Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Երկրի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Երկրի մէջ  

«Վերականգնել հրէաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ անհասկացողութեան պատճառած վնասները» Ֆրանչիսկոս Պապ:

«Հրէայի մը ինչպէս նաեւ քրիստոնեայի մը համար չկայ կասկած, որ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ սէրը, կ՝ամփոփէ բոլոր պատուիրանները:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 15 յունուար 2019-ին, Սուրբ Աթոռի Օսսերավթորէ Ռոմանօ օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ, «Բարեկամութեան Սուրբ Գիրք, հատուածներ Թորայէն» գիրքի, ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանը:

«Սուրբ Պօղոս» անուան տպագրատան հրապարակած վերնոշեալ գիրքը պատրաստուած է Մարքօ Քասութօ եւ Ճուլիօ Միքելինի հեղինակներու կողմէ եւ լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ 18 յունուարին:

Գիրքի նախաբանին մէջ ֆրանչիսոկոս Պապ գրած է.

«Հրէայի մը ինչպէս նաեւ քրիստոնեայի մը համար չկայ կասկած, որ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ սէրը, կ՝ամփոփէ բոլոր պատուիրանները:» «Հրէաներն ու Քրիստոնեաները, հետեւաբար պէտք են եղբայրներ ու քոյրեր զգալ՝ միացած միեւնոյն Աստուծմով, ինչպէս նաեւ հասարակաց միեւնոյն հարուստ ժառանգութիւնով, որուն վրայ պէտք են հիմնուիլ եւ շարուանկել ապագան կառուցել:

Գիրքին նախաբանին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ, թէ երկխօսելու լաւագոյնը ձեւը, չի կայանար լոկ խօսելու եւ բանակցելու մէջ այլ՝ ծրագիրներ մշակելու մէջ՝ զանոնք միասնաբար իրագործելով:

Ան ապա նկատել կու տայ, որ « մեր ուսերու ետին ունինք, քրիստոնեայ հակահրէութեան 19 դարեր, եւ երկխօսութեան սակաւ տասնեակ տարիներ, որոնք քիչ են համեմատութիւն մը ընելու համար: Հետեւաբար կը գրէ Սրբազան Հայրը «վերջին ժամանակներուն, քիչ բաներ փոխուած են եւ այլ բաներ փոփոխութեան մէջ կը գտնուին : Պէտք է յաւելեալ աշխուժութեամբ գործել՝ ներում խնդրելու համար եւ վերականգնելու՝ անհասկացողութենէ յառաջացած վնասները: Արժէքներ, աւանդութիւնները, մեծ գաղափարներ, որոնք կը բնութագրեն հրէութիւնն ու քրիստոնէութիւնը եւ որոնք պէտք են դրուիլ մարդկութեան ծառայութեան տակ, երբեք չմոռնալով բարեկամութեան սրբութիւնն ու հարազատութիւնը: Սուրբ Գիրքը մեզի հասկնալ կու տայ այս արժէքներուն անձեռնմխելիութիւնը ՝անհրաժեշտ պայմաններ կառուցողական երկխօսութիւն կատարելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծելով Թորայի ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը կը գրէ

«Քրիստոնեաներուն համար, կենսական կարեւորութիւն է բացայայտել եւ զարգացնել հրէական աւանդութեան ճանաչողութիւնը՝ ինքզինք հարազատօրէն հասկնալ կարենալու համար: Նաեւ Թորայի ուսումնասիրութիւնը, մաս կը կազմէ այս հիմնական յանձնառութեան: Ասոր համար կ՝ուզեմ ձեր փնտռտուքի ուղեւորութիւնը յանձնել, իւրաքանչիւր հրեայ հաւատացեալի, ամէն օր արտասանած, Ամիտա աղօթքի վերջաւորութեան կատարած խնդրանքին. «Թող բաց մնան Քո առջեւ Թորայի՝ դռները, իմաստութիւնը ճանաչողութիւնը, սէրը, ողորմածութիւնը, ինչպէս նաեւ համակրանքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2019, 09:12