Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 14 Յունուարի պաշտօնական հանդիպումները։

Ժամը 11-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ունկնդրութիւն շնորհեց Չիլէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի մնայուն կոմիտէի անդամներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 14 Յունուար 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական օրակարգին մէջ յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրբ Աթոռի միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին Գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզան՝ ՄԱԿ-ի Նիու Եորքի գրասենեակի ու Միացեալ Նահանգներու մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, եւ Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ, ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի  եւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան մօտ մնայուն դէտ ինչպէս նաեւ Գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան մօտ ներկայացուցիչ։

Ժամը 11-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ունկնդրութիւն շնորհեց Չիլէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի մնայուն կոմիտէի անդամներուն։ Այս առթիւ Զիլէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կայքէջին մէջ հրատարակուած տեղեկագիրի մը համաձայն, կը նշուի թէ «սոյն հանդիպումին խնդրանքը ներկայացուցած էին Չիլէի Եպիսկոպոսները, 2018-ի նոյեմբերին իրենց գումարած տարեկան լիագումար հաւաքէն ետք, նպատակ ունենալով Սրբազան Քահանայապետին փոխանցել Չիլէի Եկեղեցւոյ մինչեւ օրս ձեռք բերած քայլերը, Վատիկանի մէջ 2018-ի մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութեամբ կայացած եպիսկոպոսներու հանդիպումէն ետք, ի տես Չիլէի Եկեղեցւոյ մէջ ծագած ու հաւատացեալներուն մէջ մեծ խռովութիւն յարուցած մանկապղծութեան հարցերուն։ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած իրենց հանդիպումի ընթացքին Չիլէի եպիսկոպոսները անոր ներկայացուցին ընթացիկ եւ աւարտած  դատական հարցերը, առնուած որոշումները ու ապագայի կանխատեսումները»։ Այստեղ արժանի է յիշել նաեւ թէ վաղը՝ 15 Յունուարին, կը յիշատակուի  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Չիլէ կատարած առաքելական այցելութեան առաջին տարեդարձը (15-18 Յունուար 2018)։

Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ՝ Տիկին Էլիզապեթթա Ալպերթի Քազելլաթին, Թուրքիոյ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան Մեհմեթ Փաչաչի՝ հրաժեշտի այցելութեան առթիւ, ապա Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղարը գերապայծառ ՍթեՖանօ Ռուսսոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2019, 12:00