Սուրբ Ծնունդը Սուրբ Ծնունդը 

Փառքը` Աստուծոյ, խաղաղութիւն եւ հաճութիւն` մեր ընելիքը. Վեր Մկրտիչ Գարակէօզեան

Մարդոց միջեւ իրականանալիք հաճութիւնը եւ երկրի վրայ խաղաղութիւնը մինչեւ այսօր կը վրիպին մարդկութեան հասողութենէն:

Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք,
երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»:
Ղուկ. 2. 14

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան գիշերուան լռութեան մէջ` դաշտին մէջ եղող հովիւները հրեշտակներու «երգը» լսեցին եւ լեցուեցան յոյսով:  Անոնք մինչեւ Բեթղեհէմ գացին ստուգելու, թէ արդեօք իրա՞ւ է առաջին հրեշտակին իրենց հաղորդած աւետիսը:  Գացին եւ գտա՛ն աւետիսին ստոյգ ըլլալը. իսկ` հրեշտակներու բազմութեան երգի՞ն ստուգութիւնը…

Մարդոց միջեւ իրականանալիք հաճութիւնը եւ երկրի վրայ խաղաղութիւնը մինչեւ այսօր կը վրիպին մարդկութեան հասողութենէն:  Մարդուն ժամանակները տակաւին լեցուն են պայքարներով եւ ալեկոծութիւններով: Մարդ արարածը փառքը Աստուծոյ տալու փոխարէն` կը փորձէ ինքզինք փառաւորել իր շուրջինները նուաստացնելով, մօտիկները եւ հեռաւորները կեղեքելով, իր նմանները անարգելով, իրմէ տկար եղողները անտեսելով եւ բոլորը խաբել ջանալով:  Ան կը ստեղծէ անխաղաղ եւ տհաճ վիճակներ, որոնց մէջ այդ անտեսուած ու խաբուած մարդիկ կ՛աշխատին, կը պայքարին, որպէսզի ձերբազատին այդ «մարդէն»:  Կարծես իրական չըլլար հրեշտակներուն երգը:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան ընկերացող այդ հրեշտակային երգը յայտարարութի՞ւն էր, թէ՞ մաղթանք մարդոց տրուած, ըստ երեւոյթին` յստակ չէ մարդոց: Յայտարարութիւն ըլլալու պարագային` ինչո՞ւ չ՛իրականանար. մաղթանք ըլլալու պարագային` ի՞նչ հաւաստիք ունինք: Ս. Ծննդեան տօնէն անդին` կարծէք ո՛չ կը յիշուին «խաղաղութիւն» եւ «հաճութիւն» վիճակները, ո՛չ ալ անոնց իրականանալուն համար յոյս մը կայ: Կան միայն խօսքեր եւ փորձերու ժողովներ:  Ուրեմն` յոյս կը տեսնուի միայն պայքարելուն մէջ. պայքար, որ ծանր կը կշռէ մեր վրայ. պայքար, որ շատ սուղ կ՛արժէ մարդոց:

Ամէն տեսակ պայքար կը տեսնենք ամէն տեղ. պայքար եւ ցոյցեր` ապրելակերպի մակարդակներու բարելաւման համար, պայքար եւ վէճեր` քաղաքական շահերու ապահովման համար, պայքար` կաշառակերութեան դէմ, պայքար` արդարութեան ի խնդիր, պայքար` իշխանութեան փտածութեան դէմ… մարդիկ իրենց յոյսը կը տեսնեն պայքարելուն մէջ, մինչ յստակ չէ, թէ ի՛նչ պիտի փոխուի իբրեւ արդիւնքը այդ պայքարին:  Իրապէս պիտի փոխուի՞ մարդկութեան վիճակը, թէ պարզապէս պիտի փոխարինուին անխաղաղ եւ անհաճոյ վիճակ պատճառողները ուրիշներով: Իշխանութիւնը չարաշահող մէկուն փոխարէն ուրիշ չարաշահող մը իշխանութեան գալով` պիտի փոխուի՞ կացութիւնը:  Տեսէ՛ք, թէ քանիներ կը տուժեն պայքարներուն մէջ եւ պայքարներուն պատճառով` ֆիզիքապէս ըլլայ այդ, թէ բարոյապէս: Եթէ ատիկա իրական փոփոխութիւն մը բերէր մարդկութեան վիճակին` ապա պիտի արժէր պայքարիլ: Իսկ քանի՞ պարագայի մէջ պայքարը բերած է իսկական, էական փոփոխութիւն…  Մեր պայքարին մէջ` երբ եսասէր կ՛ըլլանք եւ այդպէս կ՛աշխատինք յոյս ներշնչել մենք մեզի եւ ուրիշին, այդ յոյսը խաբկանք կ՛ըլլայ:

Կացութիւնները կը փոխուին միա՛յն, երբ հրեշտակներուն երգը կ՛ընդունինք իբրեւ յանձնարարութիւն Աստուծմէ մեզի տրուած. ո՛չ պարզ յայտարարութիւն, ո՛չ ալ հրեշտակային մաղթանք: Ամէն բանէ առաջ` փառքը Աստուծոյ տալու կեցուածք պէտք է ունենանք, որպէսզի հրեշտակներու երգին մնացեալ մասով համոզուինք եւ անիկա իրական դառնայ նախ մեզի համար, եւ ապա` մեր շուրջիններուն: Խաղաղութիւն եւ հաճութիւն տարածելը մարդուն տրուած աստուածային պատուէր է, որ իրական  պատասխանատուութիւնն է մարդուն:  Մենք ենք, որ Աստուծոյ հնազանդելով` մեր անձերը եւ մեր շրջապատը խաղաղ եւ հաճելի պիտի ընենք եւ Խաղաղութեան Իշխանին Ծննդեան տօնը մեր արդար բաժինը պիտի ըլլայ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2019, 08:00