Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի մէջ անվտանգութեան տեսչութեան ներկայացուցիչները։

ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով ներկաները բարձր գնահատեց Վատիկան Քաղաքի եւ Առաքելական աթոռին անվտանգութեան տեսչութեան մատուցած առօրեայ ծառայութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, ֆրանչիսկոս Պապ,Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս ընդունեց Վատիկանի մօտ հանրային անվտանգութեան տեսչութեան ներկայացուցիչները:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով ներկաները բարձր գնահատեց Վատիկան Քաղաքի եւ Առաքելական աթոռին անվտանգութեան տեսչութեան մատուցած առօրեայ ծառայութիւնը: Ան ներկաներուն շնորհաւորեց Նոր Տարին, մաղթելով անոնց, «գոյութիւնը արդիւնաբեր դարձնող եւ գեղեցկացնող մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքներով հարուստ տարի մը»:

Նորին Սրբութիւն հուսկ անդրադարձաւ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն, դիտել տալով որ այդ տօները մեզի հնարաւորութիւն կ՝ընծայեն անգամ մը եւս խոկալու Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի մասին եւ այս երկրի մէջ Անոր յայտնութեան մասին:

«Յիսուսի Գալուստը՝ մեր մէջ, մեզի կը յայտնէ Աստուծոյ մօտիկութիւնը մարդու նկատմամբ եւ Անոր մեզի վերապահած անհուն սէրը: Յիսուսի ներկայութիւնը կ՝ իմաստաւորէ մեր կեանքը եւ կը խթանէ յոյսը , ու մեզի կ՝օգնէ մեր հայեացքը սեւեռելու ամենօրեայ կեանքի դժուարութիւններէն անդին, միաժամանակ մեզ կը մղէ սիրելու եւ մեր յարաբերութիւնները ապրելու եղբայրական կեցուածքով, ողորմածութեամբ, յատուկէն հիւանդներուն, լքուածներուն եւ մեկուսացուածներուն հետ : Ըսաւ Սրբազան Հայրը արժեւորելով հանրային անվտանգութեան մարմնի անդամներուն Վատիկանի մէջ մատուցած ծառայութիւնը ու այդ ուղղութեամբ նշեց աշխարհի բոլոր վայրերէն ժամանած զբօսաշրջիկներուն ու ուխտաւորներուն այցելութիւնները դիւրացնող անոնց թանկարժէք հսկումի ծառայութիւնը ու հանրային կարգապահութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց անվտանգութեան անդամներուն վեհանձն ու արհեստավարժ գործունէութեամ համար յորդորելով անոնց որ շարունակեն համբերութեամբ հիւրընկալել այցելուները՝ նոյնիսկ դժուարին կացութիւններուն մէջ:

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ անվտանգութեան անդամներուն սերտ եւ արդիւնաբեր գործակցութեան համար՝ Հռոմի հասարակութեան տուած իր այցելութիւններուն ծիրէն ներս ինչպէս նաեւ Իտալիոյ զանազան վայրերու տուած այցելութեան ժամանակ:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց յանձնելով ներկաները Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան հայցելով Տիրամայրէն որ միշտ նեցուկ կանգնի անվտանգութեան մարմնի անդամներուն ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներուն: Ան ապա խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար շնորհաւորեց նոր Տարին բոլոր ներկաներուն շնորհելով իր Առաքելական օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2019, 12:00