութիւնը ըլլայ անոնց գործածութիւը։ Ան  խօսեցաւ նաեւ Երկիր մոլորակի հետ յարաբերութեան մասին կարեւորելով անոր հոգ ու խնամք տանիլը  եւ ապագայի բնական աղէտները կանխարգիլելու գործընթացը։

«Երկիրը կը պատկանի բոլորին ու անոր շահագործումի վնասներու հետեւանքները կը ճնշեն համայն աշխարհի բնակչութեան վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ յիշելով Ամազոնեան շրջանը որուն յառաջիկայ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ պիտի գումարուի յատուկ եպիսկոպոսական սիւնհոդոս մը։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Պերլինի պատի փլուզումին՝ 9 նոյեմբեր 1989-ին ու այդ փլուզումէն ետք յառաջ եկած քաղաքական իրականութեան, դատապարտելով նոր պատերու կառուցումը ու ժողովուրդներու միջեւ բաժանում ստեղծող պատնէշները։

Վատիկան Պետութեան հաստատումին 90-րդ տարեդարձ

Սրբազան Հայրը ակնարկեց հուսկ այս տարի նշուող Վատիկան Պետութեան հաստատումին 90-րդ տարեդարձին՝ յառաջիկայ 11 փետրուարին, Վատիկանի եւ Իտալիոյ  միջեւ կնքուած Լատերանեան դաշնագիրի բերումով, այս ուղղութեամբ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով համայն իտալիոյ ժողովուրդին ու ապահովեցնելով իր աղօթքները, որպէսզի «վառ պահէ եղբայրական զօրակցութեան հոգին որ զինք յատկանշեց երկար ժամանակ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով շնորհաւոր նոր տարի այն յոյսով որ ան սատարէ «ամրապնդելու բարեկամութեան կապերը որոնք մեզ կը միացնեն աշխատելու համար խաղաղութեան կառուցումին ի նպաստ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2019, 12:27