Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 20 Յունուարի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնն ու կոչերը։

Մօտիկութիւն Քոլոմպիայի բնակչութեան - Ընկերային հաղորդակցութեան Միջոցներու համաշխարհային օրը - Փանամայի ԵՀՕ եւ «Click To Pray» ծրագիրը - Դաստիարակութեան առաջին միջազգային Օրը ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 20 Յունուար 2019-ի կէսօրին աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր աշխատանքային գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին սովորութեան համաձայն ներկայացուց նաեւ խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն ուր կը պատմուի Յիսուսին առաքելութեան առաջին հրաշքի մասին որ տեղի կ՛ունենայ Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ, հարսանիքի մը խնճոյքի ժամանակ, ուր Յիսուս ընդառաջելով իր Մօր խնդրանքին ջուրը գինիի կը վերածէ։

Ունկնդրէ լուրը

Կանայի հարսանիքը «Ըրէք ինչ որ հրամայէ ձեզի» (Յովհաննէս 2, 1-11)

«Ջուրը արդարեւ անհրաժեշտ է ապրելու համար սակայն գինին կը յատկանշէ առատութիւնը եւ տօնախմբութեան ուրախութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ «Յիսուս այդ հրաշքը գործելով Մովսէսին օրէնքը կը փոխէ Աւետարանի օրէնքին, որ ուրախութիւն կը բերէ»։

Մատնանշելով ապա Սուրբ Կոյս Մարիամին ծառաներուն ուղղած խօսքերուն «Ըրէք այն ինչ որ կը հրամայէ ձեզի» Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ այդ խօսքերը թնակարժէք ժառանգութիւն են որ մեր Երկնաւոր Մայրը թողուց մեզի։ Այդ հարսանքի ընթացքին նոր ուխտ մը կնքուեցաւ ու Տիրոջ ծառաներուն՝ այսինքն համայն եկեղեցւոյ յանձնուեցաւ նոր առաքելութիւն մը «ըրէք այն ինչ որ հրամայէ ձեզի»։ «Տիրոջ ծառայել կը նշանակէ մտիկ ընել ու ի գործ դնել անոր խօսքերը» հաստատեց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ այս մէկը պէտք է ըլլայ ամէն մէկ քրիստոնեայի կեանքի յայտագիրը։

Աղերս առ Սուրբ Կոյս Մարիամ

«Թող որ Սուրբ Կոյսը մեզ օգնէ ընկալելու իր այդ հրաւէրը «Ըրէք ինչ որ հրամայէ ձեզի» որպէսզի ամբողջութեամբ բացուինք Յիսուսին՝ մեր առօրեայ կեանքին մէջ նկատելով ու ճանչնալով անոր կենդանարար ներկայութեան նշանները» ըսաւ հուսկ նորին Սրբութիւնը աւարտելով խորհրդածուինը եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ արտասանեց «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը, որուն աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղելով աղօթքի մասնակցող ուխտաւորներուն ըսաւ.«Այսօր երկու ցաւեր ունիմ սրտիս մէջ Քոլոմպիան ու միջերկրականը։

Մօտիկութիւն Քոլոմպիայի բնակչութեան ու միջերկրականի նաւաբեկութեան 170 զոհերուն

«Մօտիկութիւնս կ՛ապահովեմ Քոլոմպիայի ժողովուրդին ի տես անցեալ հինգշաբթի օր Ոստիկանութեան ազգային դպրոցի դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքին։ Կ՛աղօթեմ զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար ու կը շարունակեմ աղօթել Քոլոմպիայի խաղաղութեան գործընթացին համար» ըսաւ Քահանայապետը ապա նշեց թէ իր մտքին մէջ են նաեւ միջերկրականի նաւաբեկութեան 170 զոհերը, «որոնք կը փնտռէին իրենց կեանքին համար ապագայ մը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով թէ անոնք հաւանաբար զոհ էին մարդավաճառութեան ապա հրահրեց աղօթել անոնց  ու բոլոր անոնց  համար որոնք ունին պատահածին պատասխանատուութիւնը»։

Փանամայի ԵՀՕ համար աղօթքի

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց յառաջիկայ օրերուն՝ Փանամա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան՝ 22-27 յունուար 2019-ին Փանամայի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն առթիւ, հաւատացեալներէն  խնդրելով որ աղօթեն եկեղեցւոյ ուղեւորութեան մէջ այդ գեղեցիկ ու կարեւոր ձեռնարկին  համար։

Ընկերային հաղորդակցութեան Միջոցներու համաշխարհային օրը «ցանցային հասարակութիւն ու մարդկային հասարակութիւն»

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց թէ այս շաբաթ պիտի հրատարակուի  Ընկերային հաղորդակցութեան Միջոցներու համաշխարհային օրուան պատգամը, որ այս տարի կը պարունակէ խորհրդածութիւն մը ցանցային հասարակութեան ու մարդկային հասարակութեան մասին։

«Ցանցը եւ ընկերային լրասփիւռները կենսամիջոցներ են մեր ժամանակաշրջանին համար» ըսաւ Սրբազան Պապը, «անոնք առիթ են ուրիշներու հետ կապ պահելու, անոնց հետ կիսելու արժէքներ եւ ծրագիրներ ու փափաք յայտնելու ապրիլ հասարակութեան մէջ»։

Փանամայի ԵՀՕ եւ «Click To Pray» ծրագիրը 

«Ցանցը կարող է նաեւ մեզ օգնել միասին աղօթելու համար» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը ու այս առնչութեամբ հանրութեան ներկայացուց   «Քահանայապետի Աղօթքի համաշխարհային ցանցի» պաշտօնական հարթակը « Click To Pray - սեղմէ աղօթելու համար»  ու յայտնեց թէ  «այնտեղ պիտի զետեղէ եկեղեցւոյ առաքելութեան հայող  աղօթքի դիւրաւորութիւնները ու աղօթքի խնդրանքները»։

Կը հրաւիրեմ յատկապէս երիտասարդները «Click To Pray» ծրագիրը ունենալու իրենց հետ ու ինծի հետ միասին աղօթելու խաղաղութեան համար Վարդարանը, յատկապէս Փանամայի Երիտասարդներու Համաշխարհային օրերուն առիթով» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը նշելով նաեւ որ յառաջիկայ 24 Յունուարին կը յիշատակուի ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած «Դաստիարակութեան առաջին միջազգային Օրը» որուն նպատակն է խթանել դաստիարակութեան հիմնական դերը՝ մարդկային եւ ընկերային զարգացումին համար։

Դաստիարակութեան միջազգային առաջին  Օրը

«Այս ծիրէն  ներս կը քաջալերեմ «UNESCO»ին ջանքերը դաստիարակութեան միջոցաւ աշխարհի մէջ աճեցնելու խաղաղութիւնը ու կը մաղթեմ որ դաստիարակութիւնը մատչելի դառնայ բոլորին  եւ ըլլայ համապարփակ ու ազատ որեւէ գաղափարական գաղութատիրութիւնէ» ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապ յատուկ աղօթք եւ շնորհաւորութիւններ փոխանցելով  բոլոր դաստիարակներուն ու անոնց մաղթելով բարի աշխատանք։

Աղօթեցէք ինծի համար

Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք աշխարհի զանազան վայրերէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն խումբերը   բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու հրաժեշտ առաւ անոնցմէ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2019, 12:21