Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 6 Յունուարի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Թոյլ չի տանք վախերուն որ փակեն մեր սիրտը, այլ քաջութիւնը ունենանք բացուելու այդ լոյսին, որպէսզի Մոգերու նման մենք եւս փորձարկենք մեծ ուրախութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի Յունուար 6-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած հանդիսաւոր  Սուրբ պատարագէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, որոնք կը խօսէին Յիսուսի յայտնութեան մասին, «Տիրոջ յայտնութիւնը որուն խորհրդանիշը լոյսն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ այդ լոյսը մարգարէներու գիրքերուն մէջ «խոստում»ի իմաստ ունի։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս որ Ծնաւ Դաւիթի քաղաք՝ Բեթղեհէմի մէջ, եկաւ փրկութիւնը բերելու մօտիկներուն ու հեռուներուն։ Մատթէոս Աւետարանիչը տարբեր ձեւերով ցոյց կու տայ թէ ինչպէս կարելի է հանդիպիլ Քրիստոսին եւ ինչ վարմունք կարելի է ունենալ անոր ներկայութեան առջեւ։ Հերովդէսն ու Երուսաղէմի դպիրները անտաշ սիրտ մը ունէին, որ կը մերժէ Մանուկը։ Անոնք կը ներկայացնեն այն անձերը որոնք մեր այս օրերուն վախ ունին Յիսուսի գալուստէն ու կը փակեն իրենց սիրտը կարիքաւորներուն դիմաց։ Հերովդէս վախ ունէր իշխանութիւնը կորսնցնելէ, ան մարդոց իսկական բարիքին չի մտածէր, այլ մտահոգ է միային իր սեփական շահերով։ Նոյնն է նաեւ դպիրներու պարագան, որոնք կարող չեն ընկալելու Յիսուսին նորութիւնը - յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «մոգերու փորձառութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Արեւելքէն եկած՝ անոնք կը երկայնեցնեն հեռաւոր ազգերը ու հակառակ ասոր թոյլ կու տան առաջնորդուիլ աստղէն ու յանձն կ՛առնեն երկար ու արկածախնդիր ճամբորդութիւն մը հասնելու համար նպատակին ու ճանչնալու Մեսիային ճշմարտութիւնը։ Անոնք բաց էին նորութեան եւ ասոր համար անոնց կը յայտնուի պատմութեան զարմանալի նորութիւնը՝ Մարդեղացած Աստուածը։

Անոնք Մանուկին կը նուիրեն ոսկի, խունկ եւ զմուռս որովհետեւ Տիրոջ փնտռտուքը կը ներառէ ոչ միային ճանապարհորդութեան յարատեւումը, այլեւ սրտին վեհանձնութիւնը։ Անոնք ապա իրենց երկիրը կը վերադառնան իրենց հետ տանելով այդ աղքատ ու հեզ Թագաւորին խորհուրդը։

«Աստուծոյ փրկութիւնը արդարեւ նուիրուած է բոլորին. Այդ Մանուկը բոլորին համար պարգեւ է» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ մենք եւս պէտք է թոյլ տանք լուսաւորուիլ Քրիստոսի լոյսով։

«Թոյլ չի տանք վախերուն որ փակեն մեր սիրտը, այլ քաջութիւնը ունենանք բացուելու այդ լոյսին, որպէսզի Մոգերու նման մենք եւս փորձարկենք մեծ ուրախութիւնը, որ կարող չենք միայն մենք մեզի համար պահել» յարեց ապա Սրբազան Պապը որ խորհրդածութեան աւարտին հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ապա Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ակնարկեց  օրերէ ի վեր միջերկրական ծովուն մէջ երկու նաւերու վրայ տարուբերուող 49 գաղթականներուն, այս առընչութեամբ կոչ ուղղելով Եւրոպայի Ղեկավարներուն այդ անձերուն ցուցաբերելու՝գործնական զօրակցութիւն։

Քահանայապետը հուսկ յիշեց թէ մի քանի Օրթոտոքս Եկեղեցիներ Սուրբ Ծնունդը կը տօնեն վաղը ու այս առթիւ եղբայրական շնորհաւորութիւններ ուղղեց անոնց,  ապա յիշեց այսօր յիշատակուող «պատանիներու միսիոներական օրը» եւ ողջունեց «ֆոլքլորի-պատմական» ընկերակցութիւնը, որ տողանցքի միջոցաւ կը խթանէ Յայտնութեան Տօնի աւանդութիւնը ու այլ ուխտաւորներուն խումբերը։

Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը բոլորին մաղթեց բարի Աստուածայայտնութեան տօն, ինչպէս միշտ խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2019, 12:30