Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը եկեղեցւոյ պատմութիւն ազգային ընկերակցութեան դասատուներուն:

Պատմութեան միջոցաւ կարելի է քաջութեամբ մտածել, պատերազմի չար եւ ողբերգական հետեւանքներուն մասին, պատերազմներ որոնք խռովեցին այս երկրի մարդուն ուղեւորութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան-Վատիկան

Շաբաթ, 12 յունուար, 2019-ին, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Եկեղեցւոյ պատմութիւն ազգային ընկերակցութեան դասատուները:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նախ գնահատեց ազգային ընկերակցութեան անդամներուն պատմութեան ու անոր վարդապետութեան ի նպաստ սատարը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց մատուցած ծառայութեան եւ տուած վկայութեան համար, դիտել տալով որ սրտանց ու գորովով ուսումնասիրուած պատմութիւն մը կարող է շատ բաներ ուսուցանել, արդարութեան եւ խաղաղութեան ծարաւը ունեցող մեր այսօրուան օրերուն:

Պատմութեան միջոցաւ կարելի է քաջութեամբ մտածել, պատերազմի չար եւ ողբերգական հետեւանքներուն մասին, «պատերազմներ որոնք խռովեցին այս երկրի մարդուն ուղեւորութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայր ապա անդրադարձաւ Իտալիոյ պատմութեան, յատուկէն Իտալական եկեղեցւոյ պատմութեան, զայն նկատելով, անցեալի ՝ հարուստ վկայութիւններով լի պատմութիւն մը որ պէտք չէ պահպանել պարզապէս որպէս գանձ այլ օգտագործել զայն որպէսզի օգնէ մեզ ներկային մէջ՝ դէպի ապագայ ընթանալու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը դրաւ պատմութեան կեդրոն նկատուող «Բան» բառին վրայ, ընդգծելով որ այդ բառը չէ ծնած գրութենէ մը, ոչ ալ յառաջացած է մարդու որոնումի աշխատանքներէ, այլ մեզի շնորհուած է Աստուծմէ եւ այդ Բանը նախ եւ առաջ կը վկայուի կեանքի միջոցաւ եւ կեանքի մէջ, մատնանշելով որ «Բանը» Յիսուս Քրիստոսն է որ խորապէս բնորոշեց եւ փրկեց մարդու պատմութիւնը:

Նորին Սրբութիւն- ընդգծեց թէ Յիսուսի Փրկարար եւ ողորմած գործարարքի լիուլի ընկալումով է, որ հաւատացեալ պատմաբանը կը վերածուի, իրողութիւններու եւ ճշմարտութեան հանդէպ աւելի յարգալից ուսումնասէր մը, դիտել տալով, որ պատմութեան մէջ Յիսուս Քրիստոսը տեսնելու կարողութիւն է , որ բոլորս խոնարհ կը դարձնէ եւ բոլորս կը հեռացնէ անցեալի մէջ ապաստանելու փորձութենէն՝ խուսափելու համար ներկայ ժամանակէն:

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ պատմութեան դասատուներու ոչ դիւրին վարդապետութիւնն ու վկայութիւնը նպաստեն Յիսուսի մասին խոկալու, որ է անկիւնաքար, որ կը գործէ պատմութեան եւ մարդկութեան յիշողութեան մէջ ինչպէս նաեւ բոլոր մշակոյթներուն մէջ:

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հանդիպումի համար օրհնելով ներկաներն ու անոնց աշխատանքը եւ խնդրելով ինչպէս միշտ որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2019, 13:17