Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2019-ի օրակարգը։

2019 տարին բաւական խիտ յայտագիրով տարի մըն է Ֆրանչիսկոս Պապին համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համար 2019 տարին խիտ յայտագիրով  տարի մը կը հանդիսանայ։

Ունկնդրէ լուրը

Յունուար ամսուայ սկիզբը Նորին Սրբութիւնը տարուայ պաշտօնական գործունէութիւնը կը սկսի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ աւանդական հանդիպումով ու անոնց ուղղած իր յատուկ ու նշանակալից պատգամով։

Փանամայի ԵՀՕ

Ապա Յունուարի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը մեկնի Փանամա, 23 – 28 Յունուար, գլխաւորելու համար Երիտասարդութեան համաշխարհային 24-րդ օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Ահաւասիկ Աղախինն եմ Տիրոջ. Թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»։ Հաւաք մը որ տեղի կ՛ունենայ անցեալ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայացած երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսէն ետք, որուն նպատակն էր խթանել երիտասարդներուն դերակատարութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Փանամայի Երիտասարդներու հաւաքին առթիւ յղած լսատեսողական մէկ պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրած էր երիտասարդները, հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալ,  «իրենք զիրենք դնելու ուրիշներու ծառայութեան տակ»։ Մեր կեանքը իմաստ կը գտնէ  միայն Աստուծոյ եւ մերձաւորին ծառայութեան մէջ» ըսած էր Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, մատնանշելով երիտասարդներուն ուժականութեան- որ կարող է փոխել աշխարհը՝ «ծառայութեան յեղափոխութեան մը միջոցաւ» որ կարող է յաղթահարել այս երկրի «զօրութիւնները»։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ առաքելական ճամբորդութիւնը

3- 5 փետրուար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, հանդիսանալով առաջին քահանայապետը որ կ՛այցելէ արաբական թերակղզին։ Առաքելական այդ ճամբորդութեան բնաբանն է «Զիս դարձուր Քու խաղաղութեանդ միջոց»։ «Միջ կրօնական» երկխօսութիւնը եւ եղբայրութիւնը ընդմէջ տարբեր կրօններու հաւատացեալներուն կը հանդիսանան առաքելական ճամբորդութեան կորիզը։Այս առթիւ նշենք թէ 2019 տարին Արաբական Էմիրութիւններու իշխանութիւններուն  կողմէ յայտարարուեցաւ  «հանդուրժողականութեան տարի» ի միտ ունենալով զարգացնել ու խթանել մշակոյթ մը՝ որ հեռու ըլլայ ծայրայեղութեան որեւէ ձեւէ։

Հռոմի Քուրիայի բարեկարգումի Կարդինալական Խորհուրդի ժողովը

18-20 փետրուար 2019-ին, նախատեսուած է ապա Կարդինալներու Խորդուրի 28-րդ ժողովը վերատեսլու ու քննարկելու Հռոմի Քուրիայի նոր սահմանադրութեան առաջարկները։

Մանկամոլութեան դէմ պայքարի եպիսկոպոսներու գագաթնաժողովը։

Ապա 21 – 24 Փետրուար 2019-ին աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահները ժամադրուած են Վատիկանի մէջ, յատուկ մէկ գագաթնաժողովի մը ընթացքին միասնաբար քննարկելու Եկեղեցին  յուզող մանկապղծութեան հարցը ու որոնելու աւելի պատշաճ եւ գործնական ձեւէր անոր դէմ պայքարելու նպատակով։ Այս առթիւ հարկաւոր է նշել թէ անցեալ դեկտեմբերին Հռոմի Քուրիայի անդամներուն ուղղած իր բարեմաղթական պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով բոլորը քալելու ճշմարտութեան եւ արդարութեան ճանապարհին վրայ, զօրեղ կոչ  ուղղեց բոլոր անոնց որոնք «մանկամոլութեան» յանցանքի մէջ են, հրաւիրելով զանոնք ապաշխարութեան ապա յանձնուելու մարդկային արդարութեան ու պատրաստուելու Աստուածային դատումին։

Մարոք այցելութիւնը

Մարտ ամսուայ վերջաւորութեան, 30 եւ 31 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութիւնէն 33 տարիներ ետք, կը վերադառնայ այդ երկիրը, կրօններու միջեւ  երկխօսութեան յանձնառումով։

Պուլկարիա եւ Մակեդոնիա առաքելական ճամբորդութիւնը։

Մարոքէն ետք Մայիս ամսուայ սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական այցելութեամբ կը մեկնի Պուլկարիա եւ Մակեդոնիա, 5 – 7 մայիս 2019-ին։ Պուլկարիա առաքելական ճամբորդութեան  բնաբանն է  «խաղաղութիւն երկրի վրայ» մինչ  Մակեդոնիայի ճամբորդութեան բնաբանը կը հանդիսանայ «Մի վախնար փոքրիկ հօտ»։ Մակեդոնիայի մէջ Ֆրանչիկսոս Պապ պիտի այցելէ Կալկաթայի Մայր Թերեզայի ծննդավայր՝ Սքոփիէ քաղաքը։

Այս երկու երկիրներուն մէջ կաթողիկէները փոքրամաս հասարակութիւն մըն են ու ճամբորդութեան նպատակակէտերէն մին պիտի հանդիսանայ օրթոտոքս աշխարհին հետ երկխօսութեան վերակենդանացումը։

Քահանայապետին Ճափոն այցելելու փափաքը

Գաղտնիք չէ ապա թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին իղձերէն մին Ճափոնը այցելելն է։ Ան իր այս փափաքը արտայայտած էր Ճափոնէն ժամանած մէկ պատուիրակութեան մը մաղթելով որ այդ մէկը կարելի ըլլայ։

Համաամազոնեան Սիւնհոդոսը»

2019-ի կարեւոր այլ նախաձեռնութիւններէն մին «Համա-ամազոնեան Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսն է», որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ամազոնեան շրջանի եօթը եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու անդամ եպիսկոպոսներ։

Եղբայրութեան տարի մը՝ ի ծառայութիւն խաղաղութեան։

2019- տարին սկիզբ առաւ մէկ Յունուարին Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ նշումով։ Այդ առթիւ հրապարակած իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրած էր քաղաքականութիւնը դնել խաղաղութեան ծառայութեան ի սպաս։

«Խաղաղութիւնը նման է յոյսին։ Ան կը նմանի դիւրաբեկ ծաղիկի մը որ կը ջանայ բուսնիլ բռնութեան ժայռերուն մէջ» գրած էր Սրբազան Պապը պատգամին մէջ նշելով թէ «քաղաքականութիւնը կարող է ըլլալ հիմնական միջոց մը կառուցելու համար քաղաքացիութիւնը, սակայն եթէ ան չ՛ապրեցուի որպէս ծառայութիւն, կարող է դառնալ բռնատիրութեան, բացառութեան ու նոյնիսկ կործանումի միջոց»։

Իսկ անցեալ 25 դեկտեմբեր 2018-ին Սուրբ Ծննդեան  տօնին օրը աշխարհին ուղղած իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2019-ին համար եղբայրութեան բարեմաղթութիւններ արտայայտած էր բոլորին «եղբայրութիւն բոլոր ազգերուն, անձերուն եւ մշակոյթներուն  միջեւ» - ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուցած «Եղբայրութիւն տարբեր գաղափարներով մարդոց միջեւ որոնք կարող ըլլան իրար յարգել եւ զիրար ունկնդրել։ Եղբայրութիւն տարբեր կրօններու հաւատացեալներու միջեւ։ Որովհետեւ Աստուած բարի Հայր է ու մենք բոլորս իրարու եղբայրներ ենք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2019, 12:35