Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետին կոչը ի նպաստ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ։

Այս տարի եւս հրաւիրուած ենք աղօթելու որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները դառնան ըլլալու մէկ ընտանիք:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 16 յունուար 2016-ի առաւօտեան Պօղոս Անուան դահլիճին մէջ նախագահած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց ի նպաստ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ ըսելով. Յառաջիկայ ուրբաթ, Սուրբ Պօղոս անուան եկեղեցւոյ մէջ ժամասացութեան արարողութեամբ, սկիզբ կ՛առնէ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը, որուն նիւթն է «ջանացէք ըլլալ իսկապէս արդարներ»։

Այս տարի եւս հրաւիրուած ենք աղօթելու որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները դառնան ըլլալու մէկ ընտանիք, համաձայն Աստուծոյ կամքին որ կ՛ուզէ որ «բոլորը մի ըլլան» (Յովհ 17, 21)։

Դիտաւորութիւնը այն է՝ խթանել միասնական ու համահունչ վկայութիւն մը, իսկական արդարութեան հաստատումին մէջ ու ամենէ տկարներուն աջակցութեան մէջ, գործնական, արդիւնաւէտ ու վաւեր պատասխաններու միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2019, 10:16