ճամբորդութեան խորհրդանիշը ճամբորդութեան խորհրդանիշը  

Մարոք կատարելիք Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը։

Ճամբորդութեան նշանաբանը կազմուած է խաչէ ու կիսալուսինէ, Մարոքի եւ Վատիկանի դրօշներու գոյներով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 7 յունուարին ներկայացումը կատարուեցաւ յառաջիկայ 30 եւ 31 Մարտին Ֆրանչիսկոս Պապին Մարոք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշին։

Ճամբորդութիւնը կը նախատեսէ այցելութիւն Ռապաթ եւ Քազապլանքա քաղաքներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ սոյն ճամբորդութիւնը որակած է առիթ ամրապնդելու համար կրօնական երկխօսութիւնը ու փոխադարձ ճանաչողութիւնը ընդմէջ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու։

Ընկալելով Մարոքի Մոհամմատ Զ Թագաւորին ու երկրի եպիսկոպոսներուն հրաւէրը Սրբազան Քահանայապետը Մարոք պիտի մեկնի կատարելով Քահանայապետական միջագզաին 26 առաքելական ճամբորդութիւնը որուն բնաբանը պիտի ըլլայ «Յոյսին ծառայողը», տրուած ըլլալով որ Քահանայապետը Ծառաներուն Ծառան կը նկատուի։ Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ պիտի հանդիպի Մարոքի Մահմետական առաջնորդին, Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Սուլթան Ալ Մալիքին հետ ունեցած հանդիպումէն 800 տարիներ ետք։

Մինչ ճամբորդութեան նշանաբանը կազմուած է խաչէ ու կիսալուսինէ, Մարոքի եւ Վատիկանի դրօշներու գոյներով, ընդգծելու համար իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ միջ կրօնական բնոյթը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2019, 08:36