Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Սուրբ Ծնունդը մի դարձնէք լոկ աշխարհիկ տօն» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Ծնունդը հեզութեան յաղթանակն է ամբարտաւանութեան վրայ, պարզութեան յաղթանակը՝ առատութեան վրայ եւ լռութեան յաղթանակը աղմուկին վրայ, ինչպէս նաեւ աղօթքին յաղթանակը»

«Ճշմարիտ Լոյսը ա՛ն էր՝ որ կը լուսաւորէ աշխարհ եկող՝՝ ամէն մարդ: Ինք աշխարհի մէջ էր, եւ աշխարհը եղաւ իրմով, բայց աշխարհը չճանչցաւ զինք: Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները չընդունեցին զինք: Բայց անոնց՝ որ ընդունեցին զինք - անոնց՝ որ կը հաւատան իր անունին - իրաւասութիւն տուաւ Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու»:

Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած սոյն հատուածին վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Չորեքշաբթի 19 դեկտեմբեր 2018-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան ընդհանուր ունկնդրութեան, 7000է աւելի ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Ակնարկելով Սուրբ  Ծնունդի տօնին առթիւ ամենուրէք զետեղուած տօնածառերուն, զարդարանքներուն եւ լուսաւորումներուն որոնք մեզի կը յիշեցնեն թէ այս տարի եւս տօնախմբութիւն պիտի կատարենք, մինչ գովազդային մեքենան հրաւէրներ կ՛ուղղէ նուէրներ փոխանակելու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հարց տուաւ «Այս տօնը արդեօք հաճելի՞ է Աստուծոյ։ Ի՞նչպիսի տօն պիտի ուզենար Ան։ Ի՞նչ տեսակ նուէր եւ անակնկալներ պիտի փափաքէր»։

Այս հարցումներէն մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց նայիլ պատմութեան առաջին Ծնունդին, այնտեղ բացայայտելու համար Աստուծոյ ճաշակը։ Այդ Ծնունդը լի էր անակնկալներով, սկսեալ Մարիամէն եւ Սուրբ Յովսէփէն, որոնց կեանքը փոխակերպուեցաւ հրեշտակին այցելութենէն ետք։ Անոնք զաւակ մը  պիտի ունենային ու այդ զաւկին ծնունդէն ետքը եւս անոնց հրահանգ կը տրուի Եգիպտոս գաղթել…Ծնունդը կեանքին մէջ անակնկալներ ու փոփոխութիւններ կը բերէ ։

Սակայն ամենամեծ անակնկալը կը պատահի Սուրբ Ծննդեան գիշերը՝ Ամենաբարձրեալը կը դառնայ նորածին եւ Աստուծոյ Բանը կը դառնայ մանուկ, անկարող խօսելու, ընկալուած խոնարհ ու պարզ հովիւներու կողմէ եւ ոչ թէ այդ ժամանակուայ իշխանութիւններուն կողմէ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Ծնունդի տօնախմբութիւնը ամբողջութեամբ կը փոխէ մեր ակնկալիքներն ու մեր տրամաբանութիւնները, ան կը դառնայ անտիպ, նոր Աստուծոյ մը տօնախմբութիւն։

Ծնունդը ապրիլ կը նշանակէ երկրին վրայ ընկալել երկնքի անակնկալները։ Ծնունդը նոր թափի, նոր դարաշրջանի մը սկիզբն է, ուր կեանքը կ՛ընծայուի, ուր չենք ապրիր մենք մեզի համար այլ Աստուծոյ համար ու Աստուծոյ հետ, որովհետեւ Ծնունդէն սկսեալ Աստուած դարձաւ «Աստուած մեր հետ»։ Առ այդ Ծնունդը ապրիլը կը նշանակէ թոյլ տալ ցնցուիլ զարմանալի այդ նորոյթով։

«Ծնունդը հեզութեան յաղթանակն է ամբարտաւանութեան վրայ, պարզութեան յաղթանակը՝ առատութեան վրայ եւ լռութեան յաղթանակը աղմուկին վրայ, ինչպէս նաեւ աղօթքին յաղթանակը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով որ «Ծնունդ ապրիլը կը նշանակէ կատարել այն ինչ որ ըրաւ Յիսուս, որ եկաւ մեզի կարիքաւորներուս համար, կը նշանակէ հետեւել Մարիամի քայլերուն, վստահելով Աստուծոյ, նոյնիսկ առանց հասկնալու թէ ինչ պիտի պատահի մեզի։ Կամ կատարել Յովսէփին ըրածը՝ ոտքի կանգնիլ, իրագործելու Աստուծոյ կամքը։

«Դժբախտաբար սակայն կրնանք նաեւ սխալ խրախճանքի մը երթալ ու Երկնքի նորութիւններուն նախընտրել աշխարհի հրապոյրները» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ «Եթէ Ծնունդը մնայ միայն գեղեցիկ աւանդական  տօնախմբութիւն մը, որուն կեդրոնը «մենք» ենք եւ ոչ «Ան», այդ խնճոյքը ապարդիւն առիթ կը հանդիսանայ։  «Առ այդ եթէ կը բարեհաճիք Սուրբ Ծնունդը մի դարձնէք լոկ աշխարհիկ տօն մը։ Մէկդի չի դնենք Տօնին դերակատարը, թոյլ չի տանք որ աշխարհի հոգին իշխէ մեր վրայ, այլ ըլլանք արթուն ու հսկենք աղօթելով» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը ու թելադրեց «Յովսէփի նման լրութեան պահեր յատկացնել, Մարիամի նման ըսել. «Ահաւասիկ եմ» ու Յիսուսի նման մօտիկ ըլլանք անոնց որոնք առանցին են, աղքատ ու անտեսուած են։

«Ծնունդը կ՛ապրինք այն ատեն երբ կը գտնենք Աստղին փայլը եւ ոչ թէ աշխարհի հրապուրիչ շողերը։ Թող որ Ծնունդը ըլլայ հարուստ Յիսուսի անակնկալներով։ Անակնկալներ որոնք կարող են թուալ անյարմար, սակայն Աստուծոյ ճաշակով անակնկալներ են անոնք, ու եթէ զանոնք ընկալենք, մենք եւս կը դառնանք սքանչելի անակնկալ» ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապ աւարտելով խորհրդածութիւնը հուսկ զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորներուն, եւ ունկնդրութեան աւարտին յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն  ու նորապսակները, մաղթանք յայտնելով որ Սուրբ Ծնունդը՝ մեր մէջ արթնցնէ համայն մարդկութեան վերապահուած Աստուծոյ քնքշութիւնը, ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Սուրբ Յովսէփին  բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի սորվեցնեն ինչպէս ընկալել այդպիսի մեծ պարգեւ մը՝ Էմմանուէլը որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2018, 10:30