Հանրային ունկնդրութիւն Հանրային ունկնդրութիւն 

«Հայր Մերը՝ վստահութիւն պահանջող աղօթք է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Յիսուս այդ աղօթքին մէջ կ՛ուզէ որ ամէն մէկ ցաւ, ամէն մէկ տատամսում, մղուի դէպի երկինք ու դառնայ երկխօսութիւն»։

Ես ալ կ՚ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի.  Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ՚առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝պիտի բացուի անոր’։  ‘Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր.  Կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր’։  Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 12 դեկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, գլխաւորեց Չորեքշաբթի օրուայ Ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակելով մեկնաբանել անցեալ շաբաթ սկսած  «Հայր Մեր» Աղօթքը, ընդգծեց այդ աղօթքը արտասանելու մէջ վստահութեան կարեւորութիւնը։

Յիսուս իր աշակերտներուն շրթունքներուն վրայ զետեղեց կարճ սակայն յանդուգն աղօթք մը, կազմուած եօթը խնդրանքներէ - ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Եօթը թիւը՝ հին կտակարանին մէջ լիութիւնը կը ներկայացնէ»։

Յիսուս աշակերտները կը հրաւիրէ Աստուծոյ մօտենալ ու Անոր դիմել մի քանի խնդրանքներով։ Ան ցոյց կու տայ ինչպէս «սիրաշահիլ» Տէրը, տապալելով պատնէշներն ու վրդովումները։ «Յիսուս չ՛ըսէր դիմեցէք Աստուծոյ  «Ամենակալ» կամ «Բարձրեալ» բառերով, այլ պարզ ՝«Հայր» բառով, որ կ՛արտայայտէ որդիական մտերմութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու նշեց թէ «Հայր մեր աղօթքը իր արմատները կը գտնէ մարդուն ապրած իրականութեան մէջ։ Զոր օրինակ մեզի խնդրել կու տայ առօրեայ հացը, պարզ սակայն հիմնական խնդրանք մը, որ կը բացայայտէ թէ հաւատքը կեանքէն անկախ իրողութիւն մը չէ։ Աղօթքը կը սկսի կեանքին հետ միասին, ան բնակարան կը գնտէ այնտեղ ուր մարդը կ՛ապրի, որեւէ մարդ որ անօթի է, ողբի մէջ է, կը պայքարի, կը տառապի ու հարց կու տայ «ի՞նչու»։

Մարդ արարածին առաջին աղօթքը տեսակէտով մը եղաւ այդ առաջին ճիչը որ ընկերացաւ  առաջին շունչին երբ աշխարհ եկանք։ Այդ նորածինի լացին մէջ կը հռչակուի մեր կեանքի ճակատագիրը, մեր շարունակական անօթութիւնը, մեր ծարաւն ու մեր երջանկութեան փնտռտուքը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով որ «Յիսուս այդ աղօթքին մէջ կ՛ուզէ որ ամէն մէկ ցաւ, ամէն մէկ տատամսում, մղուի դէպի երկինք ու դառնայ երկխօսութիւն»։ Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ «հաւատք ունենալը ճիչի վարժութիւն է» օրինակ բերելով կոյր Բարտիմէոսը, որ Երիքովի մուտքին կը հանդիպի Յիսուսին ու կ՛աղաղակէ որ ողորմի իր վրայ ու մինչ իր շուրջինները զայն կը յանդիմանէին որ լռէ, ան աւելի բարձր կ՛աղաղակէ «Որդի՛ Դաւիթի, ողորմէ ինծի»։ Այս տեսնելով Յիսուս անոր աչքերը կը բանայ եւ կ՛ըսէ «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։

«Այս մէկը կ՛ուզէ խորհրդանշել թէ այդ կոյրին աղօթքը որոշիչ եղաւ որպէսզի անոր աչքերը բացուին։ Աղօթքը արդարեւ կը կանխէ փրկութիւնը ու մեզ կ՛ազատէ յուսալքումէն» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ապա խորհրդածութիւնը աւարտեց նշելով թէ «Աստուած Հայր է եւ կարեկից է մեզի։ Ան կ՛ուզէ որ իր զաւակները իր հետ խօսին առանց վախի։ Ասոր համար մենք անոր կարող ենք պատմել ամէն ինչ, նոյնիսկ այն բաները որոնք անհասկնալի են մեր կեանքին  մէջ։ Ան մեզի խոստացաւ թէ մեր հետ պիտի մնայ մինչեւ վերջ, մինչեւ այս երկրին վրայ ապրած մեր վերջին օրը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը ապա Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի պատկան ուխտաւորներուն զանազան լեզուներով ուղղեց ողջոյնի խօսքեր, հուսկ յատուկ խօսք ուղղեց   երիտասարդներուն,  հիւանդներուն ու նորապսակներուն, յիշեցնելով թէ այսօր կը յիշատակուի Կուատալուփի Տիրամօր Ծիսական տօնը։ «Թող Տիրամայրը մեզի ընկերանայ դէպի Ծնունդ, ու մեր մէջ վերազարթնէ իղձը՝ ուրախութեամբ ընկալելու Անոր Զաւկին՝ Յիսուսին լոյսը, որպսէզի զայն ցոլացնենք այս աշխարհի խաւարին մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2018, 10:14