Որոնել

Ասիական ցամաքամասի հաւատացեալներ աղօթքի մէջ Ասիական ցամաքամասի հաւատացեալներ աղօթքի մէջ 

Քահանայապետին պատգամը Ասիայի Եպիսկոպոսներուն «Աւետարանը վկայելու նոր միջոցներ»։

Սրբազան Քահանայապետը նորոգեց հրաւէրը ըլլալու «դէպի դուրս եկեղեցի» մը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ասիայի եպիսկոպոսներու դաշնութեան դաւանաբանական յանցախումբերու  նախագահներուն ու Հաւատոյ Ժողովի անդամներու միջեւ, 15 – 18 Յունուար 2019-ին, Պանկոքի մէջ կայացած հանդիպումին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն անոնց փոխանցելով իր եղբայրական ջերմ ողջոյնները։

«Համախմբուած էք Ասիայի մէջ, բազմատեսակ եւ ընդարձակ ցամաքամաս մը, որ յատկանշուած է կրօնական, լեզուային ու մշակութային տարբերութիւններով, վերահաստատելու համար կաթողիկէ հաւատքին ու ամբողջականութեան հայող մեր միասնական պատասխանատուութիւնը. ու նաեւ որոնելու նոր միջոցներ ու կերպեր վկայելու համար Աւետարանը՝ ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներու դիմաց» գրեց Սրբազան Քահանայապետը վերոնշեալ պատգամին մէջ ակնարկելով ապա «Աւետարանի ուրախութիւն» իր յորոդորագիրին մէջ ներբակուած համայն եկեղեցւոյ ուղղուած հրաւէրին՝ այն է ըլլալ «դէպի դուրս եկեղեցի» մը։  Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ուրախութիւն յայտնեց հաւաքին նախաձեռնութեան համար ապահովեցնելով նաեւ իր աղօթքները որպէսզի այդ հանդիպումը առիթ հանդիսանայ «դիմագրաւելու Ասիայի համար կարեւոր ու յատուկ մտահոգութիւնները՝ հայող Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին» գրեց Ան  բոլոր մասնակցողներուն  փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2019, 13:20