Յունուար ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան Քահանայապետական լսատեսողական պատգամը։

Յունուար ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան բնաբանն է «Երիտասարդները Մարիամի դպրոցին մէջ» :

2019 տարուան, յունուար ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան բնաբանն է «Երիտասարդները Մարիամի դպրոցին մէջ» եւ ուղղուած է երիտասարդներուն՝ ի տես նաեւ Յունուար ամսուայ աւարտին Փանամայի մէջ նախատեսուած երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին, որուն իր մասնակցութիւն պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը.

երեքշաբթի, 8 յունուար 2019-ի հրապարակած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ըսէ.

«Դուք երիտասարդներ, Սուրբ Կոյս Մարիամի մէջ ունիք ուրախութեան պատճառ մը եւ ներշնչումի աղբիւր մը:

Օգտուեցէք Փանամային երիտասարդաց համաշխարհային օրերէն, խոկալու համար Քրիստոսի մասին ՝Մարիամի հետ: Իւրաքանչիւրը իր լեզուով, վարդարանը աղօթենք խաղաղութեան համար: Եւ Աստուածամօրմէ խնդրեցէք ուժը՝ երազելու եւ գործելու խաղաղութեան համար:

Աղօթենք երիտասարդներուն համար, յատուկէն Լատին Ամերիկայի երիտարդներուն համար, որպէսզի հետեւով Մարիամի օրինակին, համապատասխանեն Տիրոջ կոչին՝ աշխարհին հաղորդելու համար աւետարանի ուրախութիւնը:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2019, 16:00