Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եթովպիոյ վարչապետը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եթովպիոյ վարչապետը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Եթովպիոյ հանրապետութեան վարչապետ

Վարչապետը ապա հանդիպած է Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինին հետ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 21 յունուար 2019-ին՝ յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եթովպիոյ հանրապետութեան վարչապետ՝ Տիար Ապիյ Ահմետ ու անոր ընկերացող 6 անդամներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը: Վարչապետը ապա հանդիպած է Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինին հետ :

Այս մասին սուրբ Աթոռին մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ վերոյիշեալ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Հանդիպումի կեդրոնական նիւթ հանդիսացած են Էրիթրիոյ եւ Եթովպիոյ միջեւ վերջերս վերահաստատուած դիւանագիտական կապերն ու երկու երկիներու միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը:

Շուրջ 15 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Եթովպիոյ, Ափրիկեան Եղջիւրի տարածաշրջանի կայունութեան, հակամարտութիւններուն խաղաղ լուծման յանձնառութեան ինչպէս նաեւ ընթացքին մէջ գտնուող Եթովպիոյ ազգային համերաշխութեան խթանման ի սպաս կարեւոր ծրագիրներուն:

Այս շրջագիծէն ներս ընդգծուած է քրիստոնէութեան դերակատարութիւնը՝ Եթովպիացի ժողովուրդի պատմութեան մէջ, գնահատելով դաստիարակչական եւ առողջապահական մարզերէն ներս, Կաթողիկէ հաստատութիւններուն նպաստը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2019, 10:02